*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*
Այա Սոֆիա
Այա Սոֆիայի Տաճարը Բիւզանդական կայսրութեան ժամանակ ամենասուրբ վայրն էր Յունական Եկեղեցիին համար։ Իր կառուցումէն (537) ետք, 916 տարի ան գործածուած է որպէս եկեղեցի, ապա Կ.Պոլսոյ գրաւումէն յետոյ (1453)` 481 տարի ալ որպէս մզկիթ։ «Իսլամանալէ» ետք Այա Սոֆիայի պատերը կիրով ծեփուեցան՝ որպէսզի քրիստոնէական սրբապատկերներն ու գրութիւնները ծածկուին։ Բնականաբար տաճարին չորս կողմերէն մինարէները սունկերու պէս վեր բարձրացան, Աստուծոյ եւ քրիստոնեաներու սիրտերը խոցելու։ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի հրահանգով, այդ ծեփերը մաքրուեցան եւ 1935-էն ետք եկեղեցին վերածուեցաւ թանգարանի։
«Այա Սոֆիա» կը նշանակէ «Աստուածային Իմաստութիւն»։
360 թուականին Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսրը Այա Սոֆիայի ներկայ վայրին վրայ «Մեծ Եկեղեցի»ն (Մէղալօ Էքլէսիա) շինել տուաւ, որ սակայն հրդեհի զոհ գնաց։ 416-ին Թհէօտօսիուս կայսրին հրամանով նոր եւ աւելի մեծ եկեղեցի մը շինուեցաւ նոյն վայրին վրայ։ 532-ի «Նիքա»ի արիւնալի ապստամբութեան ժամանակ, այս նոր եկեղեցին ապստամբներու կողմէ կործանեցաւ։
«Նիքա»ի ապստամբութիւնը ճզմուելէ ետք, Յուստինիանոս Կայսրը ներկայ տաճարին կառուցումին սկսաւ, որ տեւեց 5 տարիներ, ուր 100 մասնագէտ ճարտարապետներ եւ 10,000 արհեստաւորներ աշխատեցան շինութեան վրայ։ Միջերկրականեան երկիրներէն բերուեցան լաւագոյն մարմարները։ Եկեղեցիին գլխաւոր չորս կանանչ կրանիթեայ սիւները բերուեցան Եփեսոսի «Հարպըր Ճիմնազիում»էն, չորս անկիւններու հսկայական ծիրանագոյն սիւները եկան Պաալպէքի Աբօլլօյի մեհեանէն։ Եկեղեցիին հսկայական (աշխարհի ամենաբարձր) գլխաւոր գմբէթը վեր բռնելու համար գործածուած են 40 հիմնական եւ 67 պատշգամներու սիւները։ Որպէսզի գմբէթը շատ ծանր չ՛ըլլայ, Ռոտոսի կղզիէն բերուած են մասնաւոր, թեթեւ կղմինտրէ պատրաստուած աղիւսներ։ Իրարայաջորդ կայսրերը եկեղեցին զարդարած են բիւզանդական ոճի մօթիֆներով, մոզայիք սրբապատկերներով եւ Սուրբ Գիրքէն գրութիւններով։ Պատերուն վրայ կը գտնենք Յունական եկեղեցւոյ նշանաւոր Պատրիարքներու նկարները։ Քանի որ իսլամները «սրբապատկերներ»ու դէմ են, պատերուն վրայ կը տեսնենք շրջանի իսլամ նշանաւոր մեծամեծներու անունները միայն, արաբերէն գեղագրութեամբ։
Մուտքի ձախ կողմը կայ երանկիւնաձեւ մարմարեայ սիւն մը, որ «Լացող Սիւն» կամ «Խոնաւ Սիւն» կը կոչուի։ Ըստ աւանդութեան եթէ մատդ այդ «Լացող Սիւն»ի ծակերէն մէկուն մէջ մտցնես եւ մատդ խոնաւնայ, փափաքդ կը կատարուի։ Ես փորձեցի եւ տակաւին կը սպասեմ փափաքներուս իրականացման…։
1204-ին երբ Խաչակիրները Կ. Պոլիսը գրաւեցին, Այա Սոֆիա եկեղեցին վերածեցին Լատինական կաթողիկէ եկեղեցիի։ Երբ անոնք հեռացան Կ.Պոլիսէն, որպէս «խաչակիր»ներ ոսկեայ խաչերը «կրեցին» իրենց հետ, ինչպէս նաեւ սրբապատկերները եւ եկեղեցւոյ գանձը կողոպտելով միասին տարին։
Երբ ուխտագնացներս սիւնազարդ միջանցքներէն թանգարան – եկեղեցին մտանք, մեզմէ առաջ հաւանաբար աւելի քան հազար զբօսաշրջիկներ ներսն էին։ Եկեղեցի-թանգարանի մէկ մասը վերանորոգումի մէջ էր։ Մուտքին ճիշդ դիմացը, մայր խորանին վրայ Աստուածածինի մեծադիր նկարը կայ, Յիսուս Մանուկը գրկած։ Սրբապատկերին աջ եւ ձախ կողմերը կը տեսնենք Կոստանդին եւ Յուստինեանոս կայսրերուն նկարները իրենց ընտանիքներով։ Քիչ մը աւելի առջեւի պատին աջ կողմին վրայ մեծադիր արաբերէն տառերով գրուած է «Ալլահ», իսկ ձախ կողմը «Մուհամմէտ»։ Կողմնակի պատերուն վրայ գրուած էին առաջին չորս խալիֆաներու անունները՝ Ապու Պէքիր, Օմար, Օսման եւ Ալի։ Մուտքի դրան երկու կողմերն ալ գրուած էին Մուհամմէտի երկու թոռներուն անունները ՝ Հասան եւ Հուսէյն։ Հոս փակագիծ մը բանալով դրուագ մը պատմեմ։ Օսմանցի Սուլթաններէն մէկուն զաւակները «Հասան» եւ «Հուսէյն» կը կոչուէին։ Սուլթանը «ֆէրման» մը կը հանէ, որով կը հրահանգուի բոլոր եկեղեցիներու մէջ պատարագի ժամանակ այդ անուններն ալ յիշել։ Կիրակի մըն ալ երկու թուրք լրտեսներ եկեղեցի կու գան ստուգելու, որ քահանան այդ անունները պիտի յիշէ՞։ Մեր քահանան ալ քարոզի ժամանակ կ՛ըսէ՝ «երբ մարդիկը հիւսիւսէն Յիսուսին քով հասան…»։ Լրտեսները գոհ սիրտով կը վերադառնան իրենց տիրոջ քով։ Որպէսզի կարենայինք գմբէթը տեսնել, գլուխնիս պէտք էր 90 աստիճանով ետ տանէինք։ Տասնեակներով յախճապակեայ հսկայ ջահեր կը լուսաւորէին եկեղեցի-թանգարանը։ Պատերուն վրայ իւրաքանչիւր կէտ ծածկուած էր զարդանկարներով կամ զանազան կերպերով։
Այա Սոֆիա եկեղեցի-թանգարանին մէջ կան նաեւ սուլթաններու կողմէ տրուած արաբատառ «ֆէրման»ներ, շատ գեղեցիկ օսմանեան ոճով գեղազարդարուած։ Այս “calligraphy”ներուն (գեղագրութիւն) իւրաքանչիւրը արուեստի գործեր են։ Հաւանաբար այդ գրիչներէն ոմանք հայեր եղած են։
Յոյները եւ Օրթոտոքս Եկեղեցին տակաւին յոյս ունին, որ «օր մը» Այա Սոֆիան իրենց պիտի վերադարձուի։ Տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ, Ռուս-Թրքական վերջին խնդիրներուն ժամանակ, ռուսական կարգ մը թերթեր եւ պետական պաշտօնեաներ յիշեցուցին թուրքերուն, որ Այա Սոֆիան Օրթոտոքս Եկեղեցիին կը պատկանի եւ զայն պէտք է իր տէրերուն վերադարձուի…։
Աշխարհի այս ամենագեղեցիկ եւ ամենափառաւոր եկեղեցիներէն մէկուն մասին աւելի յստակ գաղափար մը կազմելու համար, անհրաժեշտ է անձամբ այցելել եւ վայելել յունա-օսմանական արուեստներուն մէկտեղումը զարմանահրաշ եւ փառաւոր միջավայրի մէջ։
Օր մը երբ Իսթանպուլը վերագրաւուի յոյներուն կողմէ, Այա Սոֆիան ալ կը վերասրբագործուի…։
Իսթանպուլի Գոց Շուկան (Գափալը Չարշը)
Աւելի քան 3500 խանութներ կամ կրպակներ 80 փողոցներու երկայնքին փռուած՝ մաս կը կազմեն Իսթանպուլի Գոց Շուկային։ Մօտ 15,000 ծախողներ ժրաջան կ՛աշխատին այս խանութներուն մէջ։ Նուրօսմանիէի մայր դռնէն զատ 17 մուտքերով կարելի է մուտք գործել այս շուկայէն ներս։ Բացի խանութներէն 7 աղբիւր-շատրուաններ, մզկիթ մը եւ 12 «աղօթատեղիներ» կան շուկային մէջ։
12 երկրաշարժներէ եւ 9 մեծ հրդեհներէ ետք, 1954-ին շուկան գտաւ իր ներկայի ձեւը։
Մեր զբօսաշրջութեան վերջին օրը այս շուկան պիտի այցելէինք։ Պասը նախ մեզ Պոլսոյ նեղլիկ թաղերէն հայկական հին շրջանները տարաւ։ Կը զարմանայինք, որ ինչպէ՞ս այսքան նեղ թաղերէն այդ հսկայ պասը կրնայ շարժիլ։ Յանկարծ տեսանք, որ ճամբաներէն մէկը փորած էին խողովակներ զետեղելու։ Գամուած մնացինք։ Շարժավարը ոչ կրնար ետ-ետ երթալ, ոչ ալ առաջ։ Մարդը գնաց գործաւորներուն ըսելու, որ փոսը լեցնեն որպէսզի պասը կարենար իր ճամբան շարունակել։ «Տէլի մը սըն նէ սըն» (խե՞նթ ես ի՞նչ ես) եղաւ մարդոց պատասխանը։ Շարժավարը եւ աշխատողները թրքերէնով շատ «մաքուր» եւ «երաժշտախառն ելեւէջներով» հայհոյանքներ փոխանակել սկսան։ Ժամէ մը աւելի հոն վատնելէ ետք, քալելով ետ դարձանք եւ ուրիշ պասով մը շուկայ գացինք։
Մարդուս միտքէն ի՞նչ կ՛անցնի, շուկային մէջ կը ծախէին։ Օսմանցիներուն ժամանակ գերիներ ալ կը ծախէին եղեր։ Գորգավաճառներէն մինչեւ ոսկերիչները, անուշավաճառներէն մինչեւ տեսակաւոր համեմունքներ ծախողները, յուշանուէրներէն մինչեւ հագուստեղէն ծախողները, կօշիկներէն մինչեւ խաղալիք ծախողները, մէկ խօսքով ծախու էր «ամէն բան»։ Մեզի համար, մանաւանդ մեր կիներուն համար, նուազագոյնը երեք օրեր պէտք էին «քիչ մը գնում» ընելու, բայց հազիւ քանի մը ժամ ունէինք։ Գեղեցիկ յուշանուէրներ, անուշեղէններ (խենդանալիք լոխումներ ունէին անպիտանները), եւ ուրիշ բաներ գնելնէ ետք, որոշուած դռնէն դուրս ելանք։ Շուկային ճիշդ դուրսը ձեռքի վրայ տեղական, եւրոպական եւ ամերիկեան նշանաւոր անուշահոտեր եւ «Ռոլէքս» ժամացոյցներ կը ծախէին։ Անուշահոտերուն գինը «մեռցնելէ» ետք քանի մը հատ գնեցինք, իսկ ժամացոյցները քանի որ «թախլիթ» (կեղծ) էին չառինք։ Փերեզակները մինչեւ պասը մեզի հետեւեցան (150-200 մեդր), որպէսզի իրենց ապրանքները ծախէին։ Լաւ որ Ալիսը քովս էր, ապա թէ ոչ քանի մը հարիւր տոլար կը ծախսէի։
Հասանք պանդոկ եւ սկսանք վալիզները պատրաստել յաջորդ առտու մեր տուները վերադառնալու։