*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
«Երբեք սէր մի մուրաք… սէր տուէք, որովհետեւ այդ է երջանկութեան գաղտնիքը»։
Իմաստուն Ասացուածք
Բոլոր բարձրաստիճան պատասխանատուներըունին իրենց շուրջը խորհրդատու-օգնականներու խումբ մը, որոնք կ’օգնեն տուեալ պատասխանատուներուն, որպէսզիլաւագոյն ձեւով հանրութեան երեւան: Այս խորհրդատուներու պաշտօնն է օգտակար ըլլալ իրենց գործատէրերուն պատշաճ ձեւով հագուելու, քալելու, նստելու, խօսելու, նոյնիսկ յարմար բառեր դնելուանոնցբերաններուն մէջ: Լիբանանցի մեր պատասխանատուները ինչո՞վ պակաս են ուրիշներէ. անոնք ալ ունին իրենց շուրջ խորհրդատու-օգնականներ:
Օր մը լիբանանցի մեր իմաստուն պատասխանատուներէն մէկը կը հրաւիրուի դասախօսութիւն մը տալու իր գործակից-պատասխանատուներուն: Ան հպարտացած սոյն հրաւէրով, իր մօտ կը կանչէ իր խորհրդատուն եւ կը խնդրէ անկէ, որ սիրտի խօսող ճառ մը պատրաստէ նշուածառիթին համար (սիրտի խօսող ճառ, որովհետեւ անկարելի էր, որ մեր իմաստուն պատասխանատուն միտքի ուղղուած խօսքեր ըմբռնէր, առաւել եւս խօսէր): Խորհրդատուն իրմէ խնդրուած ճառը կը պատրաստէ, զոր կը սկսի հետեւեալ ասացուածքով՝ «Երբեք սէր մի մուրաք… սէր տուէք, որովհետեւ այդ է երջանկութեան գաղտնիքը»: Որպէսզի աւելի տպաւորիչ ըլլայ ճառը, իմաստուն պատասխանատուն կ’որոշէ արտասանել զայն, փոխանակ կարդալու: Կը հասնի դասախօսութեան օրը: Մեր պատասխանատուն գիշերը կը լուսցնէ ճառը սորվելով եւ արտասանութեան փորձեր կատարելով: Առաւօտեան ժամերուն քիչ մը կը հանգչի կազդուրուելու համար եւ ապա կ’ուղղուի սպասուած ժամադրութեան: Բոլոր ներկաները ջերմ ծափահարութեամբ կ’ընդունին զինք եւ ապա բեմը կու տան իրեն: Մեր պարոնը բեմ կը բարձրանայ ինքնավստահ քայլերով. կոկորդը կը մաքրէ եւ ապա բերանը բանալով կ’աղաղակէ՝ «Երբեք սէր մի մուրաք…»։ Ունկնդիրները անակնկալի եկած այս անզուգական իմաստութենէն, յոտնկայս ջերմօրէն կը ծափահարեն: Դասախօսը քաջալերուած իրեն տրուած շողոքորթութենէ, դարձեալ կը կրկնէ իր առաջին նախադասութիւնը՝ «Երբեք սէր մի մուրաք…»։Լռութիւն…։«Երբեք սէր մի մուրաք…»։Ակնկալութեամբ սպասում…։«Երբեք սէր մի մուրաք…»։Յստակ էր, որ մեր բարեկամը մոռցած էր իր պատրաստած ճառը: Անպատրաստից յօրինելու փորձ մը կատարելով կը շարունակէ՝ «Երբեք սէր մի մուրաք, որովհետեւ սէրը տկարութեան նշան է եւ տկարներու նկարագիր»: Այս անգամ ամբոխը աւելի ջերմ շողոքորթութեամբ, յոտնկայս կը ծափահարէ: «Մեզի քիչ մը աւելի կը մանրամասնես», ձայն մը կը լսուի հանդիսականներէն: «Բացատրեմ»,ինքնավստահօրէն կը բացականչէ դասախօսը՝
- Երբ ժողովուրդը բողոք ներկայացնէ ընդդէմ ձեր կառավարութեանեւ դուք սէր ցոյց տաք անոր՝ այդ մէկը տկարութեան նշան է
(ծափահարութիւն):
- Երբ ժողովուրդը ջուր եւ ելեկտրականութիւն չունինք ըսելով ձայն բարձրացնէու դուք սէր ցոյց տաք անոր՝ այդ մէկը տկարութեան նշան է(ծափահարութիւն):
- Երբ ժողովուրդը աղբերու կոյտերը մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնին ըսելով գանգատի եւ դուք սէր ցոյց տաք անոր՝ այդ մէկը տկարութեան նշան է (ծափահարութիւն):
- Երբ ժողովուրդը ձանձրացանք ձեզմէ ըսէ եւ դուք սէր ցոյց տաքանոր՝ այդ մէկը տկարութեան նշան է (ծափահարութիւն):
- Երբ ժողովուրդը պիտի մեռնինք ըսէ եւ դուք սէր ցոյց տաք անոր՝ այդ մէկը տկարութեան նշան է(տասը վայրկեան յոտնկայս ծափահարութիւն):
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները կ’որոշեն Ժպրան Խալիլ Ժպրանի «Վայ այն ազգին…» գրութիւնը ջնջել եւ «Երբ ժողովուրդը…» ճառը անոր տեղ ուսուցանել որպէս իմաստութեան խօսքեր:
Երբ այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները տեղեկատուական միջոցներով հանրութեան հրամցուեցան, ժողովուրդը իր ձեռքերը վեր բարձրացնելով աղօթեց ըսելով՝ «Տէր մեր պատասխանատուներուն գլուխներուն վրայ ալ իրենց նման իմաստուն եւ սիրազեղ պատասխանատուներ դիր»:
Ի միջի այլոց վերը հարց մը տուի, թէ Լիբանանիմեր պատասխանատուները ինչո՞վ պակաս են ուրիշներէն: Երեք իրականութիւններով ՝ ուղեղով, սիրտով եւ խիղճով: Լաւ, -պիտի հարցնէ մէկը-, ինչու ուրիշ պատասխանատուներ ունի՞ն այս երեքը: Մէկը գոնէ ունին՝ ուղեղ. վստահ չեմ միւս երկուքէն:
Ծանօթ.Վերոյիշեալ տուեալները իրականութեան հետ կապ չունին եւ յիշուած անձերը երեւակայութեան ծնունդ են: