*ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ*
«14 տարի է վարսավիրութեամբ կը զբաղիմ: Սուրիոյ մէջ իմ վարսավիրանոցը ունէի. շատ ուրախ, երջանիկ կ’ապրէինք: Հայաստան «հարկադրաբար» եկանք, 2012 թուականի Նոյեմբերին: Որոշած էինք Նոր տարին դիմաւորել, քիչ մը հանգստանալ ու վերադառնալ…»:
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու արդէն ծանօթ ու անծանօթ պատմութիւններ են: Միայն «հերոսներ»ը տարբեր են, այս անգամ վարսայարդար Գոգօ Գալայճեանն է, որուն «Koko Kalayjyan Hair & care» սրահը կը գտնուի Պուշկին 49 հասցէին վրայ:
«Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին սուրիահայ վարսայարդարը կը շարունակէ.
– Այս տարիներու ընթացքին յաճախ կը բացակայէի, բայց ի վերջոյ որոշեցի հաստատուիլ Հայաստանի մէջ եւ այստեղ աշխատիլ:
Երկու ամիս ապրած եմ Պէյրութ, տաս ամիս Ռուսաստանի մէջ աշխատելու փորձառութիւն ունեցայ: Ցանկացայ տեսնել, թէ ինչու Հայաստանի մէջ շատերը այդքան կը փափաքին տեղափոխուիլ Ռուսաստան. ես նոյնպէս փափաքեցայ այդ փորձառութիւնը ունենալ: Եւ… թէ՛ աշխատանքի, թէ լեզուի առումով ուսանելի ճանապարհ անցայ:
– Գտա՞ք Ձեր հարցի պատասխանը, թէ ինչու՞ կ’երթան:
– Գտայ ու հասկցայ, որ անիմաստ է այդ ամէնը: Այն աշխատանքը, որ հիմնականին մէջ կը կատարեն հայերը (խօսքս աւելի ապահով խաւի մասին չէ), կրնան այստեղ ալ ընել: Կարիք չկայ ընտանիքը ձգել-երթալ Ռուսաստան աշխատելու եւ մինակ ապրելու: Նոյն բանը ես ալ զգացի: Ճիշդ է Ռուսաստանի մէջ դուն աւելի շատ կը վաստակիս, բայց նոյնքան ալ կը ծախսես: Արդիւնքը նոյնն է:
– Ինչքա՞ն ժամանակ է, որ վարսավիրանոցը կը գործէ: Այս ընթացքին ի՞նչ յաջողութիւններ եւ դժուարութիւններ եղած են:
– Վարսավիրանոցը 2015 թուականի Մարտ ամիսէն կը գործէ. մօտ ինը ամիս է արդէն:
Յաջողութիւնը քաղաքին մէջ մեր ձեռք բերած անունն է: Մեր սրահը աւելի ճանաչելի կը դառնայ, շատերը կը սկսին հետաքրքրուիլ մեր ծառայութիւններով: Մասնաւոր դժուարութիւններ դեռ չենք ունեցած, որովհետեւ մենք լաւ սերտած ենք, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ այս գործը կ’իրականացուի:
Ի հարկէ կան տարբերութիւններ: Օրինակ Սուրիոյ կամ Միջին Արեւելքի մէջ մեր գործը տարբեր ձեւաչափով կը կատարուի: Այնտեղ կ’աշխատին որպէս խումբ, իսկ այստեղ որպէս անհատ: Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն մասնագէտը, ոչ թէ սրահը: Սա շատ բարդ է ու ժամանակի կորուստ: Փոխարէնը կարելի է շատ աւելի եւ շատ արագ սպասարկում իրականացնել:
Մեր աշխատողները նախ փորձնական շրջան կ’անցնին, եթէ կը համապատասխանեն մեր չափանիշներուն, կ’ընդունինք աշխատանքի: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ: Մենք ունինք սուրիահայ, պարսակահայ եւ երեւանցի աշխատողներ: Բնական է աշխատանքի մօտեցման տարբերութիւններ կան, որոնք կամաց-կամաց կը հարթուին:
Օրինակ յաճախորդին սպասարկելու մօտեցումը տարբեր է: Յաճախորդին գոհացնելու համար պէտք է դեռ քիչ մը աւելի շատ աշխատանք տանիլ: Վարսավիրանոց մտնելուն արդէն յաճախորդը պէտք է զգայ, որ յարգուած է եւ սպասուած:
– Ովքե՞ր են Ձեր հիմնական յաճախորդները:
– Իմ յաճախորդներուս մեծամասնութիւնը տեղացի հայեր են: Այստեղ նուրբ հարց մը կայ. այսօր Հայաստան ապրող սուրահայերէն շատերը չունին նախկին հնարաւորութիւնները: Սուրիոյ մէջ մօտ 10 տարուան յաճախորդներ ունէի, որոնք շաբաթը 4 անգամ սրահ կու գային, այստեղ 4 ամիսը անգամ մը կ’այցելեն: Պատճառը. այնտեղ տեղ երթալու աւելի շատ առիթներ ունէին: Այստեղ ոչ միայն շատ առիթներ չկան, այլեւ չունին այդ հնարաւորութիւնները:
– Իսկ նախասիրութիւններու տարբերութիւն կա՞յ:
– Հայաստանի մէջ աւելի հեշտ է աշխատիլը: Արաբական աշխարհի մէջ աւելի բարդ, ֆիքսուած սանտրուածքներ ընդունուած էին: Այստեղ աւելի բնական սանտրուածքներ կը նախընտրեն: Ոճը փոխելու մէջ մասնագէտին դերն ալ մեծ է:
– Ձեր ապագան Հայաստանի մէջ կը պատկերացնէ՞ք:
– Մեզի համար ապագան կանխատեսելը ամենադժուար բաներէն մէկն է, որովհետեւ միւս շաբաթ ինչ պիտի ըլլայ յայտնի չէ: Աշխատանքի առումով կարելի է լաւ ապագայ ունենալ Հայաստանի մէջ:
Մեր ապագան կախուած է նաեւ մեր ծննդավայրի ապագային հետ: Առայժմ այստեղ ենք եւ ուրիշ բանի մասին չենք մտածեր:
Մեր սխալը այն էր, գոնէ իմ, որ չէինք կրնար կեդրոնանալ, թէ ուր պէտք է ըլլանք: Հիմա կեդրոնացումս միայն այստեղ է: Ու եթէ ամէն ինչ լաւ ըլլայ, ուրիշ տեղ երթալու ո՛չ նպատակ, ոչ ալ տրամադրութիւն ունիմ:
– «Լաւ» ըսելով ի՞նչ նկատի ունիք:
– Հանգիստ, լաւ գործ ու լաւ ապագայ: Աշխատող մարդու համար ամէն ինչ հնարաւոր է:
Հայաստանի մէջ իմ սրահս մօտ ինը ամսուան կեանք ունի, իսկ Սուրիոյ մէջ մօտ 10 տարուան (հիմա այլեւս չկայ, որովհետեւ հրթիռը վնասած է): 10 տարեկանը 9 ամսականի հետ կարելի չէ բաղդատել: Սուրիոյ մէջ 8 աշխատողներ ունէի, եթէ 24 ժամ բաց ըլլար վարսավիրանոցը, ապա 24 ժամն ալ կ’աշխատէինք: Այնտեղ ամէն ինչ արդէն կայունացած էր: Այստեղ կայունանալու, հաստատուելու եւ հունի մէջ մտնելու համար դեռ ժամանակ պէտք է: Փոքր, մանր քարեր ալ կ’ըլլան ճանապարհին, բայց ատոնք ալ կը յաղթահարուին:
– Արդեօ՞ք հայաստանեան հնարաւորութիւնները բոլորին համար նոյնն են:
– Գործի ասպարէզները տարբեր են եւ մէկը միւսին չի համեմատուիր: Հայաստանի մէջ շատ գործեր կան, որ հանգիստ կրնաս յաջողիլ, գործեր ալ կան, որ անյոյս են Հայաստանի պարագային, գոնէ առ այժմ: Վարսավիրութիւնը հեշտ գործերէն մէկն է:
Սուրիահայերու մեծ մասը գործարարներ էին, գործարանատէրեր: Բոլորը իրենք զիրենք փաստած մարդիկ էին: Անոնց փորձառութիւնը քննարկման ենթակայ չէ, բայց այստեղ չեն կրնար յարմարիլ: Հայաստանի մէջ կայ հնարաւորութիւններու պակաս, օրէնքներու տարբերութիւն, արգելքներ:
Սուրիահայերու մեծամասնութիւնը արդէն 3 տարի այստեղ է, եւ որոշ չափով կրցած է ճանչնալ քաղաքը, օրէնքները, կարգերը: Կան մարդիկ, որոնք կը ցանկան Եւրոպա, Գանատա երթալ:
Իմ կարծիքովս եթէ հնրաւորութիւն կայ բան մը ստեղծելու Հայաստանի մէջ, աւելի լաւ է մնալ այստեղ, քիչ մը աւելի տանջուիլ, քան անծանօթ երկիր երթալ, որուն կենցաղը, լեզուն կամ ապրելակերպը քեզի ծանօթ չէ:
Եթէ հնարաւորութիւն կայ, հայը պէտք է ապրի Հայաստանի մէջ: 100 տարուան պատմութիւնը մեր աչքին առջեւ է, իսկ պատմութիւնը կը սիրէ կրկնուիլ: Որպէսզի այդ ամէնը չկրկնուի, պէտք է մնալ այստեղ: Բայց անշուշտ հնարաւորութիւն պէտք է ըլլայ, միջոցներ, աշխատանք…։
Ուր ալ երթանք` ժամանակաւոր հիւր ենք: Այս երեք տարիներու ընթացքին ես ալ շատ բացակայեցայ, վերապատրաստման, գործի առումով, բայց երբ օդակայան կը հասնիմ, տարբեր կը զգամ: Ասոնք լոկ խօսքեր չեն, Հայաստանի մէջ աւելի հանգիստ կը զգամ: Բայց աշխատանք պէտք է ըլլայ: Քաղաքը կրնայ գեղեցիկ ըլլալ, կենցաղը շատ լաւ, բայց եթէ դուն այդ ամէնէն չես կրնար օգտուիլ, այդ ամէնը անիմաստ կը դառնան:
«Հայերն Այսօր»