Սթրազպուրկի մէջ աւարտած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 16-րդ նիստը, որուն մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը: Երկօրեայ քննարկումներու աւարտին որդեգրուած փաստաթուղթին մէջ, այլ հարցերու շարքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ՝ Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած 2 հակահայկական բանաձեւերուն: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափն է եւ այս ուղղութեամբ մեծապէս կը խրախուսենք համաեւրոպական եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրենց տեսակէտներուն եւ բանաձեւերուն մէջ ըլլալու համահունչ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, որպէսզի այդ ձեւով նպաստեն տագնապի խաղաղ լուծումին»: Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 16-րդ նիստէն բխած միացեալ յայտարարութեան մէջ, անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հեռանկարներուն, այդ յարաբերութիւնները կարգաւորող նոր իրաւական փաստաթուղթին: Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութեան վերջին` 16-րդ կէտին մէջ ըսուած է. «Կ՛արձագանգէ Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի 10 Յունիս 2015ի կոչին, որուն մէջ կը յորդորուի կարգաւորել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ արձանագրութիւններու վաւերացման եւ միակողմանիօրէն փակուած սահմանի բացման միջոցով: Կ՛աջակցի շրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն` համոզում ունենալով, որ անոնք կրնան վերջ դնել շրջանին մէջ որեւէ երկիրի մեկուսացման: Լիայոյս ենք, որ նման զարգացումները պիտի օգնեն յաղթահարելու անցեալի ժառանգութիւնը եւ խիզախօրէն առերեսուելու անոր հետ»: