«100 Կեանք» նախագիծը հիմնադրած Է Ամալ Քլունիի անուան ամէնամեայ Կրթաթոշակ, որուն շնորհիւ երիտասարդ լիբանանցի աղջիկներ պիտի կարենան ուսանիլ UWC Դիլիճան քոլեժին մէջ:
«Որպէս մարդու իրաւունքներու յառաջատար պաշտպան` Ամալ Քլունին իր օրինակով կը ներշնչէ երիտասարդ կիները ամբողջ աշխարհի մէջ: Ան կը մարմնաւորէ ազնուութիւնը, դիմացինին կարեկցելու եւ նուիրուելու կարողութիւնը` խորհրդանշելով աշխարհի քաղաքացիի կերպարը», ըստ «Մետիամաքս»ի ըսած է «100 կեանք» նախագիծի եւ UWC Դիլիճան քոլեժի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
Անոր խօսքերով՝ «100 կեանք» նախագիծը կը գիտակցի աւելի մեծ միջմշակութային ընկալման կարեւորութիւնը ապագայ սերունդներուն համար:
«Քոլեժը միաւորելով պայծառ երիտասարդ առաջնորդներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, կը ձգտի կրթութիւնը դարձնել խաղաղութեան շարժիչ ուժ», ըսած է Ռուբեն Վարդանեան:
Այս կրթաթոշակի միջոցով իւրաքանչիւր տարի Լիբանանէն մէկ աշակերտուհի պիտի ուսանի Դիլիճանի դպրոցին մէջ, երկու տարի տեւողութեամբ, Միջազգային պակալաւրիատ ծրագիրով: Կրթաթոշակը պիտի շնորհուի օրինակելի ակադեմական ունակութիւններ եւ մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային հարցերու շուրջ հետաքրքրութիւն դրսեւորած մասնակիցին:
Ամալ Քլունիի անուան առաջին կրթաթոշակը պիտի շնորհուի լիբանանցի ուսանողուհի Փամելա Թեպչրանիին, որ լաւ կը տիրապետէ արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի: Կրթաթոշակի օգնութեամբ ան պիտի մասնագիտանայ մարդու իրաւունքներու եւ կանանց հաւասար իրաւունքներու ապահովման ոլորտին մէջ:
«Այս կրթաթոշակը երիտասարդ լիբանանցի աղջիկներուն կու տայ կեանքի ամենամեծ հնարաւորութիւններէն մէկը: Միջմշակութային կրթութիւնը եւ արտասահմանի մէջ սորվիլը կրնայ բեկումնային փոփոխութիւն ունենալ անոնց կեանքին մէջ: Ես շնորհակալ եմ «100 կեանք» նախագիծին` երիտասարդ եւ պայծառ երիտասարդներուն առջեւ նոր դուռեր բանալու համար», ըսած է Ամալ Քլունի: