*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Ներկայ աշխարհի գլխաւոր մտահոգութիւններէն է ահաբեկչութիւնը՝ թեռորը: Քանի մը օրեր առաջ հեռուստակայաններէն մէկու մը եթերէն յայտագիրի մը հետեւեցայ՝ Ինչպէ՞ս Ահաբեկիչներ կը Կերտուին խորագիրը ընդգրկող: Զրուցավարը մասնագէտ հիւրին հարց տուաւ. Ինչպէ՞ս կարելի է կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին տեսնել՝աշխարհի սպառնացող այսքան լայնածաւալ թեռոր: Ան աւելցուց հարցնելով,ինծի համար անհասկնալի կէտերէն մէկն ալ այն է , թէ ինչպէ՞ս այս ահաբեկիչներուն շարքերուն մէջ կարելի է գտնել ուսեալ-զարգացած անձինք: Հիւրը պատասխանեց ըսելով. Ինչ որ կը տեսնենք այսօր պատրաստութիւնն է տասնամեակներու ծրագրուած եւ յարատեւկազմակերպման,այսպիսի երեւոյթներ մէկ օրէն միւսը չեն ծնիր:
Ըստ հիւրին ահաբեկչութեան գաղափարախօսութիւնը սկիզբ առած է1920ական թուականներուն, Միջին Արեւելք կոչուած հողատարածքին վրայեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ մոլեռանդ գաղափարականի տէր կրօնաւորներ «ցանել»ով ու զիրենք՝ յիշեալկրօնաւորները ընդունող միջավայրէն, թեռորի նիւթական հայթայթել եւ ենթահող պատրաստել, որպէսզի կարենան անոնց գաղափարախօսութիւնը աճեցնել, հասցնելով զայն իր ներկայի մարմնաւորուած վիճակին: Իսկ ինչ կը վերաբերի այս ահաբեկչական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ ուսեալ-զարգացած խաւիմասնակցութեան, հիւրը աւելցուց բացատրելով, թէ բաւարար է տուեալ անձի մըմիտքը իր մանկութեան օրերուն «լուացուի» մոլեռանդ գաղափարախօսութեամբ, եւ այդ անձը հետագային ինչ վկայականներ ալ ձեռք ձգէ, ինչ դիրքի վրայ որ ալ ըլլայ, միշտ պիտի հետեւի իր բնազդին, որ մանկութեան տարիներուն իր մէջցանուած գաղափարներով կազմուած է:
Երկու ժամ տեւողութեամբ յայտագիր մըն էր, որու ընթացքին մասնագէտ հիւրը ահաբեկիչներու եւ ահաբեկչութեան ծնունդ տուող պատճառները փորձեց մանրամասնօրէն բացայայտել: Տարինե՜ր եւ տարինե՜ր միտքեր պատրաստուեցան եւ կրթուեցան այն ուղղութեամբ, որով ներկայ աշխարհի իրավիճակը ստեղծուեցաւ: Հոն յիշուած մեկնութիւններն ու բացատրութիւնները կարելի չէ նոյն այդ ահաբեկչութեան կրակին մէջ ապրող՝ արեւելքի ընթերցողին ամբողջականօրէն փոխանցել, թէեւ վստահ եմ,թէ հայ քաղաքականացած միտքը պիտի ուզէր աւելին գիտնալ այս նիւթին կապակցութեամբ:Դժբախտաբար յուսախաբ պիտի ընեմ զինքեւ իմ նիւթը ամբողջովին հեռու պիտի տանիմ քաղաքականութենէու հարցը պիտիփորձեմ քննել բոլորովին այլ դիտանկիւնէ մը՝ ընկերաբանական (sociological)տեսանկիւնէն:
Նշուած յայտագրին մէջ շատ մը վերլուծումներ հրամցուեցան՝որոնցմէ ոմանք ընդունելի եւ այլք մերժելիէին: Սակայն հոն անհերքելի ճշմարտութիւն մը կար (ըստ իս)եւ ան ալայն էր, թէ ներկայ թեռորը պատրաստութիւնն է երկար տարիներու անյագ եւ կազմակերպուած աշխատանքի: Վերիլման ներածականը կատարեցի միայն՝ որպէսզի դուրս առնեմ այսգլխաւոր միտքը, թէ մեր ներկան արդիւնքն է մեզ նախորդող երկար տարիներու մտակերտումին այնպիսիգաղափարներով, որոնք կը մարմնաւորեն մեր ներկայի մարդկային նկարագիրը եւ հետեւաբար իրավիճակը: Նոյնպէսմեր ապագան կերտելու կապակցութեամբ, պէտք ունինք դարձեալ տարիներու պատրաստութեան այն ուղղութեամբ, որ նպատակակէտ ունինք հասնելու եւ կամ իրագործելու:Եթէ այս սկզբունքըիրական է ահաբեկչութեան առնչութեամբ, ան նոյնպէս իրական կրնայ ըլլալ մարդկային որեւէ այլ երեւոյթի համար ալ: Օրինակ վերցնեմ մեր՝ հայերուս ներկայի իրավիճակը: Եթէ մեր՝ հայոց պատմութիւնըհարիւր տարիներ ետեւ տանինք, պիտի հանդիպինք մեր պատմութեան ամենացաւալի էջին՝ 1915ի Մեծ Եղեռնին: Այս ցաւը սակայն մեր մէջ սկսած է սոյն թուականէն շատ առաջ:Բռնաբարութիւնեւ սպանութիւն, թալան եւ կողոպուտ. այս բոլորը հայը վաղուց կ՚ապրէր օսմանցի թուրքի բռնագրաւման տակ:Մեր այն ժամանակուան մտաւորական դասը, ինչու չէ նաեւ հոգեւորականը, փորձած են գրիչով եւ քարոզախօսութեամբ ժողովուրդին յոյս տալ, երբ մեր ժողովուրդին առջեւ խիտ, ամպամած եւ անորոշ հորիզոն մը կը ներկայանար: Իհարկէ մեր ազատագրական շարժումի հերոսները իրենց զէնքով եւ կեանքերով՝ թշնամին փորձեցին կասեցնելու իրենց սխրանքներով խրախուսեցին հայ ժողովուրդը: Բնական էր այդ Ճգնաժամային պահերը գերբնական եւ արտաբնական միջոցառումներով դիմագրաւել:
Միտքս յառաջ տանիմ եւ աւելի յստակացնելու համար պատկեր մը նկարեմ ձեր առաջ…։ Երեւակայենք բլուրի մը վրայ կանգնած հայր մը եւ զաւակ մը, որոնք իրենց ետին ունին երկրաշարժէն աւերակ դարձած իրենց հայրենի քաղաքը (hometown): Որդին հարց կու տայ. Հայր հիմա ի՞նչ: Հայրը կը պատասխանէ,հիմա ժամանակն է վերակառուցելու յանուն բոլոր անոնց՝ որոնք ինկան այս հողին վրայ: Թուրքին սուրին եւ հալածանքին տակ պէտք էր պայքար, պէտք էին խրախուսող գրիչներ, կարիքը կար, որ եկեղեցականը սոթտէր իր վերարկուն եւ հասնէր ժողովուրդի գործնական կարիքներուն…։ Սակայն երբ ճգնաժամային տարիներու լուծը սկսաւ թեթեւնալ, կարիքը կար վերակառուցման: Հայ հոգին խորապէս վիրաւորուած էր եւ հայուն մարմինը ուժասպառ: Այլեւս կարիք կար այլ ոճի գրիչներու եւ խրախուսանքի: Ի՞նչ ըրինք: Մնացինք ցաւէն եւ տառապանքէն ծնունդ առած գրիչին գաղափարները կրկնելով՝սպասել տարբեր ներկայ մը: Վէրքը մնաց անբուժելի եւ այդ վէրքի սպիին վրայ կերտեցինք մեր ներկան: Հարցում ՝ ի՞նչ կրնայ դուրս գալ վիրաւորուած սիրտէ:
Հայը դուրս գալով իր արհաւիրքէն, վերոյիշեալ հօր եւ որդիին նման, ետեւ նայեցաւ ու տեսաւ աւերակ, քանդում, սարսափելի մահ եւ միակ իր թիրախը դարձուց կորսուած իրաւունքը վերապահանջել ու յանուն նահատակներու արեանարդարութեան համար պայքարիլ: Արդար եւ իրաւ: Եթէ հայը այդ չըներդաւաճան պիտի ըլլար իր պատմութեան եւ նախնիներուն արեան: Սակայն արտօնեցէք աւելցնեմ, թէ այս ընթացքին մէջ ան՝ հայը, բոլորովին կամ աւելի մեղմ արտայայտութեամբ, մասամբ մոռցաւ հայ մարդը կերտելու անհրաժեշտութիւնը: «Նախնիներու աւանդոյթ» ըսելով ուտեստեղէնի ծանուցում կը կատարենք,սակայն նախնիներու աւանդոյթ չէ արդեօ՞ք՝ անոնց մշակոյթ-ապրելակերպը կազմող տարրերը վեր եւ վառ պահել: Հայ ընտանիքը օրինակ առնենք: Բաւարար է տնօրհնէք կատարող քահանայ հայրերու հարցնել, պատկեր մը ստանալու համար հայ ընտանիքի իրավիճակի մասին:Անպատասխանատու ծնողք եւ անտարբեր զաւակներ: Հոս հարկ է աւելցնել, թէ արժէքներու հանդէպ հետաքրքրութիւնն ալ կամաց-կամաց կը մարի մեր հայ տուներէն ներս: Դպրոցները եւ ուսումնարանները աւելի լաւ վիճակի չեն: Հոն ալ նոյնպէս կը խօսուի հայ մանուկը եւ երիտասարդը հայեցի հոգիով կերտելու մասին, բայց իրականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ուսուցչութիւնը այլեւս արհեստ դարձած է եւ ոչ առաքելութիւն. ինչ կրնանք սպասել արհեստաւոր ուսուցիչէ մը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են): Շատ չեմ ուզեր խօսիլ եկեղեցւոյ մասին, միայն կ՚ուզեմ ըսել, թէ քրիստոսաբոյր եկեղեցականներուկարիքը կայ: Սակայն երբ բեմերէն բարձրահնչեն խանդավառող ճառեր, մեր ժողովուրդը կը ներկայացուի աշխարհի ամենաիտէալական նկարագիրով: Բեմերէն վար սակայն իրականութիւնը տարբեր է:
Որպէս արդիւնք այս բոլորին, աշխարհի որ անկիւնը որ երթանք, պիտի տեսնենք հայկական միեւնոյն մշակոյթն ու ապրելակերպը եւ նոյնանման բարքեր՝ յարաբերութիւններու մէջ կոշտ ու կոպիտ, այլամերժ եւ հեգնական որեւէ տարբեր քաղաքակրթութեան հանդէպ: Փոքրամասնութիւններու ախտանշանը կրող հաւաքականութիւն մը, որ միշտ ինքզինք խաթարուած կը զգայ, թէօտարը զինք պիտի լափէ եւ պիտի ներլուծէ: Այդ պատճառով կ՚ապրինք կեթոներու(ghetto)մէջ՝ մեր վրայ ինքնամփոփուած: Նորութիւններ մեզ կը վախցնեն, փոխան ատակ մարդոց ձեռքով զայն մեզի պատշաճեցնելով հրամցնելու: Եւ կրնամ ցանկը երկարել :
Մի ոմն կրնայ հարց տալ ՝ չափազանցութիւն չէ՞ այս. բոլոր ազգերը նոյն իրավիճակը չե՞ն ապրիր: Այո, ես ուզեցի ծաղրանկար (caricature) մը գծել մեր իրականութիւնը արտայայտող, խոշորացոյցի տակ առնելով մեր «բարքեր»ը՝ յուսալով, որ հայկական հոգին իր «նախնիներու աւանդոյթի»ն հետեւելով զայն չմերժէ: Ինչ կը վերաբերի «բոլոր ազգերը նոյն իրավիճակը կ՚ապրին»ին կ՚ըսեմ՝ «երկու սխալ մէկ ճիշդ չեն կազմեր»: Եթէ ուրիշը սխալի մէջ է, իմ սխալս չարդարանար:
Եթէ ուշքի գանք, տասնեակ տարիներ պէտք ունինք ուղղուելու: Բաւարար է մեր շուրջը նայինք տեսնելու նպատակով եւ կարենանք կռահել, թէ մեր ներկայի ընթացքին ինչ ապագայ կ՚ենթադրէ: