Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Գինիներ Գինիի Բնօրրանէն Հայաստան Եւ Վրաստան». «Տը Կարտիըն»

Բրիտանական յառաջատար «Տը Կարտիըն» պարբերականը անդրադարձած է՝ գինիի պատմութեան մասին ամերիկացի ակադեմիկոսներ Իեն Թաթերսօլի եւ Ռոպ Ռեսելի նոր գիրքին, ուր հեղինակներըը կը բացայայտեն Հայաստանը եւ Վրաստանը` իբրեւ գինիի բնօրրան:

Յօդուածագիրին փոխանցմամբ գիրքին հեղինակները հարցադրում կ՛ընեն, թէ ինչ տեսակ գինիներ կը պատրաստէին անոնք 5000 տարիներ առաջ Փոքր Կովկասի քարանձաւներէն մէկուն մէջ, որ յայտնի է իբրեւ «Արենի-1»։

«Ահա այստեղ է, որ 2011-ին ժամանակակից Հայաստանի մէջ հնէագէտները յայտնաբերեցին աշխարհի ամենաառաջին գինին` մօտաւորապէս ք.ա. 3000-3500 թուագրութեամբ: Թերեւս հեղինակներուն հարցադրումին պատասխանը չէի ունենար, եթէ 2014-ին չհամտեսէի իտալահայ Զօրիկ Ղարիպեանի «Կարասի Արենի»ն, որ պատրաստուած է հայկական  տարբեր տեսակի խաղողներէ եւ անիկա կը կրէ Արենի գիւղին անունը», Panorama.am-ի փոխանցմամբ կը գրէ «Տը Կարտիըն»ի յօդուածագիրը:

Վերջինս կ՛աւելցնէ, որ գինիի համտեսումը կ՛ապացուցէ այդ ողորկ ու կենսունակ կարմիր գինիին մէջ տարիներու հնութիւնը:

Շարունակելով յօդուածագիրը կը պատմէ, թէ իտալահայ Զօրիկ Ղարիեանը հայկական Սփիւռքի  այն գործարարներէն է, որ էական դեր խաղցած է  գինիի արդիւնաբերութեան վերածնունդի գործին մէջ:

Յօդուածագիրը կը նկատէ, որ աւանդական գինեգործութեան արուեսագիտութեան հետ միասին, հայ գործարարը իր գինին հինցնելու համար կ՛օգտագործէ նաեւ  կարաս (կճուճներ):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին