Պատրաստեց՝ ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ
Յայտնի է նաեւ Քաջ Վարդան, Կարմիր Վարդան անուններով: Ծնած է 388/391ին եւ նահատակուած 26 Մայիս 451ին, Վարդանանց Պատերազմի ընթացնքին: Եղած է Հայոց Սպարապետը 422 թուականէն սկսեալ: Ան Սասանեան Պարսկաստանի դէմ 450-451ի հայ ազատագրական շարժման առաջնորդն էր: Սպարապետ Համազասպ Մամիկոնեանի եւ Սահակ Պարթեւի դուստր Սահականոյշի աւագ որդին էր:
Կրթութիւնը ստացած է Վաղարշապատի Սահակ-Մեսրոպեան նորաբաց դպրոցին մէջ: Հօր մահէն ետք վարած է Մամիկոնեաններու նախարարութեան գահ ու տէրութիւնը: Մեսրոպ Մաշտոցին հետ 420ին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, Թէոդոսիոս Բ. Կայսրին հրամանով ճանչցուած է Հայաստանի բիւզանդական մասի զօրավար:
420-ին վերադարձած է Վաղարշապատ, ապա մեկնած Տիզպոն, ուր Սասանեան Վռամ Ե. Գոռ արքան զինք ճանչցած է հայոց թագաւորութեան սպարապետ: Հայ Արշակունի վերջին թագաւոր Արտաշէս Գ-ի տապալումէն ետք (428թ.), 432ին հաստատուած է Մարզպանական Հայաստանի զօրքերու սպարապետ: 442ին պարսից Յազկերտ Բ. Արքան,Վ. Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ իր զօրքերը քուշաններու (հոներ) դէմ պատերազմի ուղարկած է, ուրկէ վերադառնալէ ետք (449թ.) Հայրենիք, մասնակցած է Արտաշատի ժողովին, որ մերժողական պատասխան գրած է Քրիստոնեայ հպատակներուն՝ զրադաշտականութիւն պարտադրելու Յազկերտ Բ.-ի հրովարտակին: Այդ պատճառով հայ երեւելի նախարարներու հետ Վ. Մամիկոնեանը կանչուած է Տիզպոն եւ կանգնած արքունի ատեանին առջեւ: Առերես հաւատփոխութեան գնով վերադարձած է Հայրենիք եւ գլխաւորած սկիզբ առած համաժողովրդային ապստամբութիւնը:
450 թուականին ջախջախելով եւ երկիրէն վտարելով պարսիկ մոգերն ու անոնց աջակցող զօրքերը, թօթափած է Սասանեաներուն տիրապետութիւնը: Նոյն թուականին Խախաղ քաղաքին մօտ ծանր պարտութեան մատնած է Սեպուխտ զօրավարին գլխաւորած պարսկական զօրքերը, հասած է Դարբանդ կիրճը, քանդած է պարսկական ամրութիւնները եւ հոներուն, աղուաններուն ու վրացիներուն հետ ռազմական դաշինք կնքելով ընդհանուր թշնամիին՝ Պարսկաստանի դէմ, վերադարձած է Արտաշատ:
Կազմուած հայկական նոր կառավարութեան մէջ սպարապետին յանձնարարուած է նաեւ հայոց տանուտէրի պաշտօնը՝ ի հակակշիռ հայոց մարզպան Վասակ Սիւնիին: Վ. Մամիկոնեան վերականգնած է հայ նախարարութիւններուն եւ հոգեւորականութեան ոտնակոխուած իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, ամրագրած է բերդերը, համախմբած իր կողմնակիցներուն զինուորական ուժերը եւ պատրաստուած դիմադրութեան:
Հայ-պարսկական սուր հակասութիւնները յանգեցուած են մեծ ճակատամարտի՝ Վարդանանց Պատերազմին կամ Աւարայրի Ճակատամարտին, 451 թուականին, ուր հերոսաբար զոհուած է Վարդան Մամիկոնեան, 1036 հայ նահատակներու հետ:
1565 տարիներ առաջ՝ 451 թուականին, Տղմուտ գետի ափին կայացած Աւարայրի ճակատամարտին, իր Հայրենիքին եւ կրօնքին առ ի պաշտպանութիւն զոհուեցաւ Հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը:
Փառք ու պատիւ Վարդանի եւ իր ընկերներուն յիշատակին: