Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Երգահան Մարինէ Ալեսի «Ձեզանից Մէկը…» Համերգաշարը 100 LIVES Նախագիծի Ծիրէն Ներս

«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «100 կեանք» (100 LIVES) նախագիծի ծիրէն ներս մեկնարկած է՝ երգահան Մարինէ Ալեսի «Ձեզանից մէկը…» խորագիրով համերգաշարը, որ մշակոյթի միջոցով երկխօսութեան կամուրջ կը ստեղծէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներուն միջեւ:

Համերգաշարին մեկնարկը տրուած է 28 Հոկտեմբերին Կիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ, այնուհետեւ 30 Հոկտեմբերին շարունակուած է Թիֆլիսի` Կոտէ Մարջանաշվիլիի անուան ակադեմական թատրոնին մէջ եւ եզրափակուած է Ս. Փեթերզպուրկի Էրմիթաժի թատրոնին մէջ:

Ինչպէս լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է 100 LIVES նախագիծի համագործակցութեան հարցերով տնօրէն Արէն Ափիկեան, համերգաշարին նպատակը հանրութեան 100 LIVES նախագիծի եւ անոր առաքելութեան մասին եւս մէկ անգամ իրազեկելն էր:

Ան յիշեցուցած է, որ 100 LIVES նախագիծը կոչուած է երախտիքի տուրք մատուցանելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք 100 տարի առաջ հերոսական ջանքերու գինով հարիւր հազարաւոր հայեր փրկած են Ցեղասպանութենէն:

«Գրական-երաժշտական երեկոյի ձեւաչափով եւ յստակ ուղերձով այս համերգը բաւական պահանջուած էր, եւ մենք զգացուած ենք հանդիսատեսի ընդունելութենէն», նշած է Արէն Ափիկեան:

Համերգներու ընթացքին Մարինէ Ալեսի ստեղծագործութիւններու կատարումները զուգորդուած են՝ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու փրկութեան պատմութիւններով: Երգահանի յայտնի ու նոր ստեղծագործութիւնները կատարած են Ֆորշը, Դաւիթ Ամալեանը, Գէորգ Յակոբեանը, Ջանինան, Ճիւան Գասպարեան կրտսերը` «Կատանս» անսամպլի նուագակցութեամբ:

«Ասիկա Մարինէ Ալեսի հեղինակային համերգը չէր: Սա արուեստի միջոցով հանդիսատեսին հասնելու փորձ էր` ըսելու, որ մենք ձեզմէ մէկն ենք: Իւրաքանչիւրիս ընտանիքը ունի Ցեղասպանութեան մասին իր պատմութիւնը, որոնք իւրայատուկ են բայց իրարու շատ նման: Ցաւօք այսօր մարդիկ արուեստէն կը սպասեն զուարճութիւն: Մեր համերգաշարը ժողովուրդի մը վերածնունդին մասին է, որ կ՛ուզէ ոչ թէ գոյատեւել՝ այլ ապրիլ, արարել եւ ստեղծել», ըսած է Մարինէ Ալես:

Համերգաշարերու նախաձեռնող խումբը տպաւորուած է հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութենէն թէ՛ Կիւմրիի, թէ Թիֆլիսի ու թէ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ:

Կազմակերպիչները կը խոստանան, որ «Ձեզանից մէկը…» խորագիրով համերգաշարը կ’ընդլայնէ իր աշխարհագրութիւնը:

«Մենք անկասկած պիտի շարունակենք այս նախաձեռնութիւնը: Արուեստը սահմաններ չի ճանչնար: Մենք հաւատացած ենք, որ այս ձեռնարկի իրականացման կարիքը յատկապէս կայ այն երկիրներու մէջ, որոնք դեռ չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», պատասխանելով «Մետիամաքս»ի հարցումին ըսած է IDeA հիմնադրամի ղեկավար Էտկար Մանուկեան:

100 LIVES նախագիծը ու Մարինէ Ալեսը նաեւ նուէրներ յանձած են Թիֆլիսի եւ Ս. Փեթերզպուրկի հայ համայնքներու մշակութային կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ Կիւմրիի երաժշտական դպրոցի սաներուն:

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի պարի խումբին անոնք ազգային տարազներ, իսկ Ս. Փեթերզպուրկի Սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ կից մշակութային կեդրոնին դաշնամուր նուիրած են: Կիւմրիի Շերամի անուան երաժշտական դպրոցն ու քաղաքապետարանի «Անի» նուագախումբը փողային գործիքներ նուէր ստացած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին