Դեկտեմբեր 6-ի գիշերը կայացած ընթրիքի մը ընթացքին, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը (American Armenian Rose Float Association)$115,000 հանգանակեց՝երկրորդհայկականծաղկասայլիկառուցմանեւ1Յունուար 2016-ին տեղիունենալիք 127-րդ ՓասատինայիՎարդատօնինմասնակցութեանհամար։
Մօտ150 հիւրեր ներկայ գտնուեցան դրամահաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Phoenix Decorating Company ընկերութեանբակը՝ Փասատինայիմէջ։ Երեկոյթիընթացքիններկաներըառիթունեցանմօտէնտեսնելունորագոյնհայկականծաղկասայլը, որկըպահուիուկըպատրաստուիPhoenix Decorating Company-ի Rose Palaceկառասրահինմէջ։ Ցարդ ամբողջացուած են ծաղկասայլի մարմինն ու ճարտարապետական բաղադրամասերը։ Ծաղկասայլի այսպէս կոչուած չոր զարդարումը պիտի կատարուի եկող շաբաթներուն, իսկ ծաղկային լրացուցիչ զարդարումը պիտի գործադրուի Վարդատօնին նախորդող հինգ օրերու ընթացքին։
Բարի գալուստի իր խօսքով երեկոյթի արարողապետը՝ Կլէնտէյլի Քաղաքապետութեան Քարտուղար Արտաշէս Քացախեան ընդգծեց համայնքային նեցուկի կարեւորութիւնը՝ հայկական ծաղկասայլին նման խոշոր ծրագիրի մը իրականացման համար։ «Անցեալ տարի Փասատինայի Վարդատօնի պատմութեան մէջ, առաջին հայկական ծաղկասայլը կարելի դարձաւ շնորհիւ համայնքային լայն աջակցութեան, մինչ 600 կամաւորներ տքնաջանօրէն աշխատեցան ծաղկասայլի զարդարման վրայ», Քացախեան յայտնեց։ «Այսօր մեր համայնքի խանդավառութիւնը աւելիմեծ է, եւ անչա՛փ շնորհակալ ենք մեր կամաւորներուն՝ իրենց տաղանդը, ժամանակըեւ ուժերը այս հոյակապ ծրագիրին նուիրելու համար»։
Առաջին հայկական ծաղկասայլը, որ հանդէս եկաւ «Քաղաքակրթութեան Օրրան» անուամբ, Փասատինայի Վարդատօնի Նախագահական Մրցանակին արժանացաւ՝ «ծաղիկներու ամէնէն ազդեցիկ գործածութեան եւ ներկայացման» համար։
«1Յունուար 2015-ին, երբ պատմութեան մէջ առաջին հայկական ծաղկասայլըկը յառաջանար Քոլորատօ պողոտայի վրայ, հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնն էր, որ կը ներկայացնէր Լոս Անճելոսին ու համայն աշխարհին», յայտնեց Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան նախագահ Ստեփան Փարթամեան, խօսքը ուղղելով ներկաներուն։ «Փասատինայի մէջ մօտ 700,000, իսկ երկրագունդի տարածքին՝ 1.5 միլիառ հանդիսատեսներ, 115 երկիրներու մէջ հետեւեցան հայկական ծաղկասայլի երթին։Յառաջիկայ Վարդատօնի հանդիսատեսներու թիւը աւելի մեծ պիտի ըլլայ։ Չեմ կրնար երեւակայել աւելի լաւ կամ նուազ ծախսալից միջոցառում մը՝ հայկական քաղաքակրթութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու համար։ Մտածեցէք որպէս համայնք, երկրորդ հայկական ծաղկասայլի իրագործման համար լոկ $300,000 ծախսելով, ձեռք պիտի բերենք այնպիսի համաշխարհային տեսանելիութիւն, որ այլապէս միլիոնաւոր տոլարներ պիտի պահանջէր»։
Փարթամեան յայտնեց, թէ տրուած ըլլալով, որ յառաջիկայ Վարդատօնի թեման է՝«Գտէք ձեր Արկածախնդրութիւնը»,նոր հայկական ծաղկասայլը պիտի կոչուի «Յայտնաբերեցէք Հայաստանը»։ Հետեւաբար Փարթամեան բացատրեց,ծաղկասայլի ձեւայղացքը պիտի ընդգրկէ զանազան հայկական յուշակոթողներ եւ հայոց պատմութիւնը խորհրդանշողստեղծագործութիւններ, ներառեալ Սարդարապատի եւ Ծիծեռնակաբերդի կոթողները, Տաթեւի Վանքը, Արցախի «Մենք ենք մեր Լեռները» յուշարձանը, Ուղտասարի Ժայռապատկերները, Հին Ջուղայի խաչքարային գերեզմանատունը եւՈւրարտուի Սֆինքսը, այլոց շարքին։ Թէ՛ առաջին եւ թէ՛ ներկայիս պատրաստուող հայկական ծաղկասայլերու ձեւաւորման հեղինակն է՝ Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան Հոգաբարձութեան անդամ Ճանի Քանունճին։
«Ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի գեղեցկութիւնն ու հազարամեայ մշակոյթը, հայկական ծաղկասայլը նաեւ սատարած պիտի ըլլայ Հայրենիքի զբօսաշրջիկութեան», Փարթամեան ըսաւ, ապա յայտարարեց անունները կարգ մը հանրայայտ անձնաւորութիւններու, որոնք տեղ պիտի գրաւեն հայկական ծաղկասայլին վրայ։ Անոնք են՝ Սոնա Մովսէսեան, որ մեծ դեր ունեցաւ Քոնան Օ՛Պրայընի վերջերս Հայաստանի մէջ նկարահանուած յայտագիրի իրականացման մէջ, KTLA-ի լրագրող Էլինա Աբովեան եւ KTTV Channel 11-ի խօսնակ Արաքսիա Կարապետեան։
Իր խօսքը փոխանցելու ընթացքին Փարթամեան յայտարարեց շարք մը նուիրատուութիւններ, որոնք տեղւոյն վրայ կը կատարուէին հիւրերու կողմէ։ Այսպէս Karoun DairiesընկերութեանսեփականատէրեւառաջինհայկականծաղկասայլիբարերարԱնդրանիկՊաղտասարեանանգամմըեւս$50,000 նուիրեց, իսկԲժ. ԱլպերԳարամանուկեան, ՄարկեւՓօլէթԿիրակոս, ՖլորաՏունայեանցեւանանունբարերարմըտասականհազարտոլարնուիրեցին։
«ԱյսերեկոյթըԱմերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան գործունէութեան նման, կը մարմնաւորէ «նուազագոյն ծախս եւ առաւելագոյն արդիւնք»ի գաղափարը», Փարթամեան յայտնեց։ «Շնորհիւ սպասարկութենական նուիրատուութիւններու (in-kind donations), ներառեալ այս երեկոյթի վայրի օգտագործման արտօնութիւնը՝ Phoenix Decorating Company ընկերութեանկողմէ, մենք կրցանքայսձեռնարկըկազմակերպելմիայն $15,000 ծախսելով, եւահաարդէնհանգանակուեցաւ $115,000 – գումարմը, որմեզիպիտիօգնէհոգալհայկականծաղկասայլիկառուցմանեւՓասատինայիՎարդատօնինմասնակցութեանծախսերուկարեւորմէկմասը», Փարթամեան աւելցուց։
«Պէտք է նաեւշեշտելկրկնուողնուիրատուութիւններուկարեւորութիւնը», Փարթամեանշարունակեց։ «ԱրդարեւՊրն. Պաղտասարեանեւայլբարերարներ,այսօրիրենցնեցուկըկըբերենհայկականծաղկասայլիծրագիրին, որովհետեւհսկայական արժէք կը տեսնեն նախաձեռնութեան մը մէջ, որ կը ներշնչէ ու ի մի կը բերէ ամբողջ հայ համայնքը, միեւնոյն ժամանակհայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը միջազգային տարողութեամբ տեսանելի դարձնելով»։
Այս տարի Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը մեկնարկած է Հայկական Ծաղկասայլի Դեսպանութեան Ծրագիրը, որմով կամաւոր անհատներ կրնան իրենց ապրած քաղաքներու դեսպանները դառնալ՝ ծաղկասայլին համար իւրաքանչիւրը առ նուազն $3,000 հաւաքելով։ Դեկտեմբեր 6-ի երեկոյթի ընթացքին, Փարթամեանդրուատեց վեց դեսպաններու անխոնջ աշխատանքն ու նուիրումը, եւ զանոնք պատուեցԱմերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան Դեսպանութեան առաջին գնդասեղներով (pins)։ Պատուուող դեսպաններն էին՝ Կարպիս Տէր-Եղիայեան(ներկայացնելով Լա Վըրն քաղաքը, Քալիֆորնիա), Քարմէն Լիպարիտեան (Հոլիվուտ Հիլզ, Քալիֆորնիա), Ֆլորա Տունայեանց (Փասատինա, Քալիֆորնիա – 210 Ազատուղիէն հարաւ), Մարկարեթ Մկրուպեան (Փասատինա, Քալիֆորնիա – 210 Ազատուղիէն հիւսիս), Թոնի Մելգոնեան (Լա Քրեսենթա, Քալիֆորնիա), եւ Հրաչ Կէօզիւպէօյիւքեան (Շէտօ Հիլզ, Քալիֆորնիա)։ Ներկայիս Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը կը ջանայ կամաւորագրել յաւելեալ դեսպաններ՝ ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին. հետաքրքրուողները կրնան կապուիլ ընկերակցութեան հետ՝ info@aarfa.orgհասցէով։
Ցարդ Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը հաւաքած է հայկական ծաղկասայլի ծրագրին համար պէտք եղած $300,000 գումարին $180,000-ը։ Ընկերակցութիւնը, որուն միակ նպատակն է ամէն տարի դրամահաւաքներ կազմակերպելով իրականացնել հայկական ծաղկասայլի մասնակցութիւնը ՓասատինայիՎարդատօնին, կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ընդունիլ եւ կը փնտռէ առեւտրական մեկենասներ։ Տուրքէ զերծ նուիրատուութիւններ կարելի է կատարելԱմերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան կայքին վրայ՝ aarfa.org, կամչէքմըուղարկելովհետեւեալհասցէին՝AARFA, P.O. Box 60005, Pasadena, CA 91116։