Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Իր Պառկած Տեղէն Կը Լսէ՞ Արդեօք Այն Ծափահարութիւնները Որոնք Կը Պայթէին Անոր Սարքած Իւրաքանչիւր Թատրոնի Աւարտին

   *ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ*

Պերճ Ֆազլեանն ալ մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Ան, որ ծնունդ առած էր Պոլսոյ կապոյտ երկինքին տակ, որ երկար տարիներ շնչած էր Գնալըի առողջ օդը, ան, որ օր մըն ալ սիրահարուած էր թատրոնի եւ Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ մեզի ձեռք տալով՝ ստեղծած էր թատերական շատ առողջ աւանդութիւն մը, այս աշխարհէն կը մեկնէր ահաւասիկ իր երկրորդ հայրենիքէն՝ Լիբանանէն, կամ ամբողջ հայաշխարհէն:

Երիտասարդական շրջանի իմ երեք ամէնէն մտերիմ ընկերներէս մէկը եղած էր ան այն օրերուն, երբ տակաւին թատրոնի գիւտը չէր ըրած: Երբ ըրաւ այդ գիւտը եւ այդ գիւտէն իր զգացած երջանկութիւնը փոխանցեց նաեւ ինծի, միասնաբար մեր շունչը առինք Մխիթարեան Սանուց Միութեան նորակառոյց շէնքի երդիկին տակ, ուր պահանջած էինք, որ թատրոնի բեմ մըն ալ կառուցուի սրահին մէջ: Այս բեմին վրայ է, որ Պերճ Ֆազլեանի բեմադրութեամբ ու դերակատարութեամբ բեմադրուեցան բազմաթիւ թատերախաղեր, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորն էր «Վոլփոնէ» թատերախաղը: Մեծ երազանքներ ունէր Ֆազլեանը եւ կ’ուզէր իր տաղանդը փաստել Շէյքսպիրեան ու Մոլիէռական բնագաւառներէն ներս: Այդ շրջանին արդէն թատրոնի «խենդ» մըն էր եւ իր խենդութեամբ կը վարակէր նաեւ մեզ:

Ռոպէր Հատտէճեան եւ Պերճ Ֆազլեան
Ռոպէր Հատտէճեան եւ Պերճ Ֆազլեան

Այսօր տխուր յիշողութիւններով աչքերուս առջեւ կը պատկերացնեմ այն խանդավառ օրերը, երբ ան ու ես, երկուքս գլուխ գլխի թատերական ինչ երազներ հիւսեցինք Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ: Ան շատ մեծ ազդեցութիւն գործեց իմ վրայ որպէս թատրոնի սիրահար, ես ալ կը կարծեմ թէ կարեւոր ազդեցութիւն գործեցի իր վրայ որպէս գրականութեան սիրահար: 1990ին ան Լիբանանէն ինծի ղրկեց Թորոս Թորանեանի կողմէ իր մասին գրուած գիրքէն օրինակ մը՝ «Պերճ Ֆազլեան կամ այսպէս կը նուիրուին թատրոնի» խորագրով: Այս գիրքին առաջին էջին վրայ իմ վաղեմի ընկերս՝ Պերճը, այսպէս մակագրած էր. «Իմ կեանքի հոլովման մէջ անմոռանալի յուշերով միշտ ներկայ արժէքաւոր ընկերոջս՝ Ռոպէր Հատտէճեանին, լաւագոյն մաղթանքներով»: Չեմ յիշեր թէ իրեն պատասխանեցի՞, որ ինք ալ իր կարգին իմ կեանքի հոլովման մէջ անմոռանալի յուշերով միշտ ներկայ եղած էր:

1951 թուականին երբ ես զինուորական իմ պարտականութիւնը կը կատարէի, Պերճ Ֆազլեան Թուրքիայէն հեռացաւ, Լիբանան գնաց ու կարճ ժամանակ վերջ հոն դերակատարութիւն մը ունեցաւ արաբական ժապաւէնի մը մէջ: Այս ժապաւէնով յանկարծ դարձաւ Լիբանանի ամէնէն նշանաւոր դերասաններէն մէկը ո՛չ միայն հայաշխարհէն, այլ նաեւ արաբական աշխարհէն ներս: Տարիներ վերջ այս անգամ իր բախտը փորձեց Մոնրէալի մէջ, ուր եւս թատերախումբեր հիմնեց ու հայերէն հեռատեսիլի համար յայտագիրներ պատրաստեց: Միշտ կատակով կը յիշեմ, որ անգամ մը Մոնրէալի մէջ զիս նկարահանման աշխատանոց տարաւ ու նկարահանեց կէս ժամուան հարցազրոյց մը: Երբ մեր հարցազրոյցը աւարտեցաւ՝ նշմարեց, որ մեքենային մէջ ժապաւէն դնել մոռցած էր: Շատ խնդացինք: Երկրորդ տեսակցութիւն մըն ալ արձանագրեցինք: Բայց վստահ էի, որ երկրորդը առաջինին չափ համով չէր: Միայն թէ հոն կը յիշենք այն օրերը, երբ իրարու հետ կը մէկտեղուէինք Գնալըի ոտնագնդակի դաշտին վերեւ՝ փայտաշէն երկյարկանի իրենց տան մէջ ու միշտ կը խօսէինք թատրոնի մասին:

3

Իր մասին հրատարակուած գիրքերու եւ կենսագրական տուեալներու մէջ միշտ մոռցուած էր, որ Ֆազլեան թատերական աշխարհէն ներս իր առաջին բախտորոշ քայլերը առած էր՝ Իսթանպուլի Մխիթարեան Սանուց Միութեան բեմին վրայ: Պէն Ճոնսոն, Շէյքսպիր, Մոլիէռ, Չեխով եւ տակաւին ինչ նշանաւոր թատերագիրներու գործերը՝ Ֆազլեանի տաղանդով բեմադրուեցան Մխիթարեանցիներու համեստ բեմին վրայ: Երբ նոյն բեմին համար գրի առի իմ առաջին թատերախաղը՝ «Կեանքի մը երեք Կիրակիները», Պերճ Ֆազլեան հոն չէր այլեւս, անոր յաջորդած էր Արթօ Պէրպէրեանը, ուրիշ տաղանդաւոր բեմադրիչ մը: Բայց իմ յիշողութեան մէջ վառ էր Ֆազլեանին յիշատակը եւ անկէ վերջ ամէն անգամ, որ նոր թատերախաղ մը գրեցի, գրելու ընթացքին միտքիս մէջէն բաներ մը խօսեցայ Ֆազլեանին հետ:

Երկար ժամանակէ ի վեր լուր չունէինք իրարմէ: Երէկ իրիկուն Լիբանանէն հասաւ տխուր լուրը: Ան ալ մեզի հետ չէ այլեւս: Մեր թատրոնը իր նուիրեալներէն մէկը եւս կորսնցուցած էր: Իսկ ես կորսնցուցած էի իմ երիտասարդական շրջանի ամէնէն հաւատարիմ ընկերներէս մէկը եւս:

Հիմա իր պառկած տեղէն կը լսէ՞ արդեօք այն ծափահարութիւնները, որոնք կը պայթէին անոր սարքած իւրաքանչիւր թատրոնի աւարտին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին