Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Պետական Արխիւներուն ՄԷջ Չէ Պահպանուած Հայկական «Ժամանակ» Թերթը

Օսմանահպատակ հայերուն կողմէ հրատարակուող ամենահին թերթերէն մէկը` «Ժամանակը», չէ պահպանուած այս երկիրի պետական արխիւներուն մէջ: Թրքական demokrathaber.com լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի (ԹԱՄԺ -TBMM) հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան, այս նիւթին վերաբերեալ հարցում մը ըրած է խորհդարանին:

Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը  (ԺԴԿ – CHP) ներկայացնող Տողան, իր հարցումը նախ ուղղած է Թուրքիոյ պետական արխիւներու տնօրէնութեան, բայց բացասական պատասխան ստանալէ յետոյ՝ հարցը վերահասցէաւորած է մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:

«Ակօս» թերթի տեղեկացմամբ հայ պատգամաւորը ընդգծած է, որ «Ժամանակ» թերթը հետազօտողներու համար տեղեկատուութեան կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր կրնայ հանդիսանալ:

«Ժամանակ»ը Թուրքիոյ մէջ առանց ընդմիջումներու հրատարակուած ամենահին թերթն է: Այս թերթը թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան, թէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան վկան է: Այս տեսակէտէն անվիճելի է նման թերթի` պետութեան կողմէ արխիւացման կարեւորութիւնը», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ նշած է Տողան:

Ան աւելցուցած է, որ իրենց հարցումին պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութենէն պատասխանած են, թէ «Ժամանակ» թերթը իրենց մօտ պահպանուած չէ, սակայն որպէս գրադարանային նիւթ անիկա կրնար պահպանուած ըլլալ ազգային գրադարանային վարչութեան արխիւներուն մէջ: Այդ պատճառով ալ այս անգամ նոյն հարցումը ուղղուած է մշակոյթի նախարարութեան:

«Ես մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասեմ տրուելիք պատասխանին: Հայկական հարցի վերաբերեալ ամէն առիթով «արխիւները բանանք» կարգախօսի միջոցով թեմայէն խուսանաւել փորձող այս քաղաքական ուժը, նախ եւ առաջ պիտի արխիւացնէ Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրած հայերու ամենահին թերթը», ըսած է Տողան:

Յիշեցնենք, որ հայկական «Ժամանակ» թերթը իր գործունէութիւնը սկսած է 1908-ին: Բացի հայ համայնքի կեանքը լուսաբանելէ` թերթը կ’անդրադառնար եւ կը լուսաբանէր նաեւ Օսմանեան պետութեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին