Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

«Կոմիտաս» Ձայնասկաւառակը Նոր Շունչ Եւ Միջազգային Հանրայնացում Կը Բերէ Հայկական Երաժշտութեան

Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի ապագայ՝ եթէ կ’ապրի եւ անընդհատ կը շնչէ, եւ ունի միջազգային հետաքրքրութիւն՝ եթէ համամարդկային  արժէք է: Հայկական երաժշտութիւնը խորունկ է եւ համամարդկային ու կրնայ հանդիսանալ հինաւուրց քաղաքակրթութիւններու ընկալման կարեւոր բանալիներէն մէկը:

Վերջերս հայութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` Գերմանական ECMrecords-ի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` իր  30  էջնոց  բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ  եւ  լուսանկարներով:  Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսգէնեանի կողմէ:

Ձայնասկաւառակը  հրաշալի  հնարաւորութիւն  եւ  առիթ  է՝ Կոմիտասի  երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ  բացայայտելու եւ տարածելու համար: Ան կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդին հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը:

Սա մինչեւ օրս միջազգային  ամենամեծ  ու  լայն  անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի  երաժշտութեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecords-ը  ըլլալով  աշխարհի մէջ  շատ  յայտնի  եւ  մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ’օգտագործէ աշխարհով մէկ ունեցած  իր բոլոր լծակները` նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան: Ան  նաեւ կ’ապահովէ  զանգուածային  լրատուամիջոցներու  եւ  երաժշտական փառատօններու  անդրադարձը:

Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ  գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ գրի առնուած ու քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս օրինակ «Կարնոյ ետ ու առաջ»ը, «Կարնոյ շորոր»ը, «Մշոյ շորոր»ը , Կանացի մենապարերը, Մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով` տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչա, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն:

Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի  գեղարուեստական  ղեկավար Լեւոն Իսգէնեան, որպէս գործերու սկզբնաղբիւր օգտագործելով  այն  ժողովրդական  նուագարանները,  որոնց  մասին  որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր  իւրաքանչիւր  ստեղծագործութեան  վրայ նշած է Կոմիտասը` թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն:

Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային` ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան եւ ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին` բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է»:

Անգլիական Songlines magazine-ի կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տաս լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին:

Ան արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու, ներառեալ առցանց ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին