Զրուցեց՝ ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
Հայ երիտասարդները ապրելով Հայաստանէն անդին տարիներու ընթացքին կը հասկնան, որ պէտք է վերջնականապէս իրենց բնօրրանին մէջ հաստատուին եւ սեփական օրինակով ոգեւորեն աշխարհասփիւռ հասակակիցներուն: Անոնցմէ հայրենադարձութեան ուղին բռնած է Անահիտ Խալաթեանը:
Անահիտը երեք ամիս առաջ Մոսկուայէն Հայաստան տեղափոփուած է: Պատճառը մէկն էր. Հայաստանէն հեռու ապրիլը այլեւս անհնարին դարձած էր:
-Անահի՛տ, Ձեր Հայաստան վերադառնալը ի՞նչ նախապատմութիւն ունի:
-Նախ ըսեմ, որ ընտանիքով Մոսկուա տեղափոխուած ենք 90-ական թուականներուն: 23 տարի ապրելով Մոսկուա` այլեւս չէի կրնար հաշտուիլ այն միտքին հետ, որ Հայաստանէն հեռու կը գտնուիմ: Անընդհատ գլխուս մէջ կը պտտէր հայրենադարձութեան գաղափարը, սակայն չէի յաջողիր իրագործել որոշումս: Կտրուկ որոշում կայացնելէ ետք վաղեմի երազանքս իրականութիւն դարձուցի: Առջեւս նպատակ դրած էի հասկնալու համար, թէ սեփական ուժերուս ապաւինելով ինչի կրնայի հասնիլ:
Արդէն երեք ամիս է Հայրենիքիս մէջ կը գտնուիմ` իմ տումս: Հայաստան գալով`առաջինը մաքրամաքուր օդը անյագ շնչեցի: Սա աննկարագրելի զգացողութիւն էր, որ ոչ մէկ բառով չեմ կրնար նկարագրել:
-Իսկ Ձեր ծնողները ինչպէ՞ս արձագանքեցին այս որոշման:
-Ընտանեկան զրոյցներու ժամանակ երբ կը խօսէի հայրենադարձութեան մասին, անոնք լուրջ չէին վերաբերիր՝ կը կարծէին, որ կը կատակէի: Սակայն երբ հասկցան հարցի լրջութիւնը, ամենեւին չընդդիմացան:
Աւելին ըսեմ՝ անոնք եւս մտադրած են վերադառնալ Հայաստան, աշխատանքներ կը տանինք այդ ուղղութեամբ: Հայրս առողջական խնդիրներ ունի, ապաքինուելէ ետք յոյս ունիմ կը միանան ինծի:
-Ինչպէ՞ս կը յաղթահարէք Ձեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Չէ՞ որ միայնակ կ’ապրիք այստեղ:
-Այո՛, միայնակ ապրիլը ինքնին խնդիրներու առջեւ կանգնիլ կ’ենթադրէ: Սակայն երբեք չեմ յուսահատիր, քանի որ ես ընտրած եմ այս կենսակերպը:
Հիմնականին մէջ կենցաղային բնոյթի հարցեր կը յառաջանան: Եթէ նոյնիսկ չեմ կրնար ատոնց լուծում տալ, ապա օգնութեան կը կանչեմ ընկերներս. անոնց որեւէ հարցով կրնամ դիմել եւ անպատասխան չմնալ:
Իսկ մարդոց հետ հաղորդակցելուս լեզուի հետ կապուած որեւէ դժուարութիւն չեմ ունենար, քանի որ լաւ կը տիրապետեմ Մայրենին: Իսկ ընկերային շրջապատ ստեղծած եմ նախապէս Հայաստան կատարած այցելութիւններուս ժամանակ: Ինծի պէս 30 երիտասարդներ կան, որոնք նոյնպէս տարբեր երկիրներէ հայրենադարձուած են: Կը հաւաքուինք, միասին կը զբօսնենք եւ մեզի յուզող թեմաներու մասին կը զրուցենք:
Մինչեւ Հայաստան գալս ապահով ըլլալու համար լուծեցի նաեւ աշխատանքի հետ կապուած հարցը. այժմ կ’աշխատիմ զբօսաշրջային գործակալութեան մը մէջ:
-Անահի՛տ, Մոսկուայի մէջ ապրելու տարիներուն, ինչո՞վ զբաղած էք: Ինչպէ՞ս կազմակերպած էք առօրեան:
-Յագեցած առօրեայով ապրած եմ: Համագործակցած եմ Մոսկուայի հայ համայնքի, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ: 10 տարի միութեան գործոն անդամներէն էի, ինչպէս նաեւ երեք տարի առաջին փոխնախագահի օգնականն էի: Միութեան մէջ հայապահպանման տարբեր ծրագիրներ կազմակերպած ենք, որոնց շնորհիւ ալ աւելի կ’ամրապնդուէր հայրենասիրութիւնս:
Գտնուելով օտարութեան մէջ`շատ կը ցանկայի Հայաստանի մէջ կրթութիւն ստանալ:
Ծնողներս ընդառաջելով խնդրանքիս, ինծի քանի մը ամիսով կ’ուղարկէին Հայաստան: Սակայն ցաւօք սրտի, չյաջողեցայ մինչեւ վերջ յաճախել դպրոց: Ստիպուած ուսումս շարունակեցի Մոսկուայի թիւ 376 դպրոցին մէջ, որմէ ետք ընդունուեցայ Մոսկուայի Զբօսաշրջութեան ակադեմիա եւ հմտացայ զբօսաշրջութեան համակարգողի մասնագիտութեան մէջ:
-Իսկ Մոսկուայի հայ երիտասարդները որքանո՞վ կապուած են Հայաստանի հետ:
– Մոսկուայի հայ համայնքը մեծ է եւ բազմաշերտ: Աշխատանքի բերումով ծանօթացած եմ ոչ միայն Մոսկուայի, այլեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միւս համայնքներուն հետ: Շատ տարբեր են երիտասարդները` իրենց խառնուածքով եւ Հայաստանի վերաբերեալ մօտեցումներով: Կան հայրենասէրներ եւ ոչ այնքան…։
Անոնք կը փորձեն ամէն կերպ օգտակար ըլլալ եւ աւանդ ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Մոսկուայի հայ համայնքին կից ուսանողական խորհուրդ կը գործէ: Այնտեղ անոնց համար հայապահպանման տարբեր ծրագիրներ կ’իրականացնենք: Ի հարկէ այս հարցով մեծ դեր ունին ընտանիքները, որոնք պէտք է օտարութեան մէջ ապրող իրենց երախաներուն ամէն կերպ հայեցի դաստիարակութիւն տան:
-Անահի՛տ, կարելի է Ձեզի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան վաղեմի բարեկամներէն համարել, որ ազնուօրէն կը մասնակցի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն: Պատմեցէ՛ք այս մասին:
– Ստեղծման առաջին օրերէն աշխոյժ համագործակցութեան մէջ եղած եմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Մասնակցած եմ գրեթէ բոլոր ծրագիրներուն, որոնցմէ գոհ մնացած եմ: Այդ նոյն ծրագիրներուն ժամանակ, տարիներու ընթացքին տարբեր երկիրներէ լաւ ընկերներ ձեռք բերի, որոնց կեանքիս կարեւոր նուաճումը կը համարեմ:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւս նպաստեց հայրենադարձուելուս, որուն համար երախտապարտ եմ: Կը վստահեցնեմ, որ նոյն եռանդով պիտի շարունակեմ համագործակցութիւնս նախարարութեան հետ՝ արդէն ոչ թէ սփիւռքահայ, այլ իբրեւ Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացի: