*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Երեքշաբթի, 26 Յունուար 2016-ին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի այցելեց Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիս Պապին, Վատիկանի իր նստավայրին մէջ։ 17 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ Իրանի նախագահ մը կ՛այցելէր Վատիկան եւ տեսակցութիւն կ՛ունենար Պապին հետ։ Անոնց հանդիպումը տեւեց 40 վայրկեան եւ կեդրոնացաւ միջ-կրօնական խօսակցութեանց կարեւորութեան վրայ։
Արդարեւ վերջին անգամ Նախագահ Խաթամին էր, որ 1999-ին այցելած էր Յովհաննէս-Պօղոս II Պապին։ Իսկ միակ Սրբազան Քահանայապետը որ այցելած է Իրան՝ Պօղոս VI-րդն էր, որ 1970-ին գացած էր Թեհրան։ Գիտէք անշուշտ, որ այն ժամանակ Իրանը կայսրութիւն էր, Շահ Ռըզա Պահլաուիի իշխանութեան ներքոյ։
Նախագահ Ռուհանի Իտալիա եւ ապա Ֆրանսա կը գտնուէր՝ վերանորոգելու Իրանի հետ առեւտրական կապերը, որոնք խզուած էին՝ երբ միջազգային տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկուեցաւ Իրան, կորիզային վառելանիւթի պատրաստութեամբ ամբաստանուելով։ Արեւմտեան պետութիւններ կը խորհէին, թէ այս մէկը նախաքայլն էր հիւլէական զէնքերու արտադրութեան, որ կրնար խախտել աշխարհի խաղաղութեան ձգտող իրենց ջանքերը։
Հոս պէտք է աւելցնել, որ երկու շաբաթ առաջ միջազգային տնտեսական պատժամիջոցները վերացան, երբ Իրան հինգ մեծ պետութիւններու հետ՝ միջուկային զէնքերու արտադրութիւնը կասեցնելու համաձայնագիր ստորագրեց Վիէննայի մէջ։
Նախագահ Ռուհանի Իտալիոյ մէջ կազի առաքման պայմանագիր մը ստորագրեց, իսկ Ֆրանսայի մէջ Փեժօ (Peugeot) ինքնաշարժ ներածելու պայմանագիր մը ստորագրելէ զատ, յանձնառու եղաւ 127 Էրպաս (Airbus) տեսակի օդանաւեր գնելու։ Այս բոլորին լայնօրէն արձագանգ հանդիսացաւ Թեհրանի պետական մամուլը։
Պատմական այս այցելութիւնները, որոնք կը ձգտին իրանի հանդէպ ցարդ արմատացած բացասական մտապատկերը (image) մասամբ բարեփոխելու, դժբախտաբար արձանագրեցին նաեւ արեւմտեան բարքերուն խորթ երեւոյթներ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Նախ եւ առաջ, երբ նախագահ Ռուհանի պետական շրջանակներէ ներս կ՛ընդունուէր, ան կը խուսափեր իգական սեռի պատկանող բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ձեռքերը թօթուելէ։ Ան կը բաւականանար պարզապէս գլխու նշանով մը բարեւելով զիրենք։
Երկրորդ, երբ նախագահ Ռուհանի կ՛այցելէր Հռոմ քաղաքի պետական թանգարանը, թանգարանի պատասխանատու պաշտօնեաները նախապէս փայտեայ վանդակներով ծածկած էին բոլոր մերկ արձանները, որպէսզի անոր զգացումները չվիրաւորուին։
Մենք գիտնենք, որ իսլամական կրօնքը ստեղծուած է 7րդ դարուն, իսկ այժմ մենք կ՛ապրինք 21րդ դարու մէջ։ Ուրեմն որքան ճիշդ է, որ եօթերորդ դարուն ստեղծուած կրօնքի մը սովորութիւնները տակաւին կիրարկուին քսանմէկերորդ դարուն։
Թերեւս մենք իրաւունք չունինք դատապարտելու իսլամները, եթէ անոնք շարունակեն կիրարկել կրօնական իրենց հնադարեան սովորութիւնները իրենց երկիրներուն մէջ։ Սակայն երբ անոնք իրենց երկրէն դուրս գան, պէտք է ենթարկուին այդ երկիրներու կարգ ու կանոնին, չէ՞ք խորհիր։
When in Rome, do like the Romans do (Երբ Հռոմի մէջ ես, ըրէ այնպէս ինչպէս հռոմէացիները կ՛ընեն), կ՛ըսէ նշանաւոր ասացուածքը։
Ամէնայնդէպս կը խորհիմ, որ եթէ մերկ արձանները կը վիրաւորեն նախագահ Ռուհանիի զգացումները, ան պէտք չէ այցելէ Հռոմի թանգարանները եւ վերջ։ Իսկ գալով իգական սեռի պատկանող պետական անձնաւորութեանց ձեռքերը չթօթուելուն, այդ երեւոյթը պէտք է վերագրել՝ Յակոբ Պարոնեանի «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց» բացատրութեան եւ այսպէսով վերջացնել միջազգային քաղաքական այս կծու ակնարկը։ Հասկցողին շատ բարեւներ։