Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Հայերէնը Աշխարհի 60 Ամէնէն Ազդեցիկ Լեզուներու Շարքին Է

Մասաչուսէցի արհեստագիտութեան հիմնարկի (MIT) մասնագէտներու բազմադիտարկող խումբը հետազօտած է, աշխարհի մօտ 1000 լեզուներու կիրառումն ու փոխադարձ կապերը` որոշելու համար անոնց ազդեցիկութեան աստիճանը, կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը:

Հետազօտութեան համար օգտագործուած են վերջին 30 տարուան մէջ աւելի քան 2,2 միլիոն գիրքերու թարգմանութեան, Ուիքիփետիայի յօդուածներու եւ հեղինակներու քանակի, Twitter-ի գրառումներու վերաբերեալ տուեալներ եւ շարք մը այլ տեղեկութիւններ:

Հայոց լեզուն 48րդ ամենաազդեցիկ լեզուն ճանչցուած է գիրքերու թարգմանութեան գծով, իսկ ըստ ազդեցիկութեան 59րդը Ուիքիփետիայի, 57րդը Twitter-ի մէջ: Ըստ հետազօտողներուն հայերէնի կրող կը համարուի 6 միլիոն մարդ, 30 տարուան մէջ հայերէնէն թարգմանուած են 1100 գիրքեր, իսկ օտար լեզուներէ հայերէն 2139:

Հետազօտութիւնը նաեւ բացայայտած է լեզուներու միջեւ կապերը` լեզուային միջավայրէ մը միւսին տեղեկատուութիւն փոխանցելու տեսակետէ: Հայերէնի համար գլխաւոր կապակցողները համարուած են ռուսերէնն ու անգլերէնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ օրինակ ֆրանսերէն կամ սպաներէն գրուած հաղորդագրութիւնը, հայալեզու միջավայրի մէջ կը յայտնուի ռուսերէն եւ անգլերէն աղբիւրներէ թարգմանութեան միջոցով:

Ինչպէս եւ կ՛ակնկալուէր, գրականութեան թարգմանութիւններու գծով ամենաազդեցիկը ճանչցուած է անգլերէնը, որուն կը յաջորդեն ֆրանսերէնը, գերմաներէնը, իտալերէնը եւ ռուսերէնը: Առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ սպաներէնը, ճափոներէնը, հոլանտերէնը, լատիներէնը եւ շուէտերէնը: Արաբերէնը 19րդն է, իսկ չինարէնը 20րդը ըստ ազդեցիկութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին