Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Հայ Կայքահէններ Ազրպէյճանական Գաղտնի Փաստաթուղթեր Հրապարակած Են

Մոնթէ Մելքոնեանի սայպըր (cyber) բանակի կայքահէնները, Հայոց բանակի օրուան առիթով յարձակած են Ազրպէյճանի պետական կայքերու վրայ:

Այս մասին գրուած է սայպըր բանակի «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ, ըստ որուն յարձակման պատճառով անհասանելի դարձած են Ազրպէյճանի պետական մարմիններու համացանցային աղբիւրներու կայքը (gov.az), Ազրպէյճանի պետական կառոյցը (e-gov.az) եւ հարկեր վճարելու կայքը (taxes.gov.az):

Հրապարակուած են գաղտնի փաստաթուղթեր Քաղաքացիական ծառայութեան յանձնաժողովի կայքէն (csc.gov.az), 81 հազար ազրպէյճանցիներու ելեկտրոնային հասցէներ, գաղտնաբառեր, անուն-ազգանուններ եւ IP հասցէներ:

Բոլոր տուեալները տեղադրուած են բաց ցանցի մէջ, որ կարելի է ներբեռնել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին