Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Ըստ Տէմիրթաշի Թուրքիա Պէտք Է Առերեսուի Իր Անցեալին Հետ Ու Ներում Խնդրէ

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP)  համանախագահ Սելահաթթին Տէմիրթաշ Դեկտեմբեր 1-ին մեկնած է Ուաշինկթըն, ուր հանդիպումներ ունեցած է ԱՄՆ բարձաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Ուաշինկթընի մէջ Տէմիրթաշ մասնակցած է նաեւ Միջին Արեւելքի հիմնարկի` Թուրքիոյ վերաբերեալ 6-րդ ամէնամեայ խորհրդաժողովին: Հանդիպման ժամանակ արքեպիսկոպոս Վիգէն Հայկազեան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ հարց ուղղած է ԺԺԿ առաջնորդին:
Տէմիրթաշ ի պատասխան նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ի դէմս նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ նախկին վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի, ժամանակ առ ժամանակ որոշակի քայլեր կը ձեռնարկէ`  ուղղուած հայկական Հարցի կարգաւորման:
«Եթէ կը յիշէք, ֆութպոլային հանդիպումներ կազմակերպուեցան, սահմանները բանալու, առեւտրական կապերը խթանելու, փոխադարձ վստահութիւն ձեւաւորելու փորձեր ըրին: Ասիկա գործընթաց մըն է, որ անհրաժեշտ է շարունակել», նշած է Տէմիրթաշ:
ԺԺԿ համանախագահը չէ հնչեցուցած «ցեղասպանութիւն» եզրը, բայց կարեւոր համարած է Թուրքիոյ առերեսումը իր անցեալին հետ: Ըստ անոր` առերեսումը պէտք է տեղի ունենայ ոչ թէ այսօրուան թուրք ժողովուրդին ու հասարակութեան նսեմացման մեղադրումով, այլ փոխըմբռնման ու համատեղ ապագայի կերտման հնարաւորութեան ստեղծման հաշւոյն:
«Ի վերջոյ մենք կը խօսինք պատմական դառն իրադարձութեան մը մասին, որուն հետ անհրաժեշտ է առերեսուիլ: Առերեսումը ոչ թէ նոր վէրքեր բանալն է, այլ այդ ցաւը վերապրած մարդոց ապրումը յարգելը, այլեւս չկրկնուելու պայմանով փոխադարձ վստահութիւն ձեռք բերելը: Ես չեմ գիտեր, թէ թուրք հասարակութիւնը կամ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, պաշտօնապէս երբ կրնայ վերջնականապէս առերեսուիլ ասոր հետ, բայց բոլոր այս տառապանքները ետեւ ձգելով ` մենք դէպի ապագայ չենք կրնար շարժիլ»:
Տէմիրթաշ նշած է, որ մասնագիտական յանձնաժողովները կրնային օգնել պատմական ճշմարտութեան վերհանման եւ առերեսման հարցով: Այդ պատճառով ԺԺԿ-ն բազմիցս խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է յանձնաժողովներու հարցը, բայց պատասխան չէ ստացած:
«Եթէ կարենանք այս ամէնը ծառայեցնել ոչ թէ թուրք հասարակութիւնը մեղադրելու եւ դատապարտելու, այլ բուժելու, բուժուելու եւ եղբայրանալու նպատակին, եթէ կարենանք անցեալի այդ ողջ ցաւը համարձակօրէն քննարկել, ուսումնասիրել, ներում խնդրել, ապա այդ պարագային գուցէ կը կարենանք համարձակօրէն նայիլ ապագային եւ վստահ ըլլալ, որ լաւ գործ մը ըրած ենք», եզրափակած է Տէմիրթաշ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին