Զրոյցը Վարեց ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Հրաւէր ստացանք ներկայ գտնուելու հայ երիտասարդ ջութակահար եւ երաժշտահան Աւօ Տէմիրճեանի առաջին ձայնասկաւառակի հանրութեան ներկայացման հանդէսին, որ տեղի ունենցաւ Չորեքշաբթի, 2 Մարտի երեկոյեան ժամը վեցին, Art Lounge սրահին մէջ: Մեր հետաքրքրութիւնը շարժեց այս հրաւէրը, մանաւանդ որ Աւօ Տէմիրճեանի մասին գնահատական յօդուածներ կարդացած էինք, թէ ինչպէս ան շարք մը մրցանակներ շահած էր լիբանանեան մրցաշարքերու ընթացքին:
Ճշգրիտ ժամուն ներկայացանք սրահ, ուր Աւոն ինքզինք եւ իր ստեղծագործութիւնը պիտի ներկայացնէր՝ հայ թէ օտար լիբանանեան մամուլին ու լսատեսողական միջոցներուն: Առաջին տպաւորութիւնս եղաւ հանդիպման կազմակերպուածութիւնը: Դրան կից սեղանի մը ետին նստած էր օրիորդ մը, որ հրաւիրեալները կ’ընդունէր եւ ներկայացումի սրահ կ’առաջնորդէր: Սրահին մէջ կային այլ հիւրընկալ օրիորդներ, որոնք հրաւիրեալները կ’ընդունէին եւ կարգով զանոնք Աւոյին կը ներկայացնէին: Հասաւ մեր կարգը: Դիմացս գտայ ներկայանալի, վառվռուն եւ ազնիւ երիտասարդ մը: Աւոն առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց «Զարթօնք»ի ներկայութեամբ: Սիրով ընդունեց եւ ժպտուն դէմքով ու ազնուօրէն սկսաւ պատասխանել մեր հարցումներուն: «Կը ներէք» ըսաւ, «եթէ օտար բառեր խառնեմ խօսակցութեանս մէջ»: «Հոգ չէ, հայեցի հոգին ակնյայտ է միտքիդ եւ սիրտիդ մէջ» պատասխանեցինք:
ԱԱ- Լիբանանցի է՞ք:
ԱՏ- Այո:
ԱԱ- Ուրեմն մանկութիւնը Լիբանան անցուցած էք:
ԱՏ- Այո, մանկութեանս առաջին տարիներուն ես ալ ապրեցայ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքը: Կանուխ տարիքէս սակայն, փախչելով պատերազմի սարսափէն, ծնողքիս հետ փոխադրուեցայ Փարիզ, ուր առաջին անգամ ծանօթացայ ջութակ նուագարանին, երբ տակաւին հինգ տարեկան էի:
ԱԱ- Ուրեմն Փարիզ սկսաք ձեր ջութակ նուագելու առաջին փորձերը:
ԱՏ- Այո:
ԱԱ- Երկար մնացի՞ք Փարիզ:
ԱՏ- Ֆրանսա մնացինք մօտաւորապէս 9 տարիներ, որմէ ետք դարձեալ Լիբանան վերադարձանք:
ԱԱ- Վերադարձէն ետք ինչպէ՞ս ընթացաւ ձեր «բարեկամութիւնը» ջութակի հետ:
ԱՏ- Անշուշտ ուսումիս կողքին շարունակեցի նաեւ ջութակի դասընթացքները: Հոս էր, որ դասական ջութակէ փոխադրուեցայ դէպի ելեկտրային ջութակի:
ԱԱ- Անգլերէնը սահուն ըլլալով, կրնամ ենթադրել Միացեալ Նահանգներ ալ եղած էք:
ԱՏ- (միշտ մեղմ ժպիտով) Այո, Լիբանան ուսումս բոլորելէ ետք Պոստոն անցայ՝ իքոնոմաթրիքսի (economatrics) բարձրաստիճան վկայականը ստանալու: Աւարտելով վերադարձայ Լիբանան, ուր մնայուն կերպով կ’ապրիմ մինչեւ օրս:
ԱԱ- Իսկ ջութակի հետ ձեր ընթացքը՞:
ԱՏ- Անշուշտ շարունակեցի նուագել ելեկտրային ջութակ: Լիբանանեան նուագախումբերու հետ ելոյթներ ունեցանք, որոնց ընթացքին վարձատրուեցայ՝ որպէս լաւագոյն մենակատար նուագողի մրցանակով:
ԱԱ- Ուրեմն առաջին հերթին նուագախումբերու հետ սկսաք նուագել:
ԱՏ- Այո, բայց ներկայ ձայնասկաւառակս իմ անձնական նախաձեռնութեամբ եւ մենակատարութեամբ է:
ԱԱ– Ձեր առաջի՞նը…։
ԱՏ- Այո:
Յաջողութիւն մաղթելով պահ մը հեռացայ, կարգը տալով այլ լրագրողներու, որոնք անհամբեր կը սպասէին Աւոյին հետ զրուցելու:
Պահը եկաւ, երբ Աւոն պիտի ներկայացնէր իր ձայնասկաւառակը: Շնորհակալութեան խօսքէն ետք ներկայացուց՝ ձայնասկաւառակի կտորներէն «Ես Աստուածային Եմ» (I Am Divine) վիտէոերիզը: Սքանչելի երաժշտութիւն, բարձրորակ նկարահանում: Ապա ինք բեմ բարձրացաւ բացատրելու, թէ ինչպէս մենակատարութեամբ տարբեր նուագարաններ կրնայ միաժամանակ նուագել: Նաեւ խօսքին մէջ իր կենսագրականը ներկայացուց ներկաներուն: Ան մեզի յայտնած տեղեկութիւններու կողքին յիշեց իր գալիք ելոյթի մասին, որ պիտի ներկայացուի ՀԲԸՄի Տէմիրճեան կեդրոնին մէջ: Այս ըսելով նաեւ ջատագովեց՝ ՀԲԸՄի տարած գործունէութիւնները Լիբանանի եւ աշխարհի չորս կողմը տարածուած հայոց մէջ:
Ապա երկրորդ վիտէոերիզը ներկայացնելով երեկոն աւարտեց:
«Հրամմեցէք» ըսաւ Աւոն, «հիւրասիրութիւն մը պատրաստած ենք ձեզի համար, միեւնոյն ժամանակ կրնաք մօտենալ եւ ձեր հարցումները հարցնել»: Երաժշտութենէ հմայուած նոր հարցումներ ծագած էին միտքիս մէջ: Մօտեցայ Աւոյին եւ հարցուցի.
ԱԱ- Երաժշտութիւնդ շատ գեղեցիկ է, հմայեց զիս, կարծես իր մէջ հոգեւորութիւն (spirituality) կը պարունակէ: Ինչպէ՞ս կը ստեղծես երաժշտութիւնդ:
ԱՏ- Իմ ներաշխարհս է, որ կը փորձեմ ներկայացնել: Ձայնասկաւառակս կը խօսի մարդկային կեանքի տարբեր հանգրուաններու մասին: Այդ պատճառով Episode (Հանգրուան) կոչեցի զայն: Օրինակի համար՝ ես հայրս շատ կը սիրեմ եւ այդ պատճառով միշտ վախ կայ սիրտիս մէջ, որ զինք պիտի կորսնցնեմ օր մը. «Յուղարկաւորութիւն» (Funeral) կտորին մէջ իմ այդ մտավախութիւնս է, որ կը յայտնեմ:
ԱԱ- Հոյակապ է, ուրեմն ե՞րբ պիտի տեսնենք քեզ բեմի վրայ:
ԱՏ- Ապրիլ 15ին, ՀԲԸՄի Տէմիրճեան կեդրոնը:
Ի տեսութիւն Աւօ մինչեւ Ապրիլ 15: