Նոյեմբեր 29-ին տեղի ունեցած է «Չինաստանի մէջ Հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու II-րդ գիտաժողովը»: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը, ըստ որուն գիտաժողովին իբրեւ արդիւնք կապ ստեղծուած է հայ ուսանողներու եւ հետազօտողներու միջեւ, համալրուած է հայ չինագէտներու խումբը, որ Չինաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ կը մասնակցի գիտական աշխատանքներու, ներկայացնելով հայկական գիտական միտքը: Գիտաժողովին մասնակցած են Չինաստանի մէջ գտնուող թէ՛ սփիւռքահայ եւ թէ հայաստանցի հետազօտողներ:
Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Նայիրա Գրիգորեանը (ՀՌՀ, Կոնֆուցիոսի կեդրոնի տնօրէն), Ռուբէն Կինէյը (Անդին հիմնադրամ), Մհեր Սահակեանը եւ Անահիտ Պարզեանը (Նանճինկի համալսարան), Մերի Կնեազեանը (Փեքինի օտար լեզուներու համալսարան), Կատէրինա Գարտաշը (Հոնկ Քոնկի համալսարան), Արփինէ Դերոյեանը (Փեքինի միջազգային առեւտուրի եւ տնտեսագիտութեան համալսարան), դոցենտ Միքայէլ Հայրապետեանը (Թիանճինի մանկավարժական համալսարան), Ռոպերթ Ծատուրեանը (Չինաստանի Ռենմին համալսարան), Մարկուս Կայսերեանը (Արեւմտեան Անխուի համալսարան), Ղազարոս Բարսեղեանը (Փեքինի փոստի եւ հեռահաղորդակցման համալսարան):
Չինաստանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանը անդրադառնալով գիտաժողովին` նշած է. «Ջերմօրէն կ՛ողջունեմ Չինաստանի հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու առցանց երկրորդ գիտաժողովի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները: Կարեւորագոյն քայլ կը համարեմ այստեղ սորուող մեր հայրենակիցները այսպիսի ձեւաչափով միաւորելու` «Չինաստանի հայկական համայնք» կազմակերպութեան եւ Չինաստանի հայ ուսանողական միութեան աւանդոյթ դարձող այս նախաձեռնութիւնը, որ առաջին իսկ օրուընէ ստացաւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութիւնը»:
Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ Հենրի Արսլանեանը նշած է, որ գիտաժողովը համախմբած է հայ ուսանողներն ու հետազօտողները, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանով եւ Չինաստանով: Գիտաժողովը անոնց հնարաւորութիւն ընձեռած է, ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու եւ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ կիսուելու գիտելիքներով ու հետազօտութիւններով:
Գիտաժողովի հիմնադիր-ղեկավար Մհեր Սահակեանը նշած է, որ գիտաժողովը նպատակ ունի աշխարհին ներկայացնել Չինաստանի մէջ ուսանող ու աշխատող հայ հետազօտողներու գիտական բացայայտումները:
Գիտաժողովի միջոցով գիտական կապեր կը ստեղծուին Չինաստանի մէջ գտնուող հայ փորձառու հետազօտողներու եւ ուսանողներու միջեւ: Մասնակիցները տպագրուելու եւ համագործակցելու առաջարկներ կը ստանան տարբեր գիտական ու վերլուծական կեդրոններէ: Մհեր Սահակեան աւելցուցած է. «Կարեւորելով միտքն ու մարդուն` կ’ապահովագրենք համայնքի լուսաւոր ապագան»: Չինաստանի մէջ Հայկական համայնքը եւ Ուսանողական միութիւնը եւս մէկ անգամ անհնարինը դարձուցած են հնարաւոր` օգտագործելով ժամանակակից եւ նորարարական ճարտարագիտութիւններն ու մարդկային աղբիւրը: