Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Քոնան Հայաստանի Մէջ» Հաղորդումը Մարդկային Ընկերութեան Իւրօրինակ Պատմութիւն Էր

Ամերիկեան յայտնի «Քոնան» հեռուսահաղորդման Հայաստանի մասին պատմող հաղորդումը, արտասահմանի մէջ նկարուած կատակերգութիւն չէր միայն: Անիկա պատմութիւն մըն էր մարդկային ընկերութեան եւ կարեկցանքի մասին` երկիրի մը մէջ, որուն այդքան քիչ տեղ կը յատկացուի ամերիկեան հեռուստաընկերութիւններուն մէջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­ը, այս մասին pastemagazine.com­-ի մէջ կը գրէ Լիզ Օհանէսեան` անդրադառնալով Քոնան Օ’պրայընի եւ անոր օգնականին` Սոնային Հայաստան կատարած այցելութեան:

«Ինչպէս Սոնան, ես ալ ազգութեամբ հայ եմ, սակայն երբեք Հայաստան չեմ եղած եւ Լոս Անճելոսը իմ տունս կը համարեմ: Բոլոր անոնց համար, որոնք կը կիսեն մեր այս ժառանգութիւնը, Հայաստանը ուղղութիւն մըն է` եթէ ոչ ապրելու, ապա գոնէ այցելելու համար: Ան ֆիզիքական Հայրենիքն է բոլոր անոնց համար, որոնք գրեթէ ոչնչացուեցան 1915 թուականի Ցեղասպանութեան ժամանակ», կը գրէ Լիզ Օհանէսեան` պատմելով, որ «Քոնան Հայաստանի մէջ» հաղորդումը կը պատմէ երկու միահիւսուող պատմութիւններ: Մէկը Քոնանի պատմութիւնն է, որ կը մտնէ իրեն համար անծանօթ մշակոյթ, իսկ միւսը Սոնային պատմութիւնն է, որ մեծցած է այդ մշակոյթով, սակայն չէ եղած հոն, ուր իր արմատներն են:

Հաղորդման եզրափակիչ հատուածը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւնն է, ուր Սոնան Քոնանին կը պատմէ Ցեղասպանութեան մասին եւ չի կրնար զսպել արցունքները, երբ կը ներկայացնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը: «Այս դրուագը որոշիչ նշանակութիւն կ՛ունենայ այցի առարկայացման համար: Անիկա կը բացատրէ, թէ ինչու յառաջացած է Սփիւռքը, եւ թէ ինչու Հայաստան ուղեւորութիւնը դարձած է իւրօրինակ ուխտագնացութիւն ամբողջ աշխարհի հայերուն համար», կը­ նշէ Օհանէսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին