Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Թեհրանի Մէջ Կայացած Է Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ Տարիներ» Գիրքի Պարսկերէն Թարգմանութեան Շնորհանդէսը

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմնի նախաձեռնութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, 7 Նոյեմբերին Թեհրանի մէջ կայացած է՝ արեւմտահայ գրող-երգիծաբան Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» գիրքի պարսկերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ իրանահայ «Արաքս» գրական-մշակութային պարբերականը: Իրանահայ համայնքէն ներս աննախադէպ այս ձեռնարկին ներկայ եղած են՝ իրանցի եւ իրանահայ յայտնի գրականագէտներ ու գրողներ:

«Անիծեալ տարիներ» (1918—1919) յուշագրութիւններու գիրքը հրատարակուած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէն թարգմանուած է իրանահայ թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանի կողմէ:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի, միայն թէ այլ տեսքով` մշակութային եւ պատմական ժառանգութիւններու աւերումով, հայկական հետքերը մաքրելով», ըսած է ձեռնարկի բանախօս գրող, թարգմանիչ եւ լրագրող Ասատոլլահ Ամրային:

Թարգմանիչ, գրաքննադատ, գիտաշխատող եւ դասախօս Ապտոլհոսէյն Ֆարզատին նշած է, որ Օտեանի յուշերը ամբողջութեան մէջ հայութեան ապրած ցաւերն ու տանջանքներն են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անհերքելի  փաստ մըն է օսմանցիներուն դատապարտելու համար:

«Երբ  պահ մը կը մտածեմ, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ ու կէս միլիոն հայերէն  քանի մը հոգի Անդրանիկ Խեչումեանի նման մարդիկ  եղած են, մեծ ցաւ կը պատէ սիրտս: Ու շատ կը ցաւիմ, որովհետեւ միշտ կը մտածեմ, որ բոլոր հայերը Անդրանիկի նման են», ըսած է գրող, թատերագիր եւ շարժանկարի բնագիր հեղինակող Ապաս Ճահանգիրեան:

«Օսմանցիները հաւատացած էին, թէ ով որ կ’ապրի իրենց իշխանութեան ներքոյ կամ թուրք է, կամ պիտի ընդունի որ թուրք է: Եւ այսօր ալ քիւրտերու վիճակը Թուրքիոյ մէջ գրեթէ նոյնն է, ինչ որ «Անիծեալ տարիներ» գիրքին մէջ կը յիշատակէ Օտեան հայերու մասին: Այսինքն երբ կ’ըսեն Թուրքիա, նկատի ունին, որ այնտեղ ապրողները, բոլորը անխտիր, թուրք են», շնորհանդէսին ըսած է թատերագիր, թարգմանիչ եւ բեմադրիչ Ասղար Նուրին:

Ձեռնարկին ընթացքին իրաւաբան Ժոզէֆ Ամիրեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է՝ իրանահայ հասարակական գործիչ Արամայիս Միրզախանեանի կենսագրականը, որուն յիշատակին հրատարակուած էր գիրքը: Ծրագիրի աւարտին հիւրերը ստորագրած են օրուան նուիրուած յատուկ պաստառին վրայ:

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինը կեանքի կոչուած է եւ կը հովանաւորուի Թեհրանի Հայ մարզա-մշակութային «Րաֆֆի» համալիրի, Իրանահայ ազգային եւ մշակութային միութեան, Աշխարհատեսներու հայկական կեդրոնի, անկախ մտաւորականներու, «Իրանահայեր» լրատուական կայքէջի եւ «Արաքս» շաբաթաթերթի կողմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին