Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը շաբաթավերջին, բնորոշեց Պոլսահայ համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։ Իսկապէս փայլուն ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ իր որակով ու մակարդակով առանձնացաւ՝ ներկան եւ անցեալը ընդելուզելով։ Այս շնորհանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան «Ժամանակ»ի խմբագիր ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած երեք գիրքեր, որոնք վերջին շրջաններուն արժանացած են հետաքրքրութեան։ Այդ գիրքերն են՝ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) «Օրուան մտածումներ (1908-1913)»ը, Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) «Փոքր Ասիոյ մէջէն»ը եւ Ռուբէն Զարդարեանի «Յօդուածներ»ը։ Շուրջ դար մը առաջ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու այս ժողովածոները, թէ՛ լոյս կը սփռեն իրենց գրի առնուած ժամանակաշրջանին վրայ եւ թէ շատ յատկանշական զուգահեռականներ ունին մեր արդի ժամանակի օրակարգին հետ։ Այս հանգամանքը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ այս գիրքերուն արժէքը, իսկ Շաբաթ օրուան ձեռնարկը դարերու միջեւ երթեւեկելու հնարաւորութիւն ընձեռեց գինեձօնի հաւաքոյթի մասնակիցներուն։ Արդարեւ յիշեալ գիրքերը արժեւորելու, անոնց վերաբերեալ գրասէրներուն մեկնաբանութիւններ փոխանցելու համար համախմբուած էին հեղինակաւոր մտաւորականներ, որոնք իսկապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսը ու շատ ամբողջական պատկերացում մը ստեղծել յաջողեցան՝ թէ՛ այդ երեք գիրքերուն եւ թէ անոնց բովանդակութեան մէջ արծարծուած զանազան նիւթերուն շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Նազար Շիրինօղլու սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր Anadolu Kültür-ի աջակցութեամբ։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հասարակական գործիչներ, իսթանպուլահայ վարժարաններու տնօրէններ, կրթական մշակներ, սանուց միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գրասէր հիւրեր։ Թէեւ խոր ծալքերով նիւթեր կ՛արծարծուէին այս ձեռնարկին շրջագծով, սակայն հաւաքոյթի ամբողջ տեւողութեան դահլիճէն ներս տիրեց ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտ։
Ձեռնարկին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Դալար Քէօսէօղլուի, որուն ողջոյնի խօսքով բացուեցաւ երեկոյթը։ «Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին» խորագրեալ հանդէսի ընթացքին ուրոյն կարծիքներու, եզակի դիտարկումներու տարափ մը ապրուեցաւ, ինչ որ իսկապէս հետաքրքրական էր ու շահեկան՝ հանդիսատեսներուն տեսանկիւնէն։ Հայութեան արդի օրակարգի նիւթերուն շուրջ որոնումներու եւ անոնց վերաբերեալ պատուհաններու առիթ ընձեռեց՝ Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած այս յատկանշական ժամադրութիւնը, որու մասնակիցները իսկապէս յագեցան գաղափարներով ու մասնակցած ըլլալով մտային լուրջ վարժանքի մը։
Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեան, որ ըսաւ, թէ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը առիթ մըն է «Ժամանակ»ի անտակ խորքերէն դուրս բերելու, մամլոյ գերեզմանոցներէն լոյսին բերելու, յարութեան շունչ տալու, մոռացութենէ ազատելու մեր դասական հեղինակներուն ցիրուցան գործերը։ Իր խօսքերով աւելի քան հարիւր տարուան հնութեամբ գրութիւնները, որոնք ամփոփուած են այս երեք գիրքերուն մէջ, չեն կարդացուիր պատմական երկ մը ընթերցելու կամ անցեալը գրգռելու եւ զայն պեղելու նպատակով, այլ կարդալու ժամանակ իսկ ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, թէ ինչպէս ժամանակակից կեանքէն էջեր կը փռուին իր առջեւ։ Անցեալի եւ ներկայի զուգահեռականներուն ու նմանութիւններուն շուրջ, Սեւան Տէյիրմենճեան հետաքրքրական մէջբերումներ ըրաւ յիշեալ գիրքերէն եւ աւելցուց, թէ այդ գիրքերը պիտի չընթերցուին մի միայն որպէս ընթերցանութեան նիւթ եւ անոնց էջերու թղթատումով կը պատկերանայ նաեւ մեր կեանքի դառն առօրեան։ Ան կանգ առաւ թրքահայոց քաղաքացի ըլլալու վերաբերեալ հանգամանքներուն վրայ, ժողովրդավարութեամբ նախատեսուած բոլոր իրաւունքներով եւ զգայնութիւններով։ «Կարդացէք սիրելիներ այս գիրքերը։ Անցեալին Պոլիսը հայոց քաղաքական պատմութեան վերաբերեալ նման հրատարակութիւններ չէր կատարեր։ Կը յիշեմ նամակներ կը գրէինք Պէյրութ եւ Զարդարեանի հատորը կը խնդրէինք։ Բայց հիմա Պոլիսը Զարդարեան եւ նման այլ հեղինակներ կը տպէ եւ ուրիշներ են, որ նամակներով մեզմէ կ՛ուզեն այս հատորները։ Գոհունակութեան առիթ մըն է, որ անցեալի թմրածութիւնը կը թօթափէ այս քաղաքը եւ հետզհետէ իր անցեալէն քաղած համարձակութեամբ կը տեղաւորուի՝ Սփիւռքի ընդհանուր տարածքին վրայ նաեւ այս իմաստով», ըսաւ ան։
Այս մասին կը յայտնէ «Ժամանակ» օրաթերթը: