*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*
«Արա գեղեցիկէն մինչեւ Աւարայր ու Սարդարապատ
մենք մեռնելով ենք յաղթել եւ հաւատում ենք, որ կարելի
է եւ պէտք է այսուհետեւ յաղթել՝ Ապրելով»։
Գէորգ Էմին
Չկայ պատմութիւն մը, որ այնքան յուզիչ եւ հետաքրքրական ըլլայ հայուն համար, որքան Վարդանանց պատմութիւնը: Չկայ դիւցազնական մարտնչում մը, որ այնքան փառահեղ եւ պանծալի ըլլայ, որքան Ե. դարու հայերուն հերոսական մաքառումը պարսից ահեղ բանակին դէմ: Չկա՛յ ճակատագրական դէպք մը, որ այնքան այժմէութիւն եւ ոգեղէնութիւն ունենայ, որքան Վարդանանց մեծ պատերազմը, որ հայ ազգին գոյութեան հարցը պիտի վճռէր:
Վարդանանց սխրագործութիւնը խտացումն է հայ դիւցազանց չքնաղ կեանքի ամէնէն վարակիչ արտայայտութեանց: Վարդանանց յաւերժական երգին մէջ կը գտնուի այն իրականութիւնը, որ բարերար նպաստ եւ ուղեցոյց հանդիսացաւ մեր միասնականացած եւ համալրուած մարտնչումներուն՝ Սարդարապատի եւ Արցախեան սխրագործութիւններուն…:
Աւելի քան 15 դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը երաշխաւորած ու վերանորոգած, հայ ժողովուրդի կեանքի ընթացքը ճշդած պատգամն է Վարդանանց հերոսամարտը:
1565 տարիներ առաջ՝ 451 թուականին, Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած է Մեծ Ճակատամարտը, զոր կը տօնէ հայ ազգը, 60.000 մարտիկներու կողմէ պարսիկ գոռոզ ու մեծազօր արքային՝ Յազկերտի բանակին դէմ մղուած:
Հինգերորդ դարու հայութիւնը յանձինս իր իշխանաւորներուն, չէ համակերպած Յազկերտի հրամանին եւ փարած իր հաւատքին՝ քրիստոնէական վարդապետութեան, զոր որդեգրած էր մօտ երկու դարեր առաջ՝ 301 թուականին: Հաւատացած եւ նոյնիսկ հայացուցած էր այս նոր կրօնը, որուն համար պատրաստ էր իր արիւնը թափելու: Վարդանանք հոգեկան այս տրամադրութեան արտայայտիչները եղան, համաժողովրդական շարժումով, որուն մէջ նետուած էր ոչ միայն կղերը, այլեւ ամբողջ ժողովուրդը: Յարգանքի արժանի են այն բոլոր մարդիկ, որոնք հաւատքի ու ազգային գաղափարի համար կը պայքարին եւ կը զոհուին: Վարդանանք ճիշդ ատոր համար կռուեցան ու զոհուեցան, հաւատքով եւ անձնուիրութեամբ ու սրբացուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ: Սուրբեր կը մնան անոնք մեր պատմութեան մէջ, հերոսներ ըլլալէ ետք, իսկ հերոսութեան ու սրբութեան գաղափարները անհաղորդ չեն իրարու, իրար կը լրացնեն:
Հայ եկեղեցին իբր կրօնական հերոսներ, «նահատակներ» կը յիշատակէ Աւարայրի քաջերն ու զոհերը: Հայը անշուշտ զէնք վերցուց պաշտպանելու համար հաւատքը, բայց իր պայքարին մէջ ան աւելի տեսաւ, քան կրօնքի զգացումը՝ իր ինքնութեան անճիտումի փորձը:
Վարդանանք կռուեցան թշնամիին դէմ, ոչ միայն հայ հաւատքը, այլ այդ անունին տակ ծաղկող ազատութեան զգացումը պաշտպանելու: Զգացում մը, որով ողողուած է հայոց պատմութիւնը իր արշալոյսին իսկ: Հայը իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, Ե. դարուն մանաւանդ չհանդուրժեց, որ հրահանգներ ստանայ բռնակալութեան որջ Տիզպոնէն, չհանդուրժեց, որ իր ոգիին ու միտքին ազատութիւնը կաշկանդուի դուրսէն: Ճնշումի տակ ուրանայ իր որդեգրած հաւատքը եւ ենթարկուի իրեն համար անհարազատ հաւատալիքի: Ինքնուրոյնութեան ազատ մտածման ու խիղճի այս զգացումն է, որ ամէնէն աւելի ոգեւորած է հայը Ե. դարուն, երբ հայութեան ազգային ու մշակութային բոլոր ուժերը պոռթկումի հասած էին, երբ մեր Հայրենիքը ազատութեան վերջին հնարաւորութեան կը փարէր ամրօրէն, իր գոյութիւնը պահելու համար: Վարդանանց տօնախմբութիւնը աւելի քան 15 դարերէ ի վեր, ազատութեան այս յորդ զգացումներով պէտք է բացատրել: Հաւատքի տօն անշուշտ, բայց աւելի՝ Ազատութեան տօն:
Աւելի քան տասնհինգ դարեր առաջ, Արտազ գաւառի սահամաններուն մէջ, Տղմուտի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ կերտուեցաւ մեր պատմութեան հերոսական դրուագներէն մէկը:
Եթէ մենք յօժարէինք հրաժարիլ մեր կրօնքէն, յօժարէինք զոհել մեր խիղճի ազատութիւնը, Վարդանանց պատերազմը տեղի չէր ունենար: Եթէ Վարդանանց պատերազմը պատահական դրուագ մը չ՛ըլլար մեր կեանքին մէջ եւ մեր խիզախումը բռնութեան դէմ՝ հազար թելերով կապուած ու միաձուլուած չ՛ըլլար մեր դարաւոր եւ փառազարդ անցեալէն, իբրեւ ինքնուրոյն ու պատահական դէպք, Վարդանանց տօնը երբե՛ք այն արժէքը պիտի չունենար, ինչ որ ունեցաւ անկէ ետք դարեր շարունակ եւ ունի մինչեւ այսօր ու պիտի ունենայ վաղը…:
Վարդաններն ու Ղեւոնդները ոչինչ պիտի կարենային ընել, եթէ երբեք իրենց հետ եւ իրենց ետին հայ ժողովուրդը չունենային:
Բագրեւանդի Անգղ գիւղաքաղաքի մօտ, մեր ժողովուրդը արիաբար եւ ինքնամոռաց ճակատեցաւ: Մոգպետը դառնալով Մարզապանին կը յայտարարէ անոր. «Թողէք գրեմ ու ցոյց տամ մեծ թագաւորին, որ ձեռք վերցնէ այսպիսի (կրօնափոխութեան) առաջարկութիւններէն, որովհետեւ եթէ աստուածներն իրենք ալ օգնութեան գան՝ հնարաւոր չէ, որ Հայաստանի մէջ հաստատութիւն գտնէ մոգական կրօնը, ինչպէս որ փորձեցի քանդել եկեղեցիի ուխտի միաբանութիւնը: Որովհետեւ եթէ այս աշխարհի զօրքն ալ մոգեր ըլլան, անոնք ամենեւին չէին խնայեր եւ ասոնց ալ կը սատկեցնէին, ոչ միայն դուրսէն եկածներուն, այլեւ իրենց եղբայրներուն, որդիներուն եւ բոլոր մերձաւորներուն. ինչպէս նաեւ ճիշդ իրենց: Մարդիկ՝ որոնք ո՛չ շղթաներէն կը վախնան, ո՛չ տանջանքներէն երկիւղ կը կրեն եւ ոչ հարստութիւնը բանի տեղ կը դնեն եւս, վերջապէս, որ բոլոր չարիքներուն մէջ ամէնէն վատթարն է՝ մահը կը գերադասեն քան կեանքը: Ո՞վ է, որ կրնայ անոնց դիմադրել» (Եղիշէ, «Վարդանանց Պատմութիւնը»):
Ահա այս ժողովուրդն է, որ աւելի ուշ՝ Անգղ գիւղաքաղաքի բախումներէն յետոյ, Աւարայրի փառքը կտակեց մեզի, ինչպէս մեր օրերուն՝ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը: Ու նոյն ժողովուրդն է, որ Աւարայրի փառքէն ետք երբ չկային այլեւս կարմիր Վարդանն ու Ղեւոնդ Երէցը իրենց գործակիցներով, կրկին ոտքի ելաւ եւ այս անգամ առաջնորդութեամբ ուրիշ քաջի մը՝ Վահան Մամիկոնեանի, «Այր քաղցր եւ խոնարհամիտ եւ արդարահայեաց եւ կշռաքնին», – ինչպէս որ պատմիչը կ’ըսէ, յաղթելով թշնամիին պարտադրեց Նուարսակի փառաւոր դաշինքը:
Մեր բովանդակ պատմութեան բացառիկ փառքերէն մէկը հանդիսացող այս դաշնադրութեամբ, մենք ոչ միայն լրիւ կ’ապահովէինք մեր կրօնական ճշմարիտ հաւատքը, այլեւ ամբողջ աշխարհին կը պարտադրէինք, որ յարգեն մեր ժողովուրդը:
Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարիներ ետք՝ 484-ին, Նուարսակի մէջ կնքուած դաշինքով, Պերոզները կը յօժարէին մեր նկատմամբ «Իմանալ Զտոհմիկն եւ Զան-տոհմիկն»: Ինչպէս չփառաւորուիլ եւ ինչպէ՞ս անգամ մըն ալ չկրկնել, լի ակնածանքով ու հպարտութեամբ այն աստուածային պատգամը, որ Եղիշէի հզօր գրիչով Վարդանանցի էջերէն փոխանցուեցաւ մեզի. «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է: Որ զմահ ոչ գիտէ՝ երկնչի ի մահուանէ, իսկ որ գիտէ զմահ՝ ոչ երկնչի ի նմանէ»:
Նուարսակի դաշինքը նոր դարագլուխ մը բացաւ հայոց Պատմութեան մէջ, խիղճի ազտութեան դարագլուխը:
Արեաց արքունիքը շատ ուշ ըմբռնեց, թէ դժուար էր կռուիլ ազգերը կանգուն պահող ոգիին դէմ:
Վարդաններն ու Ղեւոնդները անհետ չգացին մեզմէ: Անոնց հոգիները կ’ապրին ու կը բեղմնաւորուին մեր մէջ, ինչպէս զոյգ սուրբերը՝ Սահակ եւ Մեսրոպ:
Աւարայրի Ճակատամարտէն 1540 տարիներ ետք՝ 1991-ին Հայաստան վերանկախացաւ, միշտ Վարդաններու ոգիով առլցուն, դարձեալ ի փառս եւ ի պարծանս հայ ազգին:
Վերջապէս Վարդանանց պատերազմը դաս է, խորհուրդ, պատգա՛մ: Պէտք է սորվիլ անկէ, միշտ պահելով անոր կենսունակ ու անմեռ ոգին:
Ամէն ոք՝ փոքրէն մինչեւ մեծը, պարտական է Վարդանանցին:
Ամէն օր ան կը մնայ մեր գոյութեան գրաւականը: