Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Արցախցի Երգիչը Սպանիոյ Մէջ Արժանացած Է «Կրան Փրի»ի

Արմատներով հադրութցի պարիթոն Սար Սարգսեան, Սպանիոյ Լլորեթ տէ Մար ծովափնեայ քաղաքին մէջ մասնակցած է՝ «Gran Fiesta» միջազգային արուեստի մրցոյթին եւ նուաճած հերթական «Կրան Փրի»ն:

«Արցախփրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Սար Սարգսեան նշած է, որ միջազգային արուեստի մրցոյթը կազմակերպած էր «Fiestalonia Milenio» միջազգային կազմակերպութիւնը:

«Տարբեր երկիրներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու հետ մասնակցելով երկու` «Folk vocal» եւ «Pop Vocal» անուանակարգերուն, արժանացած եմ երկու մրցանակի: «Folk vocal»-ի մէջ կատարելով «Ղարաբաղի հորովել» երգը արժանացած եմ առաջին մրցանակի, իսկ «Pop Vocal»-ին Falvo «Dicitencellovuje» երգով «Կրան Փրի»ի, ըսած է Ս. Սարգսեան եւ ընդգծած, որ «իրեն համար ատիկա մեծ հպարտութիւն է, քանի որ մրցոյթին կը մասնակցէր Ազրպէյճանէն եկած մեծ պատուիրակութիւն մը, իսկ իմ` արցախցի երգիչիս  յաղթանակով հայոց եռագոյնի ծածանումը  մեծ  խորհուրդ  ունի», հպարտութեամբ խօսքը աւարտած է Ս. Սարգսեան:

9

Սար Սարգսեանի խօսքով թէեւ իր յաղթանակի պահուն ազրպէյճանցի ներկայացուցիչները շատ լարուած ու ջղային վիճակի մէջ էին, բարեբախտաբար որեւէ տհաճ միջադէպ չարձանագրուեցաւ:

Նշենք նաեւ, որ մրցոյթին Սար Սարգսեան ներկայացած է Կատարողական արուեստի համաշխարհային ընկերակցութեան (WAPA) նախագահ Արման Ղուկասեանի գլխաւորութեամբ: Անցած տարի արցախցի երգիչը Պուլկարիոյ եւ Խորուաթիոյ մէջ կայացած միջազգային մրցոյթներուն արժանացած է 2 «Կրան Փրի» մրցանակի, Իտալիոյ եւ Խորուաթիոյ մէջ երկուական անուանակարգերուն 4 ոսկէ մետալի եւ Լիթուայի մէջ «Լաւագոյն դասական երգիչ» անուանակարգին:

Սար Սարգսեան ծնած է 1981 թուականին Արցախի Հադրութ քաղաքը: Նախնական երաժշտական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ: 2002թ. աւարտած է Ստեփանակերտի Սայեաթ-Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանի վոքալի բաժինը, իսկ 2007-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նոյն բաժինը: «Ռուսաստանի սիրուած երգեր» ռուսական երգի հանրապետական երկրորդ մրցոյթ-փառատօնի դափնեկիր Սար Սարգսեան, 2008-ին  աւարտած է Երեւանի երաժշտանոցի թեկնածուականը:

Արժանացած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հաւաստագիրերու` «Իմ Հայաստան» եւ «Կոմիտաս Վարդապետ» համահայկական փառատօններուն մասնակցելու համար: Որպէս մենակատար համագործակցած է Շուշիի «Վարանդա», Արցախի պետական «Մռակած» քամերային եւ «Վարարակն» ակադեմական երգչախումբերու, ինչպէս նաեւ Արցախի քամերային նուագախումբին հետ:

Մասնակցած է  շարք մը համերգներու եւ ունեցած մենահամերգներ Արցախի, Հայաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Պուլկարիոյ, ԱՄՆ-ի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Չինաստանի մէջ: Երգացանկին վրայ ընդգրկուած են հայ, ռուս եւ արեւմտաեւրոպացի երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Ակադեմական ելոյթներուն զուգահեռ` արցախցի երաժիշտը համերգային գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ էսդրատայի ժանրին մէջ: 2012թ. լոյս  տեսած է Սար Սարգսեանի «Կարօտ» անդրանիկ ձայնասկաւառակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին