Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

                                                           *ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Ճափոնի Արտաքնոցները

Ճափոնցիները մեծ արժէք կու տան իրենց արտաքնոցներուն (toilets), որովհետեւ չափազանց բծախնդիր են անոնք եւ ծայր աստիճան մաքրասէր։ Արդարեւ Toto արտաքնոցներու գործարանը նշանաւոր է իր ձեռակերտ արտադրութեամբ։ Հոն իւրաքանչիւր գործիքի շինութիւնը կը տեւէ մէկ շաբաթ եւ կ՛արժէ 5,000 տոլար։

Իսկ Թոքիոյի մէջ կառուցուած է արտաքնոցներու իւրայատուկ թանգարան մը, որ արժած է 60 միլիոն տոլար։ Այս թանգարանը դարձած է ճափոնցիներու հպարտութեան առարկան, որու գործիքները օժտուած են ճարտարարուեստկան եւ մեքենայական վերջին նորութիւններով, հանգստաւէտ պայմաններ ստեղծելով զանոնք գործածողներուն։

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերոյիշեալ թանգարանը կ՛այցելեն նաեւ հազարաւոր օտար զբօսաշրջիկներ, որոնք հիացմունքով կ՛արտայայտուին հոն ցուցադրուած գործիքներու զանազանութեան եւ արդիականութեան նկատմամբ։

Աւելին՝ դարձեալ մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շինուած է փոքրիկներու յատուկ զբօսավայր մը, որու ամենասիրուած խաղալիքներէն մին հսկայ արտաքնոց մըն է։ Վա՜յ մեզի, ինչ օրերու մնացինք։

TED Համագումար Վէնքուվըրի մէջ

Ճարտարարուեստի, Հաճելի Ժամանցի եւ Ծրագրումի (Technology, Entertainment and Design – TED) յատուկ հինգօրեայ միջազգային համագումար մը տեղի պիտի ունենայ, Գանատայի արեւմտեան ափի Վէնքուվըր քաղաքին մէջ, Փետրուար 15-էն 19-ի միջեւ։ Մինչեւ հոս արտակարգ ոչ մէկ երեւոյթ, սակայն երբ տեղեկանաք, թէ մուտքի գինը քանի՞ է, վստահ եմ ձեր աթոռներէն՝ եթէ նստած էք, անմիջապէս վեր պիտի ցատկէք։

Արդարեւ վերոյիշեալ «Երազ» համագումարի մուտքը որոշուած է միայն 8,000 տոլար՝ անձ գլուխ։ Ինծի համար անհասկնալի է, թէ անձ մը ի՞նչ գիտելիք պիտի կարենայ ամբարել կամ ի՞նչ գործնական ցուցմունքներ պիտի ստանայ 5 օրուան մէջ, որ այդքան սուղ վճարէ համագումարի մը համար։ Կարծէք համալսարանի թոշակ է այս…։

Իսկ աւելի զարմացուցիչը այս երեւոյթին այն է, որ TED տիպի համագումարները ճիւղաւորուած են եւ բազմապատկուած։ Օրինակ՝ TEDx, որ տեղական բնոյթ կը կրէ եւ կը գործադրուի փոքր գաղութներու մէջ, TED Teen, պատանիներու յատուկ եւ TED Women, իգական սեռի համար։ Է՜հ, վերջը ինչ։

Ուրեմն պէտք է ընդունինք, որ խելացի մարդիկ լաւ գիտեն դրամ շահելու միջոցները, որոնք լաւագոյնս օգտագործելով դիզած են գնահատելի հարստութիւն եւ կը շարունակեն շահագործել միամիտ մարդոց խոցելի կէտերը։ Թրքերէնէ թարգմանուած հայերէն ասացուածքը կ՛ըսէ, «Աշխարհը իւղոտ դմակ մըն է՝ անուշ ըլլայ զայն կարենալ ուտողին»։

Ամերիկայի Գերագոյն Մրցումը (Super Bowl)

Ամէն տարուան Փետրուար ամսուն կը զուգադիպի ամերիկեան ոտնագնդակի (football) աւարտական մրցումը։ Այս տարի այդ մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Փետրուարի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Սանթա Գլարայի մարզադաշտին վրայ՝ 75,000 հանդիսատեսներու ներկայութեան։

Սանթա Գլարա քաղաքը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մօտ, իսկ մրցող խումբերն էին Denver Broncos եւ Carolina Panthers։

Զիս հետաքրքրողը այս բոլորին մէջ ոչ մրցող խումբերն են եւ ոչ ալ մարզադաշտի վայրը, այլ մուտքի տոմսերու գիները, որոնք կը տարուբերին 2,900-էն 4,700 տոլարի միջեւ։ Իսկ մօտակայ պանդոկներէն մէկ գիշեր սենեակ մը վարձելու համար՝ անձ մը պէտք է նուազագոյնը 600 տոլար վճարէ։

Չմոռնամ ըսելու, որ ամերիկացիներու համար ժամանցի թիւ մէկ հետաքրքրութիւնը կը կեդրոնանայ ամերիկեան ոտնագնդակին վրայ, իսկ մեր մօտ անշուշտ տարբեր է հարցը։ Ես միշտ հարց տուած եմ, թէ ինչո՞ւ ոտնագնդակ կը կոչեն, երբ իրենց խաղը կ՛ընթանայ ձեռքով։ Անոնք ձեռքէ-ձեռք կը փոխանցեն գնդակը՝ մինչեւ որ հասցնեն դաշտի ծայրը, իսկ երբ չկարենան զայն հասցնել իր մեկնակէտին՝ այն ատեն է, որ միայն ոտք կը գործածեն, գնդակը հեռուն գտնուող երկու ձողերուն մէջէն անցնելու համար։ Մեր պարագային անշուշտ՝ ձեռք չես կրնար գործածել, այլապէս տուգանքի կ՛ենթարկուիս։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին