Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Թատրոնը Ընկերային Եւ Մարդկային Հարցերու Արծարծման Բեմ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մինչ կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, ուր Հայկական ամէն բնագաւառի մէջ մեծերը յաւերժ կը բաժնուին մեզմէ՝ մեծ բաց մը ձգելով իրենց ետին, սփոփեցուցիչ էր շաբաթավերջին ներկայ գտնուիլ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Վահրամ Փափազեան թատերախումբի նորագոյն ներկայացումին:

Յատկանաշական էր Վարդան Մկրտիչեանի «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» գործին ներկայացումէն առաջ, յոտնկայս յարգել թատերախումբի հիմնադիր սիւներէն՝ Հայ թէ Արաբ բեմի մեծ վարպետ Պերճ Ֆազլեանի յիշատակը, անկէ ետք ականատեսը ըլլալու համար բեմադրութեան մը, որուն դերասանները գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանէին երիտասարդ եւ խոստմնալից սերունդի մը, որոնք կարծէք ուխտած են քալել մեծ վարպետին քայլերով՝ գոցելով անոր մեկնումէն յառաջացած բացը:

Այս սիւնակով թատրերգութեան բեմականացման թղթակցութիւնը կամ անոր գնահատականն ու քննադատականը չէ, որ կ՛ընեմ անշուշտ: Մեր թերթը այսօր անոր տրամադրած է արդար բաժին մը իր մշակութային սիւնակին մէջ:  Հետեւաբար վերի միտքով բաւարարուելով, ինծի կը մնայ յուշել նաեւ մէկ բան: Թատրերգութեան հեղինակը իրեն յատուկ ոճով կրցած էր՝ բաւական յաջող հանգոյցներով կատակերգութիւն մը հրամցնել հանրութեան, չմոռնալով անոր մէջ ընգրկել ընկերային եւ մարդկային շատ կարեւոր հարց մը՝ Որդեգրութիւնը: Հեղինակը յստակ պատգամ մը ունէր, որն էր քաջալերել որդեգրութիւնը ի պահանջեալ հարկին:

Հակառակ այն իրողութեան, որ այս կարեւոր կէտը համեմատաբար արագ անցաւ թատրերգութեան աւարտին, սակայն հեղինակը փորձեց փոխանցել իր անժամանցելի պատգամը. երբ բնութեան մաս կազմող երեւոյթ մը՝ ինչպիսին է ամլութիւնը մեր ընկերութեան մէջ անծայրածիր խնդիրներու դուռ կը բանայ, տուեալ անձիքը դարձնելով անուրախ, հոգեպէս ընկճուած կամ նոյնիսկ անբարոյականութիւն գործելու փորձութեան ենթակայ, ապա ինչո՞ւ չդիմել որդեգրութեան, որ այնքան մարդկային է, ազնիւ ու աստուածահաճոյ…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին