«Զարթօնք»ի անձնակազմէն Քրիսթին Մարաշլեան ներկայ գտնուելով պարախումբի ընդհանուր փորձերէն մէկուն, հետեւեալ վկայութիւնները քաղած է պարախումբի զանազան տարիքներու պատկանող անդամներէն: Յաջորդող տողերուն մէջ կը ներկայացնենք այդ վկայութիւններէն նմոյշներ.
Սարակ Յովսէփեան
« 8 տարեկանէս ի վեր կը պարեմ՝ մօտաւոր տասը տարի է այսօր: Պարը ինծի համար շատ կարեւոր բան մըն է, որովհետեւ պարը ինծի իմ հայկական արմատներուս կապեց եւ զգացի արդտեղ, թէ հայ ըլլալը ինչ է: Պարը շատ ճոխ եւ երբեմն ալ տխուր բնոյթ ունի, սակայն ամէն մէկ պար ունի իր յատուկ զգացումը: Երբ Քոչարի պարես ինքզինքդ հպարտ կը զգաս, բայց երբ Սասնայ պարը պարենք աւելի յուզում կայ: Սակայն հիմնականին մէջ ամէն պարերը պէտք է հոգիով ու սիրտով դուրս գան: Ես համոզուած եմ, որ եթէ անձ մը հայ չըլլայ՝ չի՛ կրնար հայկական պարը պարել: Պարէն առաջ գրեթէ չէի գիտեր, թէ հայութիւնը ինչ է, բայց երբ պարելու սկսայ համոզուեցայ, որ ամէն հայ պէտք է պարել գիտնայ:
Ես պարած եմ մի քանի խումբերու մէջ եւ այս տարի նոր մուտք գործեցի ԱՐԻՆ պարախումբ: Շատ տարբեր եւ աղուոր մթնոլորտ կայ. Հայկական աւանդական պարերու կողքին արդիականացած պարը եւս կը խառնուի ու մենք կը փաստենք, որ ուրիշ տեսակ եւս կրնանք պարել: ԱՐԻՆ պարախումբը աւելի կը հաւատայ ընկալումին ու ըմբռնումին քան շարժումներուն, որ իսկական արուեստ է, որովհետեւ այստեղ կը սորվինք պարի ճամբով ժողովուրդին բան մը հասցնել ու հասկցնել: Դժբախտաբար ամէն մարդ չի հասկնար այդ մէկը, սակայն այն պարողը, որ կը գիտնայ, թէ ինչ կը փորձէ ընել՝ ալ աւելի եռանդով կը նուիրուի պարի:
ԱՐԻՆ պարախումբին մէջ ես նոր ընկերներ ունեցայ, նորութիւներ սորվեցայ եւ տարբեր շրջանակ մը ունեցայ, որ ամբողջութեամբ փոփոխութիւն մըն էր ինծի համար: Պարերը իրապէս շատ աղուոր են. սիրեցի թէ ինչպէս ուսուցիչը պարի ճամբով կը փորձէ բան մը հասկնցել ու սորվեցնել»:
Լիլա Փամպուքեան
«Կը պարեմ ԱՐԻՆ պարախումբի մեծ աղջիկներու խումբէն: Մօտաւոր 10 տարիէ ի վեր այս պարախումբի անդամ եմ, սկսելով պզտիկներէն հասնելով մինչեւ մեծերու խմբակը: Հիմա կը պատրաստուինք ամէն տարուայ պէս մեր ելոյթը ունենալու: Շատ խանդավառ ենք եւ միասնաբար իրար օգնելով կը պատրաստուինք յաջող ելոյթ տալու, ինչպէս ամէն տարի»:
Սթիւ Չաքրեան
«Ես երեք տարիէ ԱՐԻՆ պարախումբէն կը պարեմ եւ շատ կը սիրեմ: Այս տարի մենք կը պատրաստուինք, որ աղուոր պարենք Եարխուշտա եւ անցնինք առաջ»։
Սինթիա Շիրանեան
«Ես տասը տարեկան եմ: Չորս տարիէ ի վեր կը պարեմ ԱՐԻՆէն: Առաջին տարին երբ եկայ սիրեցի իրենց պարած ձեւը: Հիմա արդէն պզտիկ աղջիկներու խումբէն կը պարեմ եւ պիտի շարունակեմ պարել»։
Նաթալիա Աճէմեան
«Ես շատ կը սիրեմ այս պարախումբը: Առաջին անգամն է որ կը պարեմ. օրիորդը շատ բարի է եւ ես ամէնէն շատ պարը կը սիրեմ: Շատ սիրելի օրիորդ է եւ ամէնէն բարի օրիորդն է»։
Պօղոս Քէլէշեան
«ԱՐԻՆ պարախումբէն կը պարեմ: Ես Հալէպէն եկած եմ: Այս տարի մաս կազմեցի այս պարախումբին: Կը զգամ, որ պարը իմ հոգիիս պահանջքն է. մանկութենէս արդէն փափաքած եմ, սակայն առիթը չէ ընծայուած, բայց այստեղ այդ առիթը ունեցայ եւ մանաւանդ հայկական պարերու: Հայկական մշակոյթը եւ մանաւանդ պարը շատ կը սիրեմ եւ կ’ուզեմ պահպանել ու մնալ այդ ասպարէզին մէջ»:
Լոռի Թորոսեան
«Այս տարի հինգերորդ տարի է որ կը պարեմ: Կը սիրեմ պարել, որովհետեւ նախ հայկական պար է եւ մեր մայրենի լեզուն է հայերէնը: Իմ մեծ հայրս կը պարէ եւ ինծի քաջալերած է որ պարեմ: Հիմա արդէն ելոյթին կը պատրուաստուինք եւ իրարանցումի մէջ ենք»։
Գարլա Գրիգորեան
«ԱՐԻՆ պարախումբի միջակ աղջիկներու պարողներէն եմ: Արդէն իսկ հինգ տարիէ կը պարեմ եւ շատ կը սիրեմ ու չեմ մտածեր երբեք դուրս գալ պարախումբէն, որովհետեւ հայկական պարեր կը սորվինք: Կը պատրաստուինք պարել Նուպար-Նուպար: Շատ խանդավառ ենք եւ կը պատրաստուինք ելոյթի ու յուսամ ամէն մարդ սիրէ եւ գովէ մեզի»:
Մէյլին Ագըլեան
«ՀԵԸի պարախումբէն կը պարեմ եօթ տարիէ ի վեր: ԱՐԻՆ պարախումբէն ուզեցի պարել որովհետեւ աղուոր մթնոլորտ կար եւ շատ կազմակերպուած է, օրիորդը շատ աղուոր պարեր կը սորվեցնէ. հիմա մենք կը պատրաստուինք ելոյթ ունենալու եւ մեծ աշխատանք կը տանինք ու վստահ եմ, որ աղուոր արդիւնք պիտի տանք»: