Մեր թուականէն 140 տարիներ առաջ՝ 8 Մարտ 1876ին ծնած է ականաւոր հայ լեզուաբան եւ բառարանագիր ակադեմիկոս Հրաչեայ Յակոբ Աճառեան: Ան յայտնի եղած է իր բառարանագրութեան եւ գիտական աշխատութիւններով՝ նուիրուած հայոց լեզուի պատմութեան, բարբառաբանութեան, բառագիտութեան վերաբերեալ եւ այլ աշխատութիւններով։
Հրաչեայ Աճառեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս, կօշկակարի ընտանիքի մէջ։ Սորված է նախ իր ծննդավայրի Կեդրոնական վարժարանը, յետոյ մեկնած է Փարիզ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու Սորպոնի համալսարանը։ Աւարտելով մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը՝ 1898ին կու գայ Անդրկովկաս եւ կը նուիրուի ուսուցչութեան ու գիտական աշխատանքներու։
Ան երկար տարիներ ուսուցչութիւն ըրած է Էջմիածինի, Շուշիի, Թաւրիզի, Նոր Նախիջեւանի, Կարինի եւ այլ վայրերու մէջ։ Կարինի մէջ Աճառեան կազմած է Սանասարեան վարժարանի ձեռագիրներու ցուցակը՝ կորուստէ փրկելով հայ մշակոյթի որոշ արժէքներ։
Հրաչեայ Աճառեան շրջած է պատմական Հայաստանի շատ վայրեր, ուսումնասիրած է մագաղաթներ եւ յուշարձաններ՝ յատկապէս խորանալով շարք մը բարբառներու հետազօտութեան մեջ ու զանազան նիւթեր հաւաքած է հայագիտութեան տարբեր ճիւղերու համար։ Գաւառական ուսուցիչի թափառական դրութիւնը Աճառեանին թոյլ չէ տուած հրապարակելու իր կարեւոր աշխատութիւնները։
Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ, Հրաչեայ Աճառեան կը նշանակուի Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս ու ամբողջութեամբ կը նուիրուի գիտական եւ մանկավարժական աշխատանքներու։ Այդ շրջանին լոյս կ’ընծայուին իր բազմաթիւ գիտական աշխատութիւնները։ Աճառեան կեանքի վերջին տարիներուն կը նուիրուի՝ «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» մեծածաւալ աշխատութեան ամբողջացման աշխատանքին, որ կազմուած է 12 հատորներէ, ուր կը քննարկուին հայոց լեզուի քերականութիւնը եւ պատմական զարգացումը։ Նաեւ ուշագրաւ է իր «Հայերէն Արմատական Բառարան»ը, ուր հայերէն բառերը կը ներկայացնէ 562 լեզուներու համեմատութեամբ։
Հրաչեայ Աճառեանին 1935ին շնորհուած է Գիտական վաստակաւոր գործիչի կոչում, իսկ 1943ին ան ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ։
Հրաչեայ Աճառեան մահացած է Երեւան 16 Ապրիլ 1953ին: