Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Աղքատ Է 900 Հազար Իսկ Ծայրայեղ Աղքատ 70 Հազար Մարդ

ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը (ԱՎԾ) ամփոփած է Հայաստանի 2014 թուականի ընկերա-տնտեսական պատկերը, կը հաղորդէ «Արմռատիօ»ն:

Հետազօտութեան տուեալներով 2014 թուականի համեմատ, մեր երկրին մէջ աղքատութեան մակարդակը նուազած է 2 տոկոսով` կազմելով 30 տոկոս: Այս տարի ալ ինչպէս 2013ին, Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզը Շիրակն է, ուր աղքատութեան մակարդակը կը կազմէ 44 տոկոս:

ԱՎԾի ներկայացուած տուեալներով, Հայաստանի մէջ աղքատ է 900 հազար, իսկ ծայրայեղ աղքատ 70 հազար մարդ:

Ի դէպ ԱՎԾն յայտարարած է, որ եթէ մեր երկրին մէջ նուազին ընկերային փոխանցումները, ապա աղքատութիւնը կ’աւելանայ 12,7 տոկոսով` 2014ի 30 տոկոսի փոխարէն կազմելով 42,7 տոկոս:

2015թ տարեսկիզբի տուեալներով, մշտական բնակչութեան թուաքանակի ցուցանիշը կազմած է երեք միլիոն 10 600 եւ նախորդ տարուան համեմատ 6500ով նուազած է: Հայաստանի բնակչութեան 30 տոկոսը աղքատ է, կամ որ աւելի խօսուն է` 2014 թուականին մեր երկրին մէջ տասը բնակիչէն երեքը ամսական 40,264 ՀՀ դրամէն աւելի քիչ գումար ծախսած է:

***

Հայաստանի ամենացաւալի եւ ամենախոցելի կէտերէն մէկը, բնակչութեան ընկերային անհաւասար վիճակի մէջ եղողներուն միջեւ՝ տնտեսական վիճակի բացի մեծ չափն է, որ աղքատութեան տեսքով կը դրսեւորուի, եւ որ անկախութեան տարիներուն միշտ ալ գոյութիւն ունեցաւ ու շատ քիչ նուազեցաւ, հակառակ պատասխանատուներուն բազմակի խոստումներուն եւ ձեռք առած միջոցառումներուն։ Իսկ այդ վիճակին մէջ ամենացաւալին, ինչպէս լրատուութեան մէջ նշուած է՝ Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզը Շիրակն է, ուր աղքատութեան մակարդակը կը կազմէ 44 տոկոս: Այս պաշտօնական տուեալը արդէն անտանելի է, որովհետեւ 7 Դեկտեմբեր 1988ի երկրաշարժէն 27 տարիներ ետք, պատմականօրէն Հայաստանի ամբարը նկատուող Շիրակը այսօր երկիրին ամենաաղքատ մարզը ըլլալը, արդէն ցոյց կու տայ, թէ հոն ընկերային վիճակը լաւ չէ, որ բաց վէրք կը մնայ Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար։ Մաղթենք, որ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիս հանրաքուէով սահմանադրութեան հաւանական փոփոխութիւնը, գետնի վրայ ընկերային իրավիճակի դրական փոխութեան սկիզբ կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս հայրենի եւ մանաւանդ 1988ի երկրաշարժէն տուժած Շիրակի բնակչութեան համար։

                                                                                                                                                       «Խմբ»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին