Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

ՀՀ ԱԳՆ Գործունէութեան Շնորհիւ Երիտասարդները Կը Վերադառնան Ու Կը Ծառայեն Հայաստանի Մէջ

Ռուսաստանի Դաշնութեան հարաւային հատուածէն մեծ թիւով հայ երիտասարդներ, որոնք երկար ժամանակէ կը բնակին այդտեղ, Հայաստան կու գան զինուորական ծառայութիւն կատարելու համար:

Ըստ «Արմէնփրես»ի այս մասին Ազգային ժողովի խորհրդարանական լսումներուն ժամանակ յայտնած է՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան` նշելով, որ ատիկա նաեւ իրենց կողմէ իրականացող հիւպատոսական հաշուառման շնորհիւ է: Ան նկատած է, որ երիտասարդներուն վերադարձը կախուած է նաեւ նստավայր երկրի օրէնսդրութենէն ու քարոզուող արժէքներէն:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջեւ իրաւապայմանագրային գետնին՝ ԱԳ փոխնախարարը նշած է, թէ անիկա թոյլ կու տայ բնականոն գործունէութիւն ծաւալել:

Սերգէյ Մանասարեան նշած է, որ զինուորական ծառայութեան գծով իրենց աշխատանքները կ՝իրականացնեն՝ Զինապարտութեան մասին օրէնքի 4-րդ եւ 5-րդ յօդուածներով: Մասնաւորաբար դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը կամ հիւպատոսական հիմնարկը, զինկոմիսարիատէն ստացած նիւթերուն համաձայն պարտաւոր է տուեալ քաղաքացին կանչել դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն, փոխանցել ծանուցագիրը, ինչպէս նաեւ տեղեկացնել ապագայ ծառայութեան մասին:

«Բացի այդ, եթէ հիւպատոսական տարածքի վրայ յայտնուի զինապարտ քաղաքացի, ով ունի հիւպատոսական հաշուառում, մենք պարտաւոր ենք տեղեկացնելու զինկոմիսարիատին, նաեւ պարտաւոր ենք աջակցիլ այդ քաղաքացիին տեղափոխուելու Հայաստան ու անցնելու պարտադիր զինուորական ծառայութիւն», նշած է փոխնախարարը:

Ան յայտնած է, թէ որոշ փոփոխութիւն  կատարուած է հիւպատոսական հաշուառման գործընթացին մէջ. անիկա պարտադիր եւ վճարովի բնոյթէն դարձած է կամաւոր եւ անվճար: Բացի այդ կայ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որով հիւպատոսական հաշուառումը կը նախատեսուի իրականացնել ելեկտրոնային ձեւով:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ՝ Նոյեմբեր 23-ին ընթացան խորհրդարանական լսումներ` «Հայաստանի հանրապետութեան մէջ նախազօրակոչային պատրաստութեան եւ զօրակոչի կազմակերպման խնդիրները» թեմայով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին