Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Երբ Մատներ Կը Խօսին, Կը Փոթորկին Նոյնիսկ Նիրհող Հոգիներ…

*ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ*

Այո՛… մատներ խօսեցան լուռ եւ երգն ու պարը ներդաշնակուած մէկ ճիպոտի շարժումի տակ դարձաւ փոթորի՜կ…: 140 պարման-պարմանուհի հաշուող Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «ԱՐԻՆ» պարախումբը Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015ի երեկոյեան, Տըպպայայի Համագումարներու պալատին մէջ մերթ յուզեց ու մերթ խռովեց զինք դիտելու եկած անհամբեր հանդիսատեսը, երբ անտառ մը կաքաւեց… թռչկոտեցաւ ու յաճախ զեփիւռ, երբեմն քամի, բայց աւելի շատ հրեղէն փոթորիկ դարձած պարող խանդավառ տղաներ ու աղջիկներ, գեղեցիկ համոյթ մը հրամցուցին, գրաւելով բազմատասնեակ հանդիսատեսներու սիրտեր ու հոգիներ:

Նոյն երեկոյ որպէս ծանօթ ակնդիր, երբ մատներս պրկուեցան ու ձեռքերս ծափ տուին աշխուժօրէն, առաջին անգամ մտածեցի բեմը զարդարած բազմանդամ պարախումբի կարգապահ ու օրինապահ ներկայութեան եւ ապա կատարուող ու հրամցուող պարարուեստի մասին, երբ բազմատասնեակ պարման-պարմանուհիներ… որոնց մէջ զարմանալիօրէն, բայց մեծ ուրախութեամբ ստուար թիւով «մինինիկներ» եւս… բեմ խուժեցին հայկական տոհմիկ երաժշտութեան ռիթմիք կշռոյթներուն տակ, իւրաքանչիւրը առած հրեշտակի անտես թեւեր, նախ հեզադէմ… ապա հեզաժպիտ… աւելի ուշ հեզաճե՜մ… պարելով եւ ոգեւորելով ու թարմութիւն ցանելով հոգիներու եւ սիրտերու մէջ:

Իրենց ճաշակաւոր եւ գեղեցիկ տարազներուն մէջ աւելի քաղցրացած ու գեղեցկացած, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «ԱՐԻՆ» պարախումբը, որպէս երփներանգ ծաղկեփունջ, բեմահարթակին տիրող եւ իշխող իրենց զուարթ ու վառվռուն ելոյթներով, ներկայ հասարակութիւնը պահեց եռանդուն, առոյգ ու բարձր տրամադրութեան մը մէջ, միշտ հովանիին տակ սակայն ճախրող անտես բարի էակի մը, որ թէեւ բացակայ էր մարմնապէս, բայց որպէս ոգեղէն ներկայութիւն թեւերը տարածած կը հսկէ՜ր, կը խրախուսէ՜ր եւ կ’առաջնորդէ՜ր զիրենք յաջողութենէ յաջողութիւն, իր բնատուր բարի ժպիտով ամէն հերթին ողջունելով իւրաքանչիւր պարման-պարմանուհի՝ ազնիւ քնքշութեամբ, քրոջական անկեղծ սիրով: Ան յաւերժ մեզմէ յաւէտ հեռացած Արին Չէրչեանի ոգեշնչող ոգին էր, որ կու գար բարձրէն, պահի՜կ մը ապրելու մեր որբացած հոգիին ու էութեան մէջ…:

Ակներեւ է եւ հաստատ, որ հմուտ ու վարժ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի համբերատար շունչին տակ, արդէ՜ն ընտելացած եւ անոր բծախնդիր ցուցմունքներուն տակ թռչկոտող երամը, երեք օրեր շարունակաբար սրտապնդեց ներկայ ակնդիրները մեծապէս, ուրախութեան ու ոգեւորութեան հաճելի պահեր ապրեցնելով անոնց, յուսադրելով միաժամանակ եւ աւետելով յառաջիկային գալիք նոր ու փայլատակող այգաբացներու մասին՝ ամենայն վստահութեամբ ու համոզմամբ, թելադրելով, թէ պիտի հասնին լաւագոյնին:

Փափկասուն, սիրալիր, միշտ համախոհ ու դուրեկան համոյթ մը արդարեւ, ուր պարող տասնեակներէն շատ-շատերու մօտ ակնյայտօրէն երեւելի ու տեսանելի էր ձիրքի եւ տաղանդի ունակութիւնը, երբ կրակի կտոր դարձած տղաներ ու աղջիկներ, ամենայն աշխուժութեամբ արտակարգ իրագործումի մը համն ու քաղցրութիւնը ճաշակել տուին ներկաներուն, որ պիտի յիշուի երկար ժամանակ: Հայկական պարը, որ սկիզբ առած է տակաւին նախաքրիստոնէական շրջանէն եւ հասած մինչեւ մեր օրերը, հրամցուած ելոյթի ու միջոցառման մէջ, Գայեանէի կողմէ շաղկապած էր հինն ու նորը, եւ որ ցոյց կու տար հայ ժողովուրդի նկարագիրին վառ գիծերը, հեթանոս ապրումներով, ներկաներուն ձօնելով վայելքի ու հպարտութեան տաքուկ զգացումներ:

Բեմի վրայ շատ յաճախ յուշիկ-յուշիկ կերպարներով երեւցող, նազելի քնքնշութիւն ու պարարուեստի ճաշակ հրամցնող 140 թիթեռներ, անկասկած որ գիշերներու խորհուրդին հետ ներշնչեցին գրգանք ու փայփայանք ներկաներուն… նամանաւանդ անոնց դէպի հայկական պարարուեստը ունեցած հետաքրքրութիւնը աւելցնելով, երբ երեք զուարթ երեկոներ պարը առաւ իրաւ ձեւ ու մարմին, երբ նամանաւանդ պար ու երգ, որպէս անբաժան վառ արտայայտութիւն իրարու հետ, հնչեցին յաղթականօրէն, հպարտութեան եւ ուրախութեան ալիք մը փոխանցելով սիրտէ սիրտ…:

Երկու արարով հրամցուած 18 պարեր, իւրաքանչիւր արարի մէջ 9 պարեր լաւագոյնս ընտրուած էին, որոնց կ’ընկերանար մեծանուն հայ երաժիշտներու երաժշտական ծանօթ ու յաջող գործերը: Առաջին արարով դիտեցինք «Գողթան», «Շորոր», «Ծամերով պար», «Քաջ տոհմի զաւակներ», «Աղջիկներու պար», «Դու ծաղիկ ես», «Նուպար-Նուպար», «Շատախի Ռազմապար» եւ «Ասի հոգեհանգիստ չէ» պարերը: Իսկ երկրորդ արարով «Սուրերով պար», «Հայոց գոյներ», «Հոյ Նազան», «Սարէն կու գայ», «Րոստամ պազի», «Ծիրանի Ծառ», «Նոքթիւրն», «Եարխուշտա» եւ «Ազգագրական պարերու շարան» պարերը՝ ջերմեռանդ զգացումներով, հակառակ Լիբանանի եւ Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքներուն ձգած հոգեբանական ճնշող ազդեցութեան…:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ծիրին մէջ բեմ բարձրացած, մեր դարաւոր ոսոխին երեսին նետուած ձեռնոցներ էին տեղի ունեցած ոգեւորող ելոյթները… արձագանգելով միաժամանակ, թէ հայ ժողովուրդը մէկ դար ետք ահռելի կոտորածէն, դեռ կը պարէ ու կ’երգէ, անտեսելով ամէն տեսակ տեսանելի ու անտես սպառնանք… պարով ու երգով փաստելով իր գոյութիւնը, ապրելու եւ «արարելու» իր երկաթեայ կամքը, հաւատալով ու յուսալով մեր «Մեծ երազ»ին իրագործման աներկբայօրէն:

Արազ Չէրչեանի բացման խօսքով սկիզբ առած յորդահոս հեղեղը պարերու, վերջ գտաւ ծափերու տարափով՝ երբ հսկայ սրահի մէջ կը փթթէին ուրախութեան ժպիտներ եւ կը լսուէին համակրական բացագանչութիւններ ու գնահատանքի արտայայտութիւններ: Այլ խօսքով արժեւորումը տեղին էր բառացիօրէն, իսկ Պարուսոյց Գայեանէ Մածունեանի քրտինքը տուած էր սպասուած արդիւնքը արժանիօրէն:

Պարախումբի Վարչութեան անդամուհիներ մոռցած էին ամիսներու վրայ երկարող ամէն տեսակ յոգնութիւն: Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ միայն կրնային ուրախ ըլլալ, իսկ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնկճեան Եւ Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր Լիբանան, այդ երեկոյ իրենց ապրած խանդավառութեան մէջ հաւատացած էին անգամ մը եւս, թէ «Յարատեւող ճիգին առջեւ չկայ բան մը, որ դիմանայ… դժուարը դիւրին, անկարելին հնարաւոր կը դառնայ»: Եւ այսպէս… ՀԵԸի յաղթական նաւը պիտի շարունակէ իր ճանապարհը անսայթաքօրէն, անտեսելով ամէն տեսակ մարտահրաւէր… քանզի ԴԱՐԸ ՄԵՐ ԴԱՐՆ Է…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին