*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Աշխատասիրութիւն Եւ Հրատարակութիւն Սերգէյ Մանուէլեանի, Գունատիպ Ու Պատկերազարդ, Երեւան, 2015, 248 էջ +16 էջ ներդիր:
Հեղինակին առաջնեկն է այս հատորը եւ զերծ կը մնայ, -թերեւս երիտասարդական խանդավառութիւններուն համար թոյլատրելի,- նոյնիսկ աննշան համարուող թերութիւններէ: Տպագրուած է Երեւանի «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարանէն ներս, առանց խնայելու շքեղատիպ գիրքերուն ընծայելի նիւթա-բարոյական ամէն ճիգ ու խնամք: Արդարեւ գեղարուեստական բարձրաճաշակ հրատարակութիւն մը՝ զոր հովանաւորած է Գագիկ Յարութիւնեան, կողքի (շապիկ) լուսանկարը՝ Արտօ Գաւուք, խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Լուսինէ Աւետիսեան (Բ.գ. թեկնածու), իսկ գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ Վահան Քոչար:
Նորատիպ սոյն հատորին պատրաստութիւնը արդիւնքն է Երեւանի Պետական համալսարանի արեւելագիտութեան ճիւղի ուսանող (ծն. 1994, Երեւան) Սերգէյ Մանուէլեանի անմնացորդ սէրը՝ հանդէպ «Ամենայն Հայոց սոխակ Լուսինէ Զաքարեանին», որ ինչպէս իր յառաջաբան-երկու խօսքին մէջ կը բանաձեւէ, ան «առաջին ծիծեռնակն էր, որ համարձակուեց իր մանրանկարային վառ ու անկրկնելի գունագեղութեամբ առանձնացող աստուածային ձայնով, հայ եւ օտար բեմերում հնչեցնել մեր հնաբոյր ձեռագրամատեաններում նիրհող հայ հոգեւոր երաժշտութեան սքանչելի նմուշները (շարականներ, տաղեր ու գանձեր)՝ կոչելով դրանց աշխարհիկ կեանքի: Եւ այս ամէնը աստուածամերժութեան քարոզման խիստ պայմաններում: Լուսինէ Զաքարեանը չափանիշ էր բարոյականութեան, մաքրութեան, լոյսի ու ճշմարտութեան, մարդկային առաքինութիւնների չգտնուած մի համաստեղութիւն…։ Իզուր չէ, որ դեռ կեանքի օրօք նա դարձել էր ժողովրդի պաշտամունքի առարկան, այսօր էլ յաճախ նրան անուանում են Սրբուհի, Հրեշտակ, Լոյս Լուսինէ…( տես էջ 3): Այս մէջբերումով ներկայացուցած կ՝ըլլանք երիտասարդ հեղինակին գեղարուեստական զգացողութիւնն ու հոգեկան ապրումները, իբրեւ նախաճաշակ՝ իրմէ ներս կազմաւորուող ապագայ արուեստասէր-բանասէրը:
Ահաւասիկ գիրք մը, որ վկայութիւններու ճամբով մեզի կ՝ընծայէ կենսագրական ճշգրիտ տուեալներ, որոնք կու գան սրբագրելու ժամանակի ընթացքին թոյլ տրուած անճիշդ թուականներ կամ մեզի կու տան յաւելեալ տեղեկութիւններ: Օրինակ ըստ Լուսինէին քրոջ Ելենայի յօդուածին, յետ այսու Լուսինէին ծննդեան թուականը պիտի ընդունինք 1935 թուականը փոխան 1937ի (տես էջ 9), կամ ի շարս այլոց, Ե. Պ. երաժշտանոցի փրոֆ. Սարգիս Թորոսեան կը վկայէ, թէ «Վազգէն Ա. Վեհափառը եղել է նաեւ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ ունենալով երաժշտական փայլուն կրթութիւն» ( էջ 163):
Սոյն հատորը կազմուած է հեղինակին անձնական ճիգերու արդիւնք եղող բազմաթիւ հարցազրոյցներով, յուշագրութիւններով եւայլ պրպտումներու շնորհիւ: Թիւով 78 գրութիւններ իբրեւ վկայութիւն, ստորագրուած են զանազան հեղինակներէ, որոնց մէջ կը հանդիպինք հայ երաժշտական աշխարհի եւ երգարուեստի մեծարժէք դէմքերու, արուեստագէտներու, գրական դէմքերու եւ մտաւորականներու, որոնց անուններուն ներկայութիւնը կը ճոխացնեն բովանդակութիւնը եւ կշիռ կու տան իրենց գրաւոր ելոյթներուն: Եւս առաւել հեղինակը գիրքին իբրեւ նախամուտ՝ տեղ տուած է Էդուարդաս Մեժելայտիսի «Դայլայլում է Լուսինէն» քերթուածին (հարազատ թարգմանութեամբը Վահագն Դաւթեանի, էջ 5), ինչպէս նաեւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Հոգեհանգիստ» (էջ 232) եւ Վահագն Դաւթեանի «Երգող Խաչքար» (էջ 234) զոյգ քերթուածներու:
Արդարեւ այս եւ նման գիրքեր միշտ ալ հեռու կը մնան բացարձակ կատարելութենէ: Հեղինակը մեզի կը ներկայացնէ ցարդ «անտես մնացած» մասունքները՝ մեր ժամանակակիցը եղող անմահն Լուսինէ Զաքարեանի երկրաւոր կեանքին թողած յիշատակները, եւ չունի յաւակնութիւնը ցարդ չնախաձեռնուած ու չիրագործուած ԿԱՏԱՐԵԱԼին: Սակայն հարիւրաւոր լուսանկարներու նրբաճաշակ մատուցումն ու գիրքի աւարտին տեղ գտած անձնանուններու ցանկը, վստահաբար կ՝աւելցնեն արձանագրած արժանիքը՝ լոյս ընծայումը ներկայ հատորին, գիրք մը, որ պատիւ կը բերէ հեղինակին եւ ստեղծագործական այն խումբին, որոնց հաւաքական աշխատանքին արդիւնքն է:
Բարի երթ նորընծայ երիտասարդ հեղինակին, իր նախընտրած դժուարին այս ճանապարհին: