Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Կրակելով Ռուսական Ռազմական Օդանաւին Վրայ Էրտողանը Կրակը Ինկաւ

*ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*

Տարբեր երկիրներու ղեկավարները տարիներ շարունակ կը շողոքորթէին Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը` փորձելով զայն իրենց կողմը գրաւել: Անոնք այնքան փառաբանեցին Թուրքիոյ նախագահը, որ շռայլ գովեստները խելքահան ըրին զայն: Իբրեւ Նոր Օսմանեան կայսրութեան ինքնակոչ Մեծ սուլթան, Էրտողանը սկսաւ միջամտել հարեւան երկիրներու ներքին գործերուն եւ բանտարկել իր երկրի քաղաքացիները, որոնք կը համարձակէին յայտարարել, որ սուլթանը մերկ է…։

Առաջին ղեկավարը, որ խաբուեցաւ Էրտողանի կողմէ` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն էր, որուն անխոհեմ մեղրամիսը Թուրքիոյ հետ վերածուեցաւ անվերջ մղձաւանջի` կործանելով անոր երկիրը: Յաջորդ պետութեան ղեկավարը, որ Թուրքիոյ բռնակալին հետ նոյն ճանապարհով չգնաց` Եգիպտոսի նախագահ Ալ-Սիսին էր: Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուն դեռ լիարժէք չէ իւրացուցած իր դասը` Թուրքիոյ հետ վարելով շփոթ յառաջացնող սիրոյ եւ ատելութեան յարաբերութիւններ: Էրտողանը գրեթէ յաջողեցաւ մոլորեցնել նաեւ Հայաստանի ղեկավարները Հայ-թրքական խաբուսիկ արձանագրութիւններով: Ճակատագիրի հեգնանքով Հայաստանի շահերը պաշտպանեց ոչ այլ ոք, քան Էրտողանի կրտսեր գործընկերը` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ իր յամառ շահադիտական առարկութիւններով տապալեց գործարքը:

Վլատիմիր Փութինը ամենավերջին ղեկավարն էր, որ բացայայտեց Էրտողանի դիւային բնոյթը` ռազմական օդանաւն ու երկու ռուս օդաչուները կորսնցնելէ ետք, որոնք յարձակման ենթարկուեցան թուրքերու կողմէ՝ Թուրքիոյ օդային տարածքը 17 երկվայրկեանով հատելու պատրուակով…։

Այս ողբերգական միջադէպէն անմիջապէս ետք, Ռուսիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկեց շարք մը հակադարձ միջոցներ, որոնք կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ.

-Արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու ներմուծումը: Առեւտուրի ծաւալը երկու երկիրներուն միջեւ վիթխարի է. ան կը կազմէ տարեկան 33 միլիառ տոլար, ուստի Ռուսիան Թուրքիոյ երկրորդ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերն է:

-Արգիլուեցաւ թուրք գործարարներու մուտքը Ռուսիա: Անցեալ շաբաթ անոնցմէ վաթսունը Մոսկուա ժամանելուն պէս ձերբակալեցին եւ ետ ուղարկեցին Թուրքիա:

-Դադրեցաւ  առանց վիզայի Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքը Ռուսիա 2016 թ. Յունուար 1-էն:

-Արգիլուեցաւ նոր թուրք աշխատողներ վարձելը (ներկայիս 200 հազ թուրքեր իրենց ընտանիքներով կ’ապրին Ռուսիոյ մէջ) եւ չեղեալ համարուեցան բազմամիլիառնոց շինարարական պայմանագիրներ թրքական ընկերութիւններու հետ:

-Հրահանգուեցաւ ռուսական ճամբորդական գործակալութիւններուն զբօսաշրջիկներ չուղարկել Թուրքիա` այդ երկիրը զրկելով միլիառաւոր տոլարներու եկամուտէ՝ քանի որ միայն անցեալ տարի 4.5 մլն ռուս այցելած են Թուրքիա, ուստի Ռուսիան երկրորդ խոշորագոյն աղբիւրն է Թուրքիոյ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւով:

-Աւելի բարձր մաքսատուրքեր սահմանուեցան Թուրքիայէն ներմուծուող եւ այնտեղ արտահանուող ապրանքներու վրայ:

-Քննարկման փուլի մէջ է երեք խոշոր ծրագիրներու չեղեալ համարումը.

1) Բնական կազի վաճառքը Թուրքիոյ. Ռուսիան կը բաւարարէ այդ երկիրի կարիքներու կէսէն  աւելին.

2) Թուրքիոյ աւելի քան 22 միլիառ տոլար արժողութեամբ առաջին հիւլէակայանի կառուցումը.

3) Ռուսիայէն դէպի Թուրքիա ձգուող միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ կազատարի կառուցումը:

Նախագահ Փութինի կողմէ նաեւ շարք մը ռազմական քայրեր ձեռնարկուեցան ռուսական օդանաւի պատահարի առնչութեամբ.

– Ընդլայնուեցաւ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ` ցամաքի, օդի եւ Միջերկրականի ծովափը:

-Ռմբակոծուեցան թրքամէտ ահաբեկչական խումբերը այն տարածքի մէջ, ուր խոցուած էր ռուսական կործանիչը եւ սպաննուած էին երկու ռուս օդաչուները:

-Ոչնչացուեցան հարիւրաւոր թրքական բեռնատարեր, որոնց մէկ մասը զէնք կը տեղափոխէին ապստամբներուն Սուրիոյ, իսկ միւսները մաքսանենգ ճամբով  Իսլամական Պետութենէն (ԻՊ) քարիւղ կը բերէին դէպի Թուրքիա:

Ռուսիան մօտ ապագային կրնայ ռազմական միջոցներ ձեռնարկել Թուրքիոյ դէմ.

-Զինել քիւրտ զինեալները Իրաքի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ:

-Խոցել Սուրիոյ կամ Հայաստանի օդային տարածքները հատած թրքական օդանաւերը եւ ուղղաթիռները` նկատի առնելով նախապէս տեղի ունեցած նման խախտումները:

Դիւանագիտական ճակատի վրայ.

-Անցեալ շաբաթ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը չեղեալ յայտարարեց իր նախապէս ծրագրուած այցը Թուրքիա:

-Փութինը հրաժարեցաւ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցէ եւ մերժեց անոր հանդիպման խնդրանքը Փարիզի մէջ՝ հոն իրենց այցելութեան ընթացքին:

-Ռուսիոյ նախագահը չեղեալ յայտարարեց իր ծրագրած հանդիպումը Էրտողանի հետ Ս. Պեթերզպուրկի մէջ՝ Դեկտեմբեր 15-ին կայանալիք Գագաթաժողովին:

-Ռուսիոյ Տումայի մէջ քննարկման ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որով կը նախատեսուի 300-500 հազ ռուփլիի չափով տուգանք կամ երեքէն հինգ տարի ժամկէտով ազատազրկում:

-Որոշ ռուս քաղաքագէտներ նոյնիսկ կոչ ըրին ազատագրել Արեւմտեան Հայաստանը թրքական բռնագրաւումէն  եւ հաստատել ազատ Քիւրտիստան` Տիարպեքիր մայրաքաղաքով…։

Կը թուի, որ նախագահ Փութինը հեշտութեամբ չի նահանջիր` ռուսական օդանաւի վրայ  թրքական դաւաճանական յարձակումէն ետք: Ան պարտաւոր է աշխարհին ցոյց տալ, որ երբեք թոյլ չի տար որեւէ մէկը անպատիժ յարձակիլ ռուսերու վրայ: Փութինը թրքական գործողութիւնը բնութագրեց իբրեւ «հարուած թիկունքէն` ահաբեկիչներու մեղսակիցներու կողմէ» եւ խստօրէն զգուշացուց «լուրջ հետեւանքներու մասին»:

Վերջապէս այս անգամ մեծ պատառը մնաց Էրտողանին կոկորդը…։ Ան յիմարաբար առճակատման գնաց հիւլէական տէրութեան ղեկավարին հետ, որ վճռականօրէն տրամադրուած է լաւ դաս մը տալու ամբարտաւան թուրք նախագահին, որ երկար պիտի մնայ անոր յիշողութեան մէջ:

Եթէ իսկապէս Էրտողանը յոյսեր կը փայփայէ, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի պաշտպանէ իր արկածախնդրութիւնը, ապա չարաչար կը սխալի: Ան չի կրնար ռուսական օդանաւի խոցելը խեղաթիւրուած ներկայացնել իբրեւ յարձակում Թուրքիոյ վրայ, իսկ այնուհետեւ թաքնուիլ ՆԱԹՕ-ի փէշի տակ…։

Ցաւօք Թուրքիան լուրջ գլխացաւանք դարձած  է ՆԱԹՕ-ի համար: Թուրքիոյ նախագահին անպատասխանատու պահուածքը քիչ մը տարածքային խախտման առիթով, կը սպառնայ ՆԱԹՕ-ի բոլոր անդամները ներքաշել աւելի մեծ հակամարտութեան մէջ:

ՆԱԹՕ-ն պէտք է լրջօրէն մտածէ, թէ որքան խոհեմ է անդամ ւնենալը ահաբեկչական երկիր մը, որ կրնայ դարձեալ լուրջ միջազգային միջադէպ հրահրել` յղի հեռուն գացող հետեւանքներով ամբողջ աշխարհի համար…։

                                                                                         thecaliforniacourrier.com

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին