*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մարդաբանութեան ու մշակոյթներու պատմութենէն մեզի ծանօթ է, թէ մարդկային հաւաքականութիւնները սկսան յառաջդիմել պատմական շրջադարձային այն օրէն, երբ մարդիկ սկսան մնայուն տուներ կառուցելով, հիմնականօրէն բնակիլ իրենց հողին վրայ՝ զարկ տալով գիւղաշինութեան, ապա քաղաքաշինութեան ու վերջապէս տնտեսական զարգացման՝ հիմնելով քաղաքակրթութիւններ:
Ժողովուրդներու ներկայ պատմութեան մէջ, սեփական հողին առնչութիւնը անոր վրայ ապրող բնակիչներուն հետ սերտ է ու կենսական:
Մենք եթէ այսօր ունինք մեր սեփական Հայրենիքը, ապա զայն կը պարտինք անոր հողին վրայ ապրող Հայ ժողովուրդին: Ի տարբերութիւն Ցեղասպանութեամբ հայաթափուած Արեւմտեան Հայաստանին, Արցախը մերն է այսօր ու ինքնիշխան է՝ իր հողին կառչած մնացած Հայ ժողովուրդով…:
Ժողովուրդ մը իր հողին վրայ պահելու համար կան նախապայմաններ, որոնք զէնքի ուժին ու հողին կառչած ժողովուրդի մը ներկայութեան շաղախումն են: Մովսէս Խորենացին դարեր առաջ ըսած է՝ «սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց»: Արցախը ազատ անկախ ու տնտեսապէս զօրաւոր պահելու համար՝ զէնքի ուժին չափ կենսական է նաեւ անոր բնակչութեան չափն ու արտադրողականութիւնը:
Արդիական «խնամակալ պետութեան» ընկերային քաղաքականութեան համակարգին՝ առողջապահական ապահովագրութեան, հանրային դպրոցներու եւ հիւանդանոցներու շարքին՝ առաջնահերթութիւններէն է նաեւ բնակարաշինութիւնը կարօտեալ դասակարգին համար: Այն դասակարգին, որ ամենադիւրաթեքն է ինչպէս երիտասարդութիւնը, որուն տուեալ երկրի մը մէջ արժանապատիւ կեանքի տուեալները եթէ պակսին՝ ան հակամէտ է գաղթի:
Իսկ երբ հայրենի պետութիւնը տակաւին երիտասարդ է ու տնտեսապէս տկար ընկերային, տնտեսական ու զարգացման միտող հսկայ ծրագիրներ յաջողցնելու՝ ան բախտաւորուած է հզօր Սփիւռքով մը, որ ի հարկին բնաւ չի զլանար այդ բացը գոցելու:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինի այսօրուան դրամահաւաքին նպատակակէտը՝ «Մեր Տունը» ծրագիրն է:
«Մեր Տունը» ծրագիրը կը միտի՝ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքներ օժտել նորակառոյց բնակարաններով՝ քաջալերելու անոնց կառչած մնալու հայրենի հողին, ուր իրենց զաւակներով մէկտեղ կրնան արտադրել՝ զարկ տալով հայրենի տնտեսութեան:
Այսօրուան դրամահաւաքին մասնակցելով, մենք մեր ներդրումը պիտի ունենանք ազգանուէր վեհ ու մնայուն ծրագիրի մը:
Եկէք այսօր բոլորս տանք: Մեծով ու փոքրով տանք ով ինչ որ կրնայ: Մեր այսօրուան առատաձեռնութիւնը ծախս մը չէ, այլ կարեւոր ներդրում մը մեր ապագային մէջ, որովհետեւ դէպքերը փաստեցին, որ երբ սփիւռքեան մեր ապրած տարածաշրջաններուն արհաւիրք մը պատահի, մենք չունինք աւելի ապահով ու հիւրնկալ երդիք քան մեր տունը՝ մեր պապենական Հայրենիքը:
Խմբագրական «Զարթօնք»ի
26/11/15