Փախստականներու ճգնաժամը արդէն շատոնց ամբողջ աշխարհի եւ մասնաւորաբար Եւրոպայի մէջ դարձած է լայն քննարկման առարկայ: Ու մինչ եւրոպական երկիրները կը համաձայնին առաջ տանիլ եւրոպական արժէքներն ու սկզբունքները, համերաշխութեան ուղղուած գործողութիւններու թիւը կը նուազի: Միեւնոյն ժամանակ շատերուն համար անծանօթ Հայաստանը, որ ունի 3 միլիոն բնակիչ, կ՛ողջունէ փախստականները, որոնք կը փախչին պատերազմէն եւ բռնութիւններէն: Ըստ «Արմէնփրես»ի այս խնդիրին The Huffington Post-ի մէջ անդրադարձած են Լունա Ադամեանն ու Հայկարամ Նահապետեանը:
Համաձայն ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցով գործակալութեան (UNHCR) տուեալներուն` սուրիական հակամարտութեան ամենասկիզբէն մինչեւ այսօր Հայաստան տեղափոխուած են 17 հազար սուրիացիներ:
«Սուրիացի փախստականներու հոսքը յիշեցուցած է հայերուն սեփական ողբերգական պատմութիւնը, որ նաեւ ցոյց կու տայ այս երկիրի բարոյական ու պատմական պարտքին մասին` բանալու դռներն ու ապահով վայր առաջարկելու անոնց, որոնք փախած են պատերազմէն եւ հետապնդումներէ: Անոնց մեծ մասը այն հայերու սերունդներն են, որոնք փրկուած էին 1915 թուականին օսմանեան թուրքերու կողմէ ծրագրուած Ցեղասպանութենէն եւ հաստատուած Սուրիոյ մէջ: Միւս փոքրամասնութիւնները` եզտիներն ու ասորիները եւս ապաստան գտան Հայաստան», կը նշեն հեղինակները:
Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի անյետաձգելի մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ` առաջարկելով հրատապ օգնութիւն եւ ընդելուզման նախագիծեր: Մասնաւորաբար կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ առողջապահական ապահովագրութիւն, կրթաթոշակներ, ապաստանի եւ քաղաքացիութեան տրամադրման դիւրացուած գործընթաց: Բացի այդ «Ընդունիր ընտանիք» նախագիծի ծիրէն ներս՝ փախստականները տեղական հայկական ընտանիքներու օգնութեամբ՝ կը փորձեն ընդելուզուիլ Հայաստանի ընկերային, իրաւական եւ մշակութային կեանքին:
Յօդուածին հեղինակները կը փաստեն, որ ի տարբերութիւն Սուրիոյ հարեւաններ Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան չէ ստացած ֆինանսական օգնութիւն, որմով պիտի իրականացնէր իր մարդասիրական օգնութիւնը: Անոնք կ՛ընդգծեն, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է Հայաստանին ֆինանսական օգնութիւն տրամադրէ, որպէսզի երկիրը կարենայ ընդունիլ եւ ընդելուզել փախստականները: