Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Արժանապատիւ Միակամութեան Վերադարձի Անհրաժեշտութիւն

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանի վերջին օրերու քաղաքական նորութիւնները` ինչ կը վերաբերի նախագահական ընտրութիւններուն, տարբեր տեսանկիւններէ խորհրդածութեան փակագիծեր բացաւ մեր միտքին մէջ:

Հոգ չէ թէ միամտութեամբ արհամարհուելու գինով հարց տանք, թէ կարելի՞ բան է, որ Լիբանանի քաղաքական գործիչները զերծ են սկզբունքներէ՝ երբ հարցը կը վերաբերի հանրային կեանքի:

Քաղաքական կեանքի մեր համեստ փորձը մեզի սորվեցուցած է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը գունաւորումներ, տեղաշրջումներ ու դիրքերու անընդհատ փոփոխութիւններ է այն պատճառաբանութեամբ, որ «քաղաքականութիւնը պէտք է փոփոխութիւններու հետ զուգահեռ ընթանայ»: Լոզունգը որոշ պայմաններու մէջ տրամաբանական ըլլալով հանդերձ՝ անընդունելի է, որ ան արդարացնէ քաղաքական գործիչի մը ինքն իր կեցուածքներուն ու սկզբունքներուն անընդհատ հակասումը՝ մոռնալով իր անցեալն ու պատմութիւնը:

Ըստ մեզի Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը քաղաքականութիւն չէ այլես, այլ խեղկատակութիւն:

Ինչո՞ւ լիբանանցիին յիշողութիւնը այսքան կարճ է: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ այնքան մօտիկ անցեալը եւ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչի անցեալի կեցուածքը՝ բաղդատած անոր ներկայի կեցուածքներուն, որոնք լիովին իրար հետ հակասական են ու… ներել անոնց: Երանի միայն ներել: Շատ անգամ քաղաքացիին գլխուն այս խեղկատակութիւնը սարքող մարդոց վարձատրութիւն ալ կը տրուի ժողովուրդին կողմէ՝ անոնց դարձեալ պատասխանատու ընտրելով:

Ի՞նչ է Լիբանանահայութեան ու անոր պատասխանատուներուն կեցուածքը, որպէս այս երկիրին լիիրաւ քաղաքացիներ սոյնին առնչութեամբ՝ կրաւորակա՞ն է, թէ մեղսակից:

Ի տես այս անբաղձալի վիճակին, ո՞ւր է Հայու սկզբունքայնութիւնը, որուն համար ան կեանքը տուած է շատ յաճախ: Ժամանակը չէ՞ այլեւս ոտքի կանգնելով ի մի գալու՝ միասին ո՛չ ըսելու հանդէպ կատարուածին: Որպէս քաղաքացի մերժելու անիրաւութիւնը, աւատապետութիւն քօղածածկող իշխանական կարգը, ընկերային անարդարութիւնը, փտածութիւնն ու աղբերով լեցուն մեր փողոցներուն վիճակը…:

Ժամանակը չէ՞ վերջապէս ի մի գալու՝ մէկդի դնելով ամէն տեսակի քաղաքական շինծու տարբերութիւն: Ժամանակը չէ՞ մէկդի դնելու ամէն տեսակի իրարամերժութիւն, մեր հրատարակութիւններուն մէջ իրար նկարներու հատում կամ տուեալ ձեռնարկի մը ներկայ ենթադրեալ «մրցակիցներու» անուններու զեղջում կամ անտեսում…:

Վերջապէս ժամանակը չէ՞ աշխատելու որպէս մէ՛կ ու միակամ ճակատ: Կազմելու մէ՛կ ու միակամ քաղաքական պլոք… պաշտպանելու այն, ինչ որ ամենակարեւորն է համայնքային դրուածքով այս երկրին մէջ՝ Լիբանանահայութեան հաւաքական շահերն ու արժանապատիւ կեանքը:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին