Նախագահ Ս. Սարգսեան. «Լրագրողական Ազատութիւնները Հայաստանի Մէջ Շատ Մօտ Են Ժամանակակից Յառաջադէմ Պահանջներուն»

0
185

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նստավայրին մէջ ընդունելութեան հրաւիրած է՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները: Նախագահին մամուլի գրասենեակի հաղորդմամբ,  Սերժ Սարգսեան գալիք տօներուն առիթով շնորհաւորած է ընդունելութեան մասնակցող լրագրողները եւ ի դէմս անոնց Հայաստանի բոլոր լրագրողներն ու լրատուամիջոցներու աշխատակիցները, անոնց ընտանիքները` մաղթելով առողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ բոլոր ձեռնարկներուն մէջ։ Այս առիթով նախագահ Սարգսեան ներկաներուն ուղղուած իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Լրագրողական ազատութիւնները Հայաստանի մէջ շատ մօտ են ժամանակակից յառաջադէմ պահանջներուն»: