Փարիզի l’Hôtel du Collectionneur-ի մէջ Յունուար 28-ի երեկոյեան տեղի ունեցած է՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքը:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, աշխարհահռչակ հայազգի շանսոնիէ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շառլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեչեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրադ Փափազեան, ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ, աջակողմեան կուսակցութեան անդամ Փաթրիկ Տէւէճեան, Սորպոնի համալսարանի հայ դասախօս Մարք Մուգալեան, որ փորձած էր նախորդ տարուան Օգոստոս 21-ին կանգնեցնել Փարիզ-Պրիւքսել գնացքի ահաբեկիչը ու Ֆրանսայի նախագահին կողմէ արժանացած Ֆրանսայի Քաջութեան չորրորդ աստիճանի պարգեւի, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:
Իր խօսքին մէջ Օլանտ յայտարարած է, որ վերսկսած են Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի պատրաստման շուրջ քննարկումները` նշելով, որ անոր պատրաստումը վստահած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Կոսթային:
«Յորդորած եմ Ժան Փոլ Կոսթային, որ մեր լաւագոյն իրաւաբաններէն մէկն է, որպէսզի մեր օրէնսդրութեան մէջ գտնէ որեւէ ծանրակշիռ ճանապարհ, որ անվիճելիօրէն կը պաշտպանէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը», յայտարարած է Ֆրանսուա Օլանտ, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը` վկայակոչելով Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքը, որուն հետեւած են ներկաներուն ծափողջոյնները:
Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Ժան Փոլ Կոսթան կարճ ժամանակի մէջ պիտի փորձէ գտնել այն բոլոր երաշխիքները, որ ասկէ ետք օրէնքի հետ կապուած իրաւական որեւէ տարակարծութիւն չըլլայ:
Օլանտ դիմելով ներկաներուն նշած է, որ գիտէ, թէ ինչպիսի դժգոհութիւններ յառաջացած են 2012-ին ներկայացուած օրէնքի չընդունման շուրջ, որ անոր խօսքով հնարաւոր է` ներկայացուած էր հապճեպ, որուն հետեւանքով ալ յառաջացած էին սահմանադրականութեան հետ կապուած խնդիրներ: Միաժամանակ Օլանտ կարեւոր համարած է նոր օրէնքի անվերապահ սահմանադրականութիւնը, քանի որ եթէ անիկա բողոքարկեն ՄԻԵԴ-ի մէջ, «ապա ատիկա կ՛ըլլայ սարսափելի պարտութիւն Ֆրանսայի համար եւ Հայ Դատի ուրացում»: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման իր խոստումը՝ որեւէ կապ չունի ընտրութիւններուն հետ:
«Խնդիրը հաշտեցնելն է: Հայաստանը եւ Թուրքիան միշտ պէտք է իմանան, որ Ֆրանսան իրենց կողքին է` օգնելու անոնց գտնել երկխօսութիւն», ըսած է Օլանտ:
Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրադ Փափազեան, արձագանգելով նախագահ Օլանտի խօսքին նշած է, որ կը հպարտանան, քանի որ ան 2015-ին եղած է Հայաստանի կողքին:
«2016 թուականին Ֆրանսայի հայկական ծագումով 500 հազար քաղաքացիներ պիտի հետեւին ձեզի` իրենց ամենանուիրական ցանկութիւնը իրականացնելու գործողութիւններու ճանապարհին», ըսած է Փափազեան, որ իր ելոյթը հրապարակած է «Ֆէյսպուք»ի մէջ: