Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Փոքր Քայլերով Մշակոյթ Սպաննել

*ԱԼԵՔՍ  ԱՇՃԵԱՆ*

Փոքր տարիքէս ընտանեօք սովորութիւն ունէինք, որ ամէն տարի  ամառուայ արձակուրդը անցնելու համար Հալէպ երթայինք ու մեր ազգականներու եւ բարեկամներու հետ հաճելի օրեր անցնէինք: Այս ճամբորդութիւններու ընթացքին սովորութիւն դարձած էր ինծի համար, տեսնել լիբանանեան-քրիստոնէական մշակոյթէ եւ ապրելակերպէ դուրս այլ մշակոյթ ու ապրելակերպ մը՝ արաբականը:

Ընդունելի երեւոյթներ էին ինծի համար տեսնել գլխաշորով տիկիններ եւ կամ արաբական պարեգօտ հագած տղամարդիկ: Այս երեւոյթները ոչ մէկ ձեւով խորթ կը թուէին ինծի: Սակայն այս բոլորը ինծի ընդունելի մնացին՝ մինչեւ որ Սուրիոյ պատերազմը սկսաւ եւ սուրիացի գաղթականները ներխուժեցին Լիբանան: Յանկարծ լիբանանեան թաղամասերը լեցուեցան գլխաշորով ծածկուած տիկիններով:

Լիբանան, մանաւանդ այսպէս կոչուած «արեւելեան կողմ»ը, երբեք չէր տեսած արաբական պարեգօտով մարդիկ : Այդ ալ տեսնելու սկսաւ: Ոչ միայն իրենց հանդերձներով, այլեւ ուրիշ սովորութիւններով ալ ծածկեցին մեր միջավայրը: Վաճառատուն մը կ’ըլլաս, յանկարծ անծանօթ մը ներս կը մտնէ եւ տեսնելով հանդերձ, որ ներկաներ հայ կամ լիբանանցի են, արաբական բարեւով «սալամու ալէյքոմ» կ’ըսէ: Ով ըսած է այս մարդուն, որ մենք պատրաստ ենք ընդունելու իր օտարոտի բարեւը: Արդեօք կարելի չէ պարզ « մարհապ « մը ըսել: Իրենք լաւ գիտեն , թէ ինչպէս պաշտպանեն իրենց կրօնական եւ ազգային մշակոյթը : Այլամերժութիւնը այն գլխաւոր միջոցներէն  , եւ  եթէ արտօնէք , զէնքերէն մէկն  է , որով   իրենք իրենց ազգային եւ կրօնական մշակոյթը կը պաշտպանեն: Իսկ ինչ կը վերաբերի այլոց մշակոյթը ոտնակոխ ընելուն, այդ ալ ուրիշ ձեւ մըն է մշակոյթ պաշտպանելու:

Բաւական է, որ  միայն իրենց ներկայութեամբ՝ հագուածքով եւ բարեւով, կամաց-կամաց յեղաշրջեն լիբանանեան պատկանելիութեան ինքնութիւնը՝ մանաւանդ քրիստոնէականը: Արդեօք եթէ զբօսաշրջիկ մը այցելէ Լիբանան կրնա՞յ գիտնալ, թէ այս երկիրին մէջ քրիստոնեաներ կը բնակին:

Երէկ Ժտէյտէյի հրապարակին մօտէն կ’անցնէի եւ ի՞նչ տեսնեմ.  հրապարակին ժամացոյցին շուրջ գտնուող ափ մը կանաչ տարածքին վրայ նստած եւ պառկած սէյրան կ’ընեն անոնք, միջավայրին մէջ անհաճոյ երեւոյթ մը ստեղծելով:

Կը յարգեմ բոլոր ազգերու կրօններն ու սովորութիւնները՝ երբ անոնք իրենց հարազատ բնավայրին մէջ կը գտնուին: Եւ կը փափաքիմ, որ իրենք ալ իրենց կարգին յարգեն իմինը: Հիւրը պարտի յարգել եւ պատշաճիլ իր հիւրընկալին սովորութիւններուն ու ապրելակերպին: Իսկապէս չեմ գիտեր ինչպէ՞ս որակեմ այս մարդոց ըրածը՝ տգիտութիւն թէ՞ դիտումնաւոր կերպով փոքր քայլերով մշակոյթի սպանութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին