Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110-րդ Տարեդարձի Սեմին (1906-2016)

*ԵՆՈՎՔ  ՊԱԼԻԿԵԱՆ*

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը 110 տարիներու ընթացքին անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պահպանման ու Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման համար: Ներկայ ժամանակներու դժուարին պայմաններու-պահանջքներու ճնշումին տակ կը յուսանք, որ մեր ազնուասիրտ ժողովուրդը իր անվերապահ նեցուկ-օժանդակութիւնը չզլանայ մեր մեծ Միութեան՝ որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել գալիք բոլոր մարտահրաւէրները, ինքնավստահօրէն շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին, ի մասնաւորի երիտասարդութեան հզօրացման դարեր շարունակ:

«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը վաղանցիկ կառոյց մը չէ, պայմանաւորուած անձերով կամ հատուածային տեսակէտներով. անիկա աւելի վսեմ մարմնացումն է ազգային գերագոյն ծառայութեանբ զտուած, բիւրեղացած-սահմանուած գոյատեւելու»։

Տեղին է յիշել, թէ նախագահ Պերճ Սեդրակեան խոհուն իմաստութեամբ, ճարտարօրէն կը շարունակէ՝ նախագահներ Պօղոս Նուպարի եւ Ալեք Մանուկեանի սրբազան առաքելութիւնը:

ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան նպատակն էր «Հայ ժողովուրդի, մասնաւորաբար արեւմտահայութեան կարիքներուն բաւարարումը, Հայաստանի (Տաճկահայաստանի) ազատագրումը թրքական տիրապետութենէն»։ Նախագահ Սեդրակեան «Դար մը Պատմութիւն ՀԲԸ Միութեան» գիրքի նախաբանին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Միութեան կանոնագիրը կը նախատեսէր ստեղծումը անձեռնմխելի դրամագլուխի մը՝ կազմուած ստոյգ նպատակի համար կատարուած նուիրատուութիւններէ, որոնց վրայ պիտի աւելնային անդամավճարներ եւ այլ մուտքեր»։

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան արդարացիօրէն կը շեշտէ, թէ արտասահմանի մէջ կազմակերպութեան մը յաջողութիւնը եւ բարգաւաճումը կ՛ապահովուի իր նիւթականով ու անդամներով։ Անդամներն են որոնք կ՛արժեւորեն, կ՛իմաստաւորեն միութեան մը գոյութեան իմաստը: ՀԲԸ Միութեան կանոնագիրի յօդուած IIIը կը վերաբերի անդամակցութեան, որ հիմնական-կարեւորագոյն առաջին երեք հատուածներէն մէկն է: Առաջինը՝ ըլլալով Միութեան անունը, երկրորդը՝ Նպատակը, իսկ երրորդը՝ Անդամակցութիւնը: Այստեղ անհրաճեշտ է ի մտի ունենալ այն ասացուածքը, թէ «Առանց զինուորի բանակ կարելի չէ ունենալ»։

Ի միջի այլոց հարկ է շեշտել, թէ յետ Եղեռնի «արեւմտահայութիւն» կը նշանակէ արտասահման, որ կը պարփակէ այսօրուան անկախ Հայաստանէն դուրս գտնուող գաղութները՝ ներառեալ Ռուսաստանը:

Ներկայ պայմաններով հայրենի կառավարութեան պարտաւորութիւնն է ապահովել՝ հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճումն ու գոյատեւումը: ՀԲԸ Միութեան, Հայ եկեղեցւոյ,  ազգային կազմակերպութիւններուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է՝ արտասահմանի մէջ ապահովել ազգապահպանումը իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, մշակութային, ընկերային ձեռնարկներով, ինչպէս նաեւ մարզական, սկաուտական-երիտասարդական արդիական գործունէութիւններով: Քաղաքակիրթ երկիրներ միլիառներ կը ծախսեն՝ վերոյիշեալ գործունէութիւններով դաստիարակելու համար նոր սերունդները: Անհրաժեշտ է, որ մենք ալ միջակութենէ բարձրանանք, որպէսզի արդիական միջոցներով եւ գործելակերպով կարենանք դաստիարակել, խանդավառել եւ հրապուրել մեր նոր սերունդները՝ պահպանելու համար մեր մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, կերտելով անոնց մէջ ազգային ինքնութեան հպարտ գիտակցութիւնը:

Նախագահ Սեդրակեան կը յայտարարէ հետեւեալը. «Անհրաժեշտ է, որ ուսումնասիրուին նպատակասլաց ծրագիրներ եւ գործադրուին բարձրորակ յայտագիրներ, որոնք կ՛ամրապնդեն կապը՝ օտար երկնակամարներու տակ հասակ նետող սերունդներուն եւ անոնց հայրենաբնակ սերնդակից հարազատներուն միջեւ, ինչպէս ՀԲԸՄի հայկական համացանցային համալսարանը, ասպարէզային միջազգային ծրագիրները եւ այլն:

Հայրենիքը՝ իբր անկախ պետականութիւն, պէտք է գործնականապէս զօրավիգ կանգնի արտասահմանի իր հայրենակիցներուն, եթէ կ՛ակնկալէ, որ գալիք սերունդներն ալ օժանդակեն Հայրենիքի բարգաւաճման:

Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, ՀԲԸ Միութիւնը հիմնուած է 1906ին արտասահմանի մէջ, Եգիպտոս: Իր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը եղած է ծառայել արտասահմանի գաղութներուն՝ որպէսզի գաղութներն ալ իրենց կարգին, մեր Միութեան նման, կարելի եղած չափով օգտակար դառնան հայրենի ժողովուրդին եւ օժանդակեն Հայրենիքի բարգաւաճման՝ քանզի զօրաւոր արտասահմանը գրաւականն է Հայրենիքի հզօրացման:

Պատմութեան առջեւ պատասխանատու պիտի ըլլանք, եթէ անտեսենք արտասահմանի կարեւորութիւնը: Նաեւ կարելի չէ մոռնալ արտասահման ապրող նոր սերունդները, եթէ կը սիրենք եւ կ՛ուզենք օգտակար ըլլալ Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման:

Արտասահմանի աւանդական կազմակերպութիւնները անհրաժեշտ է որ զօրանան, վասնզի անգնահատելի են անոնց ծառայութիւնները մեր ժողովուրդին: Անոնք դար մը ամբողջ անսակարկ նուիրումով կենսունակ պահեցին մեր գաղութները ու հայրենասիրութեամբ ներշնչեցին մեր բոլորը: Որեւէ աւանդական կազմակերպութեան տկարացումը խորապէս ցաւ պէտք է պատճառէ բոլորիս:

Մեծապէս փափաքելի եւ քաջալերիչ է տեսնել արտասահմանի ազնուական ու ազգասէր բարերարներ եւ մեծահարուստներ՝ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւններով զօրացնեն ազգային կազմակերպութիւնները, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին կարենան յաջողութեամբ նաւարկել ուծացումի փոթորկալի ովկիանոսին մէջ:

Կ՛ուզենք շեշտել, թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը կը պատկանի հայութեան անխտիր: Հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա կը յայտարարէ հետեւեալը. «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր զօրութիւնը կ՛որոնէ մեր ազգին բոլոր տարրերու միացումին մէջ, առանց կրօնական կամ կուսակցական խտիրի…»։

Յարգարժան նախագահ պրն. Պերճ Սեդրակեան, այժմ ժամանակն է, որ ՀԲԸ Միութիւնը Հայաստանի մէջ ունենայ իր մասնաճիւղերը՝ կիրարկելով Միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որդեգրելով միութեանս գործելակերպը եւ յայտնաբերելով հայրենաբնակ բարերարներ, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին նպաստեն Հայրենիքի մարդասիրական ծրագիրներուն: Թելադրելի է հայրենի մասնաճիւղերէն եւս ունենալ ազգանուէր ու արժանաւոր ներկայացուցիչներ Կեդրոնական վարչութեան մէջ: Այս գաղափարին գործադրութիւնը ձեր նախագահութեան շրջանին՝ պատմական կարեւոր իրագործում մը պիտի նկատուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 110րդ տարեդարձին առիթով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին