Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հարցազրոյց Հայրենի Գիտնական Ռոպերթ Սարգսեանի Հետ

Վարեց ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Հիւրաբար Լոս Անճելոս կը գտնուի աշխարհահռչակ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի աշակերտներէն Ռոպերթ Սարգսեանը։ Ան ծնած է Զանգեզուրի Սիսեան շրջանի Սալվարդ գիւղը, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, իսկ բաձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բնագիտութեան կաճառին մէջ, զոր 1969-ին աւարտելէ ետք, ընդունուած է Բիւրականի աստղադիտարանը, որպէս գիտաշխատող։

Օգտուելով այս պատեհ առիթէն, շահեկան հարցազրոյց մը ունեցանք իր հետ, որ կը ներկայացնենք ընթերցողի ուշադրութեան։

Բարի եկած էք Պրն. Սարգսեան։

Հարցում։ Ի՞նչ է ձեր այցելութեան նպատակը։

Պատասխան։ Նախ տեսնել զաւակներս եւ թոռներս ու կարօտս առնել, ապա այցելել հայկական երկրորդական վարժարաններ ու հանդիպում ունենալ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն հետ, որպէսզի գիտութեան խայծով հրահրեմ զանոնք։

Հարցում։ Դուք պատրաստ եւ հետաքրքրական նիւթ մը ունի՞ք մատուցանելու աշակերտներուն։

Պատասխան։ Այո, անշուշտ։ Իմ նիւթը պիտի ըլլայ «Աստղագիտութիւնը երէկ, այսօր եւ վաղը։» Ես այդ նիւթին համար պատրաստած եմ տեսաներիզով (power point) համառօտ դասախօսութիւն մը, որմէ ետք աշակերտներ առիթը պիտի ունենան հարցում հարցնելու։

Հարցում։ Ինչո՞ւ հետաքրքրուած էք երիտասարդներով։

Պատասխան։ Պարզապէս որպէսզի Վիքթոր Համբարձումեանի գործը շարունակուի։ 1996 թուականի Սեպտեմբերին իր մահով՝ մենք խորհեցանք, որ Բիւրականի աստղադիտարանն ու անոր հետ առընթեր գիտական ուսումնասիրութիւնները վերջ գտան։ Բարեբախտաբար սակայն ամիս մը չանցած, 40 աշակերտներ Հայաստանէն մասնակցեցան Մոսկուայի Առաջին միջազգային աստղագիտական ողիմպիականին եւ հայ մը՝ Իգոր Չիլինգարեան շահեցաւ առաջին մրցանակը։

Հարցում։ Անշուշտ ուրիշ երկիրներ ալ մասնակցեցան վերոյիշեալ ողիմպիականին։

Պատասխան։ Բնականաբար, սակայն ոչ մեծ թիւերով։ Օրինակի համար Իտալիայէն կային 10-ը ուսանողներ, իսկ Թուրքիայէն միայն 5։ Ցարդ 23 հայ ուսանողներ տիրացած են առաջնութեան մրցանակին։ Բայց դժբախտաբար անոնցմէ շատերը տարածուած են աշխարհով մէկ եւ մեր նպատակն է զանոնք բերել Հայաստան։

Հարցում։ Ի՞նչ յիշատակներ ունիք աշխարհահռչակ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանէն։

Պատասխան։ Ան մեծ հայրենասէր էր, որովհետեւ թէեւ կ՛իշխէր հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ քիչ մըն ալ հնդկերէն լեզուներուն, սակայն միշտ կը գրէր հայերէնով։ Իսկ թէեւ կինը ռուս էր, սակայն տան մէջ խօսակցական լեզուն միշտ եղած էր հայերէնը, իրենց չորս զաւակներուն հետ։

Հարցում։ Ինչպէ՞ս էր իր յարաբերութիւնը եռջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետի հետ։

Պատասխան։ Գիտէք ինչ, Վեհափառի ամառնային հանգստարանը Բիւրական կը գտնուէր եւ անոնք սերտ յարաբերութիւն մշակած ըլլալով, յաճախ կը հանդիպէին իրարու։ Կ՛ըսուի, թէ օր մը հետեւեալ խորիմաստ զրոյցը փոխանակուած է իրարու միջեւ։ Վեհափառի հարցին, թէ ի՞նչ է մեր նմանութիւնը, Համբարձումեան պատասխանած է՝ երկուքս ալ վեր կը նայինք, սակայն տարբեր բաներ կը տեսնենք…։

Հարցում։ Ի՞նչ հրատարակութիւններ հեղինակած էք ցարդ։

Պատասխան։ Ասպարէզիս բերումով հրատարակած եմ 30 գիտական ուսումնասիրութիւններ եւ հինգ գիրքեր, որոնցմէ վերջինը՝ «Վիքթոր Հ. Համբարձումեանի Հետեւորդները» լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, 2012ին։

Հարցում։ Հիմա ի՞նչ աշխատանքով կը զբաղիք։

Պատասխան։ Նախ ըսեմ, որ Հայաստանի Գիւղատնտեսական Համալսարանին պատկանող՝ երկրորդական վարժարանի տնօրէնն եմ։ Իսկ 2014ին հիմնուեցաւ Վիքթոր Համբարձումեանի Հետնորդներու Կրթական Բարեգործական Հիմնադրամը, որու վարիչ տնօրէնն եմ։

Հարցում։ Ի՞նչ են այդ հիմնադրամի նպատակները։

Պատասխան։ Մեծ աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանի ժառանգութիւնը պահպանել եւ զարգացնել, աստղագիտութեան ուսուցումը դարձնել անհրաժեշտութիւն աշխարհի բոլոր հայերուն եւ լայն զանգուածներու համար հետաքրքրութիւն ստեղծել աստղագիտութեան հանդէպ։

Հարցում։ Որո՞նք են այդ հիմնադրամի հոգաբարձուները։

Պատասխան։ Աշխարհահռչակ դէմքեր։ Օրինակ մը տալու համար բաւ է յիշել Երուանդ Թերզեանը, համանախագահը Նիւ Եորքի Գորնէլ համալսարանին, Արեգ Միքայէլեանը, համանախագահը Բիւրականի Ասղտադիտարանին, Պրայն Շմիթը, Աւստրալիոյ Ազգային Համալսարանէն, որ տիրացած է 2011-ի Նոպելեան մրցանակին բնագիտութեան մէջ, Իկոր Քարաչենցեւը, Ռուսիոյ աստղադիտարանէն, Նունօ Սանթօսը, Փորթուկալի Փօրթօ համալսարանէն եւ շատ ուրիշ նշանաւոր դէմքեր։

Հարցում։ Ինչպէ՞ս պէտք է յաւերժացնել Վիքթոր Համբարձումեանի յիշատակը։

Պատասխան։ 2009ին հաստատուած է Վիքթոր Համբարձումեանի անուան գիտական մրցանակ, որուն արժանացած են վերոյիշեալ գիտնականներէն շատերը։

Հարցում։ Իսկ դուք որեւէ շքանշանի արժանացա՞ծ էք։

Պատասխան։ Համեստաբար այո։ 2009-ին ինծի շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Ոսկիէ Մետալը, այդ մարզերուն մէջ իմ մատուցած ծառայութիւններուս համար։

Հարցում։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք նոր սերունդին համար։

Պատասխան։ Ես կ՛ուզեմ անոնց փոխանցել Վիքթոր Համբարձումեանի պատուիրանները, որոնք են ըլլալ աշխատասէր, իրեն նման սիրել հայոց լեզուն եւ գիտութիւնը ու երբեք չյուսահատիլ ի տես դժուարութեանց, որոնք կամքով եւ յարատեւութեամբ կրնան յաղթահարուիլ։

Շնորհակալ եմ ձեր սուղ ժամանակէն տրամադրելու համար եւ սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր ապագայի ծրագիրներուն։

Հոս պէտք է յիշեմ, որ Ռոպերթ Սարգսեանը արժանաւոր խնամին է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վեթերան անդամ եւ վաստակաշատ ղեկավար, այժմ ամերիկաբնակ Սամուէլ Իլանճեանի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին