Հրանդ Տինք Հիմնարկի շարունակուող նախագիծերէն է, Թուրքիոյ տարածքին մշակութային ժառանգ համարուած շինութիւններու արձանագրութիւնը։ Աշխատութիւնը կը նախատեսէ բովանդակ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող ոչ իսլամներու պատկանած հասարակական շինութիւնները։ Այս լայնատարած աշխատանքի առաջին դաշտային ուսումնասիրութիւնը ուղղուած էր Կեսարիոյ։
Արդարեւ Կեսարիոյ հայապատկան եւ յունապատկան եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ այլ հասարակապատկան շինութիւններու մասին գիտելիքները հաւաքուեցան հատորի մը մէջ։ Գիրքի հրատարակութեան զուգահեռ ասուլիս մըն ալ կայացաւ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ, կը հաղորդէ «Ակօս» պարբերականը։
Ամբողջ Երկուշաբթի օրը գոյատեւող ասուլիսը կը բաղկանար երեք նիստերէ։ Առաջին երկու նիստերուն ատենախօսները զեկուցեցին՝ Պալքանեան երկիրներու մէջ նման բնոյթով աշխատութիւններու մասին։ «Մշակութային Ժառանգը Առանց Սահմանի» կազմակերպութեան աշխատակազմէն Ելէնա Փէյքովիչ՝ «Արեւելեան Սերպիոյ մէջ շրջանային վերակառուցման ճամբարները եւ գինիի մառաններու պահապանումը», Միրեան Պլաճի՝ «Մշակութային ժառանգի կանոնները եւ ուսման տարբեր մերձեցումներ» եւ Լէյլա Հաճիճ՝ «Պատմական շինութիւններու պահպանման գործընթացի կրթական նպատակով օգտագործումը» նիւթերով ներկայացուցին իրենց զեկոյցները։ Այս բաժինի նիստավարն էր Լաքի Վինկաս։
Ռապիհա Հարմանշահի նիստավարութեամբ կայացող երկրորդ նիստին, Էլէնա Մամանի խօսեցաւ «Մշակութային ժառանգի պահպանման խնդիրին մէջ անխնամութիւնը եւ լքուածութիւնը», Վիշնիա Քիսիչ՝ «Մշակութային ժառանգի ծրագրման կանոնի վերլուծումը» եւ Ալեքսանդրա Քափէթանովիչ՝ «Մշակութային ժառանգի պահպանման մէջ հասարակական կազմակերպութեան նախագիծ» նիւթերով։
Ասուլիսի երրորդ նիստին, որ կը վարէր Կոնճա Պիւյուքմըխճը, Պանու Փէքօլ եւ Չաղլա Փարլաք զեկուցեցին «Անատոլուի մէջ ոչ իսլամներու կառուցած ճարտարապետական ժառանգի պահպանումը», Վահագն Քէշիշեան եւ Զէյնէփ Օղուզ «Կեսարիոյ մէջ հայ եւ յոյն մշակութային ժառանգութիւն» եւ Զաքարիա Միլտանօղլու՝ «Հայոց Պատրիարքարանի փաստաթուղթերու մէջ Կեսարիոյ դպրոցները եւ եկեղեցիները» խորագիրերով։