Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Թող Տուէք Քնանամ

                                                   *ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Կ’ըսեն թէ բռնապետական վարչակարգերու բանտերուն մէջ բանտարկեալները չարչարելու ամենադիւրին եւ ամենաազդու միջոցներէն մէկը, բանտարկեալը անքուն պահելն է: Երբ անձ մը անքուն մնայ, պատրաստ կ’ըլլայ ամբողջ աշխարհը ծախելու, ժամ մը հանգիստ քնանլու փոխարէն:

Դեղագործ բարեկամի մը հարցուցի՝ «ամենաշատ ի՞նչ տեսակի դեղորայք կը վաճառուի  մօտդ»: «Քնաբեր դեղահատեր», անմիջապէս եւ առանց տատամսելու պատասխանեց ան: Մարդիկ իրենց քունը կորսնցուցած են: Ինչո՞ւ արդեօք:

 

  • Ձմերուկն ու սեխը քնանալով կը մեծնան, արթնցիր այլեւս, գնայ հաց բեր, փոքրերը դպրոց պիտի ճամբեմ եւ ուտելու հաց չկայ:
  • Օրը չսկսած տրտունջն ու գանգատը սկսաւ: Մէկ ժամ չեղաւ քնանալուս այ կնիկ: Տղադ ինչո՞ւ չերթար, ղրկէ զինք թող երթայ նպարավաճառ Պետրոսի քովէն հաց բերէ:
  • Երէկ յարգելի պարոն Պետրոսը, տղուդ իր խանութիւն առջեւէն անցած ժամանակ, կանջած է զինք եւ լաւ մը յանդիմանած է ըսելով ՝ գնա հօրդ ըսէ , մեր մօտ իր հաշիւը մեծցաւ: Բան մը պիտի չտամ, մինչեւ հաշիւը կիսով չնուազի:
  • Ինչ կայ եղեր այ մարդ, ընդամէնը երկու միլիոն ոսկի է, ասոր համար մարդ կը բարկանա՞յ:
  • Տղադ ալ այդպէս ըսեր է իրէն: Ան ալ պատասխաներ է ծիծաղելով ՝ եթէ երկու միլոնը բան մը չէ, ուրեմն ըսէ հօրդ լման հաշիւը թող փակէ:
  • Տէր ողորմեայ, Տէր ողորմեայ, առտու կանուխ… մեղայ Տէր…։

Ի վերջոյ փոքրերը անօթի դպրոց կ’երթան, ինքն ալ տիկնոջ հետ պոռալ-կանչել «նախաճաշելէ» ետք գործի կ’երթայ:

Այս օրուան առաջին հանգրուանն է:

Խանութ կը հասնի, տակաւին դուրը չբացած խանութին տէրը օձիքէն կը բռնէ.

  • Օ՜ պարոն Նազար, այս ինչ լաւ անակնկալ է: Հիմա օրս լաւ պիտի անցնի, հրամմեցէք գաւաթ մը սուրճ խմենք:
  • Շողոքորթութեան պէտքը չկայ, ե՞րբ պիտի տաս խանութին վարձքը:
  • Պարոն Նազար, պարոն Նազար… ինչու պիտի փախչի՞նք:
  • Այդ պակաս էր: Հոս նայէ, շաբաթ մը եւս, վերջին պայմանաժամ. եթէ չվճարես ոչ միայն խանութէն պիտի վռնտեմ քեզի, այլ դատ պիտի պիտի բանամ դէմդ, որպէսզի կարենամ լման իմ իրաւունքներս ազատել ձեռքէդ:
  • Պէտք չկայ պարոն Նազար. տարիներէ ի վեր իրար կը ճանչնանք, ամօթ կ’ըլլայ:
  • Ամօթը քեզի նման անամօթները կրնան ընել. ասոր-անոր ամօթ չըսած, մարդոց իրաւունքներ տուր: Այս ըսելով խանութին տէրը կը հեռանայ մեր խեղճին քովէն:

Այս ալ օրուան առաջին հանգրուանին երկրորդ մասն է:

Կէսօր կ’ըլլայ եւ վերջապէս յաճախորդ մը կը մտնէ ներս:

  • Բարեւ վարպետ:
  • Աստուծոյ բարին:
  • Տղուս սենեակին պահարան մը կ’ուզեմ:
  • Շիտակ հասցէին եկած ես, չափերը ունի՞ս:
  • Այո, տղաս թուղթի մը վրայ բաներ մը գրեց եւ տուաւ ինծի…։
  • Նայիմ անգամ մը… Օ՜ շատ պարզ է:
  • Կրնա՞ս շինել:
  • Կրնաս ինչ ըսել է, մեր գործն է:
  • Շատ լաւ, երբ կը վերջանայ:
  • Մէկ շաբաթէն:
  • Ինձմէ քեզի երկու շաբաթ, բայց ճիշդ ատենին կ’ուզեմ:
  • Գործս դիւրացուցիր. որովհետեւ ժամանակս լայն է, քեզի տոկուն որակի ապրանք մը պիտի տամ, մինչեւ կեանքիդ վերջը պիտի դիմանայ հետդ:
  • Շատ լաւ, մեր ուզածն ալ այդ է, որքա՞ն գումարի պիտի նայի մեզի:
  • Վայրկեան մը, չափերէն վստահ ըլլամ… ուրեմն… $300:
  • Ինձմէ քեզի $350, հրամմեցէք:
  • Շատ ազնիւ էք:
  • Ուրեմն երկու շաբաթ ետք կը վերադառնամ:

–   Բարի եկաք, հազար բարի :

  • Տակաւին գումարը գրպանը չդրած, խանութիւն տէրը սնդիկի պէս ներս կը սահի եւ դրամը ձեռքէն առնելով գրպանը կը դնէ:
  • Ի՞նչ կ’ընես պարոն Նազար:
  • Այս գումարին նման չորս հատ դեռ պարտական ես ինծի: Այսպիսով պարտքիդ 1/5րդը տուած կ’ըլլաս:
  • Բայց մարդուն ապսպրանքը պիտի չկարենամ շինել:
  • Գործս չէ, ես գացի:

Օրուան երկրորդ հանգրուանը:

Ուրիշ յաճախորդ սպասելու յոյսերը մառելէ ետք, խեղճ մարդը խանութը կը գոցէ եւ տուն կ’երթայ:

  • Հաւկիթ բերի՞ր:
  • Բարի իրիկուն կ’ըսեն:
  • Բարի իրիկուն, հաւկիթ բերի՞ր:
  • Աստուծոյ բարի, ոչ:
  • Ի՞նչ պիտի ուտենք:
  • Հացին մէջ քիչ մը լոլիկի ջուր քսէ, վրան աղուոր մը անանուխ դիր, քիչ մըն ալ ձէթ… օ՜, ինչ համով կ’ըլլայ:
  • Հաց ուրկէ՞ բերեմ:
  • Դրացիէն, ի՞նչ պիտի ըլլայ:
  • Այսինքն մարդոցմէ միայն իրենց սառնարանը չուզեցինք դեռ:
  • Մի չափազանցեր այ կնիկ, մէկ հացով պիտի չաղքատանան:
  • Նայինք վերջը ուր պիտի հասնի:

Յանկարծ տան զանգը կը հնչէ: Տիկինը դուռը կը բանայ եւ դիմացը կը գտնէ օտար մարդ մը:

  • Հրամմեցէք…։
  • Վարպետը հո՞ս է:

Վարպետը ներսէն ձայնը կը ճանչնայ:

  • Այո ներս հրամմեցէք: Երկու շաբաթ չեղաւ տակաւին:
  • Անշուշտ ոչ, տղաս ուրիշէ մը գներ է պահարանը. եկայ ըսելու, որ այլեւս չեմ ուզեր իմ ապսպրած պահարանս:
  • Է՜, ին՞չ պիտի ընենք:
  • Հաճեցէք գումարը ետ վերադարձնել, որ երթամ:
  • Գումարը ըսիր… բայց խանութն է դրամը, վաղը հանդիպեցէք որպէսզի տամ:
  • Լաւ, վաղը կու գամ:

Օրուան երրորդ հանգրուանը:

Ի վերջոյ ժամը կու գայ քնանալու: Մինչեւ առտու մահճակալին մէջ կը տապլտկի եւ միայն արշալոյսի առաջին շողերուն հետ կարելի կ’ըլլայ աչքերը փակել:

  • Ձմերուկն ու սեխը քնանալով կը մեծնան, արթնցիր…։

Կրկին կը սկսի օրուան առաջին հանգրուանը:

Արդեօք այս մարդը ինչո՞ւ չկրցաւ քնանալ:

Ծանօթ. Այս խեղճ մարդը քնաբեր դեղահատի գումարն ալ չունի:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին