Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Չեխիոյ ՀՀ Դեսպանատան Մէջ Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Կազմակերպուած է

Փրակի մէջ ՀՀ դեսպանատունը Փետրուար 6-­ին կազմակերպած էր «Մեծ Եղեռնին զոհ գացած հայ գրողները» խորագիրով գրական երեկոյ` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցին: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններով՝ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է դեսպանատան ներկայացուցիչ Նունէ Զասդուխովան:

Ան մասնաւորաբար նշած է, որ գրեթէ մէկ տարուան ընթացքին Չեխիոյ մէջ 100-­ ամեայ տարելիցին նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներու շարքին, հրամայական դարձած է առանձին ձեռնարկ կազմակերպել եղեռնազոհ հայ գրողներուն եւ մտաւորականներուն նուիրուած: Ընթերցելով 1915-­ին նահատակուած 34 գրական գործիչներուն անունները, ան ներկայացուցած է երեկոյի ծրագիրը:

Ձեռնարկիը բանախօսները եղած են «Առաւօտ» պարբերականի եւ «Գարուն» ամսագրի յատուկ թղթակից, լրագրող, հրապարակախօս Շուշան Ղազարեանը, Orer.eu կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանը, Փրակի հայ համայնքի շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Լարիսա Գրիգորեանը եւ «Օրեր» եւրոպական անկախ ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանը: Անոնք ներկայացուցած  են հայ նշանաւոր գրող Գրիգոր Զոհրապի, բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի եւ Կոմիտաս վարդապետի կեանքը, ստեղծագործական ուղին եւ անոնց հոգեւոր ու գրական ժառանգութիւնը:

Կոմիտասի թեման ամբողջացուցած է Յակոբ Ասատրեանը, որ ներկաները ծանօթացուցած է եւ հետաքրքրական լուսանկարային շարքի միջոցով տեղափոխած է՝ վերջերս Երեւանի մէջ բացուած Կոմիտասի անուան թանգարան­-ուսումնարան: «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիրը ծանօթացուցած է նաեւ 2015-ին Փրակի մէջ հրատարակուող «Պլաւ» գրական ամսագիրի յատուկ թողարկման, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայ գրականութեան եւ գրական գործերու չեխերէն թարգմանութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին