Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ռուսական Օդանաւի Կործանումը Վտանգաւոր Զարգացումներ Պիտի Ունենայ

ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական օդուժի կողմէ ռուսական ռազմական օդանաւի զգետնումը, կ՛առաջարկէ դիտարկել ոչ թէ երկկողմ տիրոյթի մէջ` Ռուսիա եւ Թուրքիա, այլ` եռակողմ: Քանի որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-­ի անդամ պետութիւն է, հետեւաբար սա նաեւ միջադէպ է ՆԱԹՕ-­ի եւ Ռուսիոյ միջեւ:

«Արմենփրես»­ի հետ զրոյցի ընթացքին Սաֆրաստեան միջադէպը կ՛անուանէ վտանգաւոր` աւելցնելով, որ անիկա պիտի մեծցնէ լարուածութիւնը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ եւ կրնայ ունենալ վտանգաւոր զարգացումներ: «Պէտք է սպասել` տեսնել, թէ ինչ որոշում կառնեն կողմերը: Կըսէի, որ հիմնական եւ գլխաւոր որոշում կայացնողը Մոսկուան է», ըսած է Սաֆրաստեան` չբացառելով, որ որոշումը կրնայ ըլլալ շատ խիստ: Միաժամանակ թրքագէտը չի բացառեր նաեւ, որ օդանաւի կործանումը կրնայ թրքական սադրանք ըլլալ, որպէսզի Ռուսիա հրաժարի Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւնները շարունակելէ:

Ըստ Սաֆրաստեանի ներկայ դրութեամբ այդ տարածքը թուրք-­սուրիական սահմանի միակ հատուածն է` մօտաւորապէս 96 քմ., որ կը վերահսկեն «Իսլամական պետութեան»՝ ԻՊի գրոհայինները: Հետեւաբար Թուրքիոյ անհրաժեշտ է ամէն կերպ պահել այդ իրավիճակը:

Սաֆրաստեան կը յիշեցնէ, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիա նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին բողոք-­նամակ գրած է` պահանջելով, որպէսզի այդ հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցուին: Սաֆրաստեանի գնահատմամբ այդ մասին գիտէ նաեւ Արեւմուտքը, որ տեղեակ է, թէ Թուրքիա իր սահմանը բաց կը պահէ եւ կ՛աջակցի ԻՊին, սակայն աչք կը փակէ այդ փաստին վրայ:

Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապը յայտարարութիւն տարածած է Սուրիոյ տարածքին կործանած ռուսական ռազմական օդանաւին վերաբերեալ: ԶՈՒ գլխաւոր շտապէն հաստատած են, որ օդանաւը կործանած են թրքական F­16-երը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ Սուրիոյ տարածքին ենթադրաբար ցամաքէն արձակուած կրակոցներէն կործանած ինքնաթիռը պատկանած է Ռուսիոյ: Ռուսական կողմը կը վստահեցնէ, որ կործանած օդանաւը չէ հատած Թուրքիոյ օդային սահմանը, ինչ որ ամրագրուած է հսկման մեքանիզմներով:

***

Թեհրանի մէջ Ռուս-Իրանեան բազմակողմանի համաձայնագիրներու ստորագրութեանց մելանը չչորչած, Ռուս-Թրքական յարաբերութիւնները սրող այս զարգացումներէն ետք՝ բոլորը կը սպասէին ռուսական պաշտօնական հակազդեցութեան, որ եկաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բերնով, որուն արտայայտած ամենակարեւոր նախադասութիւնը հոետեւեալն էր. «Թուրքիան այս դէպքէն ետք փոխանակ մեզի դիմելու, ՆԱԹՕին դիմեր է, կարծէք թէ մենք ենք օդանաւը զարնողը, տեսնենք այս ամբարտաւանութեան վերջը ինչ է»։ Այս դիպուկ թրքավարի գործունէութիւնը բնութագրող արաբական արածին՝ «զարկաւ ու ինծմէ առաջ գանգատեցաւ» թրքական գործելակերպը, մեզի՝ հայոց համար բնականաբար հետաքրքրական ըլլալը արդէն համատարած դարձած է, ինչպէս նաեւ «տեսնենք ասոր վերջը ինչ է»ն։ Առ այժմ այդ սպասման մէջ ենք բոլորս։

                                                                                                                                  «Խմբ.»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին