Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Յարութիւն Ս. Նաշալեան

Յարութիւն Ս. Նաշալեան ծնած է 1878ի Ապրիլ 15ին, Զատկի ճրագալոյցին, Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքին մէջ: Նախ ուսած է թաղի Ս. Ստեփանոսի Նախակրթարանը, Կեդր. Վարժարանը, Աքատեմեայի Բարձր Վարժարանը եւ ապա Տարսոնի Սէյնթ Փօլզ Գոլէճը եւ անկէ շրջանաւարտ եղած է 1902 թուին:

Ան շուրջ քառասուն տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարած է Մարաշ, Քիլիս, Այնթապ եւ երկու տարի Տարսոնի ամերիկեան գոլէճին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընտանեօք երեք անգամ տեղէ տեղ տարագրուած է, չորս անգամ բարբարոս թուրքին դանակէն մազապուրծ ճողոպրած, շատ մը վերապրող հայերու նման ինքն ալ քամած է դառնութեան բաժակը մինչեւ մրուրը՝ իբր նժդեհ  տառապելով տարագրութեան եւ աքսորի ուղիներուն վրայ, աւուր հացի եւ ջուրի կարօտ:

Ա. Ընդհանուր պատերազմէն վերջ՝ ընտանեօք վերադարձած է Այնթապ: Հայերու բնաջնջման նպատակաւ քեմալական հորդաներու յարձակման շրջանին, ֆրանսական ուժերու կողքին՝ հայերու ինքնապաշտպանութեան գոյամարտին Յարութիւն Ս. Նաշալեան ստանձնած է երկու պաշտօններ. նախ լսարանական յանձնախումբին անդամակցած է եւ երկրորդ՝ ստանձնած է հրշէջ զինուորական գումարտակի մը առաջնութիւնը, թշնամիին առաջ բերած հրդեհները մարելու համար:

Յարութիւն Ս. Նաշալեան Ա. Համաշխարհային պատերազմէն վերջ, երկու տարիներ պաշտօնավարած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Տէօրթ Եօլի Քէլէկեան –Սիսուան որբանոցներուն եւ նոյնպէս ութը տարիներ Այնթապի եւ Անթիլիասի ամերիկեան նպաստամատոյցի որբանոցներուն մէջ:

Յարութիւն Ս. Նաշալեան 1927էն սկսեալ Պէյրութի Հայ Աւետ. Նախակրթարանին, Հայֆայի Ազգ. Վարժարանին, Պէյրութի Ս. Նշան նախակրթարանին եւ Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ նախակրթարանին մէջ ուսուցչական պաշտօններ վարելով, բազմաթիւ աշակերտներ ասպարէզ իջեցուցած է: Ան Պէյրութ եւ Դամասկոս թաղական ժողովներուն մէջ պաշտօններ վարած ու միշտ օգտակար եղած է  իր անխոնջ գործունէութեամբ:

Յարութիւն Ս. Նաշալեան իբր դաստիարակ ուսուցիչ եւ գործօն մէկ անդամը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, առ ի գնահատանք ազգային եւ կրթական մարզին մէջ իր երկար տարիներու անխոնջ գործունէութեան՝ ստացած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Վեթերան Անդամի վկայական 15 Յունուար 1950 թուին, տրուած Լիբանան-Սուրիոյ Շրջանային կեդր. Վարչութեան կողմէ, Դամասկոսի Կիլիկեան Ակումբի ինը վեթերան ակումբներու շարքին:

Յարութիւն Ս. Նաշալեան 1943ին ուսուցչական ասպարէզէն հրաժարելով, ինքզինք նուիրած է գրականութեան: Իր նախասիրած գրական ճիւղը եղած է զաւեշտ եւ երգիծանք:  Ունի լոյս տեսած երկու հատորներ՝ 1.-«Հայկական Օտար Բարոյական Զուարճալիքներ», 320 էջէ աւելի ժողովրդային զուարճալիքներու հաւաքածոյ մը:           2.- Նոյնպէս « Ժողովրդային Աւանդավէպեր եւ Իրավէպեր», նոյն ծաւալով 330 էջ: Երկու գիրքերն ալ ամէն հայ ընտանիքի անդամներուն օգտակար գիրքեր են:

Անտիպ երկերն են հետեւեալները.-

1.- Լուսոյ Շաւիղէն՝ հոգեւոր քարոզներ:

2.- ժողովրդային առածներ, ասացուածքներ, խրատականներ եւ օգտակար              ասուլիսներ:

3.- Մանկապարտէզի երգեր, արտասանութիւններ եւ տրամախօսութիւններ:

4.- Ինքնակենսագրութեան  Յուշերս:

5.- Ժամանակակից հայ խաչագողները:

 

Այնթէպի  Պատմագիրք
Բ հատոր, էջ 652

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին