Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

«Մեծապատիւ Մուրացկան»ները Դար Մը Ետք

*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*

Հայերուս մօտ ընդհանրապէս եւ նամանաւանդ վերջին տասնամեակին, առաւելաբար աւելի եւս յայտնի ու զգալի է այն իրողութիւնը, որ դժբախտաբար նաեւ այս օրերուս ամբողջ աշխարհը կը դիմագրաւէ. մարդիկ կը սկսին դատուիլ ու գնահատուիլ ոչ թէ իրենց  արժանիքներով եւ գործունէութեամբ, այլ անուններով ու դիրքերով:

Դարեր առաջ եւ նոյնիսկ 1800ական թուականներուն կային այդ անարդար տարբերութիւնները, սակայն յստակ ու արդար այն տարբերութեամբ, որ մարդիկ կը գնահատուէին նաեւ իրենց գործունէութեամբ: Այո աղաները, մեծահարուստներն ու «էֆէնտի»ները ամէնուրեք կը յարգուէին եւ կ’արժանանային մարդոց քաղցր վերաբերմունքին, սակայն անոնց կողքին նիւթապէս ոչ լաւ անձնաւորութիւններ՝ օրինակ  Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան եւ անոնց շարքին շատ մը գրողներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու խմբագիրներ եւս ունէին իրենց տեղն ու արժէքը հաւաքական կեանքին մէջ, որուն նուազեցումը եւ գրեթէ վերացումը կ’ապրինք  ու կը տեսնենք ներկայիս:

Աւելի քան դար մը առաջ գրուած Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը, իրապէս ալ հրաշալի մարգարէացումն է այսօրուան մեր ներկայ դրութեան: «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը, «Տժվժիկ»ը եւ անոնց նման բազմաթիւ գործեր տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը, որովհետեւ մինչեւ օրս եւ յետագային եւս՝ հազարաւոր Աբիսողոմ Աղաներ պիտի ծնունդ առնեն առանց երբեք դադար առնելու:

Իրապէս ալ հրաշալի գաղափար կ’ըլլայ՝ նուազագոյնը վերոյիշեալ երկու գործերը թարգմանել աշխարհի բոլոր լեզուներով եւ նկարահանել զանոնք, որովհետեւ անոնք Հայկական իրողութիւնը գերազանցելով համամարդկային իրականութեան կը պատկանին, քանի որ նոյն ախտը ամէն տեղ ալ կայ, աւելի նուազ կամ առաւել աստիճանաւորումներով:

Ա.- Շքանշան Վասն Ծառայութեան Թէ՞ Ոչ Դրամի

Մարդկային կեանքի մէջ ամէն մէկը ինքն իր համար ունի սեփական չափանիշերը՝ մարդու մը արժեւորումը կատարելու, որովհետեւ այդ մէկը կատարելու համար գոյութիւն ունին տարբեր մօտեցումներ:

ա.- Նիւթական հարստութիւն

բ.- Ուսման Մակարդակ

գ.- Իմացականութիւն

դ.- Արտաքին երեւոյթ

ե.- Դիրքի գրաւում

Ամէն մարդ իր մտային կարողութեան համաձայն կը կատարէ անոնց հերթականութիւնը, մէկը միւսէն առաջ կամ ետ դասելով:

– Նիւթական հարստութեան տիրանալու գաղափարը իր մէջ կ’ընդգրկէ երկու իրարմէ տարբեր իրողութիւններ՝ բախտ եւ զարգացում, որովհետեւ այս երկու տեսակներէն զատ կարելի չէ այլ ճիւղաւորումի պատկանող հարուստ մը գտնել։ Մարդ կը հարստանայ կամ բախտով՝ իրեն մնացած ժառանգներու տիրացումով եւ կամ ալ ինքնաշխատութեամբ ու զարգացումով: Մարդկային խաւ մըն ալ կայ, որ ներկայ դարուս կրցած է «գերազանցել» գիտութիւնը, մտային կարողութիւններն ու միւս բոլոր արժանիքները, աշխարհին որպէս խորագիր փոխանցելով այն դժբախտ իրողութիւնը, որ կ’ըսէ. «Դրամ ունիս՝ մարդ ես»:

– Վերը դիտմամբ իմացականութիւնը եւ ուսման մակարդակը զատ-զատ կէտերու փոխանցեցինք, որովհետեւ անոնք իրականութեան մէջ թէեւ ուսման հետ կապուած են, սակայն խորքին մէջ իրարմէ տարբեր իրողութիւններ են: Իմացականութեամբ օժտուածը իսկական իմաստունն է, որ դպրոցական կրթութենէ աւելի ի ծնէ մտային հասունացմամբ օժտուած կ’ըլլայ: Իսկ ուսման մակարդակը անպայմանօրէն իմացականութիւն չի նշանակեր, որովհետեւ այս օրերուս այնքա՜ն շատ աժանցած է համալսարանի վկայականի արժէքը, որ թէեւ փնտռուած, սակայն նոյնքան անարժէք իրողութիւն մըն է: Անարժէք՝ որովհետեւ միշտ ալ վկայական ունեցող մէկը մասնագէտ կրնայ չըլլալ իր ուսանած ճիւղին, իսկ անդին ուրիշ մը, առանց ուսումի խորապէս եւ աւելիով տեղեակ, կարող ու փորձառու կ՛ըլլայ՝ քան համալսարանի շրջանաւարտ մը:

– Արտաքին երեւոյթը որպէս ամենակարեւոր չափանիշ ընդունողները աշխարհի տկարամիտներէն կարելի է համարել, որովհետեւ պատմութիւնը փաստած է, որ տգեղ երեւոյթով անձեր՝ կարճ, կաղ, գէր, համր եւ բազմաթիւ արտաքին թերութիւններով մարդիկ, կատարած են հսկայական յեղաշրջումներ: Օրինակ առնենք արտաքինով ամէնէն «անհոգ» անձնաւորութիւններէն մէկը՝ Պարոյր Սեւակը, միշտ ցիրուցան մազերով,   մտամոլոր ու երազային, հագուստները հին ու սովորական: Տակաւին ունեցած ենք կարճ բանաստեղծներ, կաղեր եւ բազմաթիւ այլ արտաքին թերութիւններով մտաւորականներ, որոնք հակառակ այդ արտաքինին դարեր ետք նոյնիսկ կը շարունակուին յիշուիլ իրենց գործերով:

– Վերջին եւ ամենավտանգաւորներէն մէկը դիրքի գրաւումն է. անձի իմացական կարողութիւնը, արտաքինը, համալսարանական վկայականներու շարքերը, արուեստի բոլոր հմտութիւնները կրնան փոխարինուիլ նախ դրամով եւ ապա դիրքով: Առանց կարեւորութիւն տալու անոր ունեցած կարողութիւններուն, ամէն տեսակով անհատ մը կը յարգուի, եթէ այս կամ այն հաստատութեան տնօրէնը, առաջնորդը կամ պատասխանատուն ըլլայ: Բազմաթիւ արժանաւորներ ձգելով մէկ կողմ, միջնորդներու միջոցաւ այս կամ այն աթոռին տիրացողներուն թիւը շատ է մեր շրջանակներէն ներս, սակայն անոնք առաւելագոյն չափով կը յարգուին, որովհետեւ որպէս պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուողներ՝ իրենք եւս իրենց կարգին կրնան ուրիշներու միջնորդ հանդիսանալ:

Առ այդ, սիրելի ընթերցող, շուարած այս անարժէք արժէչափերէն ու իրարանցումէն, որո՞ւն տանք շքանշանը: Հարուստի՞ն, իմաստունի՞ն, վկայականներու տիրացածի՞ն, թէ ոչ դիրքերու վրայ գտնուողներուն…:

Յամենայն դէպս  պէտք է նշել, որ շքանշանները եւս կորսնցուցին իրենց արժէքն ու իմաստը… կ’արժէ միայն մէկ տարուայ պարգեւատրուողներու ցանկ մը պատրաստել ու պիտի տեսնէք, որ մենք՝ հայ ժողովուրդը տարուայ մը ընթացքին կը պարգեւատրենք աւելի քան 100 անհատներ, զանազան կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու մէջ: Անցեալին ինչքա՜ն մեծ պատիւ ու հպարտութիւն էր պարգեւատրուիլը։ Մտաւորականներ, նուիրեալ անձեր իրենց ամբողջ կեանքը կը նուիրէին՝ զոհուելու գնով նոյնիսկ, սակայն անոնցմէ շատեր այս աշխարհէն կը մեկնէին նոյնիսկ առանց պարգեւատրուելու, իսկ այս օրերուս «Ֆրանքլին»ի (հարիւր տոլարանոց թղթադրամ- «Խմբ») մի քանի մեծ տրցակներով՝ կարելի է արժանանալ զանազան շքանշաններու, նուիրուած գումարին համապատասխան զատելով շքանշանի անունն ու արժէչափը:

Անցեալին գործող մեր մտաւորականներէն շատեր՝ Օտեան, Պարոնեան, Նար-Պէյ եւ անոնց նման բազմաթիւ այլ գրողներ ու իրենց կեանքը հայութեան նուիրած անձեր, չեն ստացած շքանշաններ, սակայն պատմութիւնը փաստ է, որ անոնք աւելի՛ կ’արժեն քան ներկայի ստացողները:

Բ.- Անձը Գերադասել Թէ՞ Ոչ Գործը

Երկրորդ ամենակարեւոր կէտն է,- որ մեր մօտ գրեթէ գոյութիւն չունի,- կարենալ զանազանել անձը իր գործերէն…: Կրնանք բոլորս տուեալ անձ մը չսիրել, սակայն մեր զինք չսիրելը արդեօք պատճա՞ռ է, որ իր կատարած արդիւնաբեր գործը չգնահատենք:

Ճիշդ այդ կէտին մէջ է մեր հիմնական սխալը, որովհետեւ սովորութիւնը ունինք մարդիկը դատելու իրենց գոյնէն… ինչքա՜ն ալ ան մեծ միտքի, գիտութեան ու կարողութեան տէր ըլլայ, ինչքա՜ն մեծ աշխատանք տարած ըլլայ հայ լեզուի պահպանութեան, հայ մշակոյթի տարածման ծիրէն ներս՝ այդ մէկը երբեք կարեւորութիւն չ՛ունենար… շատ դիւրաւ կրնայ ատուիլ, որովհետեւ ինք այլ գոյնէ է, որ մեր գոյնէն չէ:

Եթէ 15 քիլօ ոսկի դրուած ըլլայ պարկի եւ կամ թիթեղէ տուփի մը մէջ, անոր տարբերութիւնը ի՞նչ է… ոսկին միշտ ալ ոսկի է եւ անոր արժէքը անփոփոխ է, սակայն մենք միշտ ալ ներքին արժէքներն ու արժանիքները ձգած՝ մեր կեդրոնացումը ուղղած ենք արտաքին տեսքերուն, հագուստներու ճոխութեան եւ մանաւանդ գոյներու տարբերութեան… մոռնալով, որ Հայը Հայ է իր Հայութեամբ եւ ոչ թէ միւս երեւոյթներով:

Բարձր դիրքեր ու աստիճաններ կը գրաւեն այնպիսի անձեր, որոնք ոչ թէ արժանի են այդ դիրքին, այլ որովհետեւ «մեծապատիւ մուրացկան»ներն են այս կամ այն մեծաւորին կամ աստիճանաւորին. մեզի կը պակսին անձեր, որպէսզի կարենանք ըսել «ճիշդ անձը ճիշդ դիրքի վրայ», որովհետեւ մեր մօտ աշխատանքի հանդէպ գնահատանքի յատկութիւնը իր մահկանացուն կնքած է:

Միշտ ալ պէտք է գիտնալ, որ այս կամ այն կուսակցութեան պատկանելիութիւնը, այս կամ այն նկարագիրի յոռի գիծը, մարդկային ամէն տեսակ թերութիւններ ու տկարութիւններ սահմանուած են հող դառնալու. մնայունը միայն գործն է եւ Հայ Ազգի ներկայ իրավիճակի բարելաւման համար, մենք երեւցող անձերէ աւելի գործողներու պէտք ունինք, որովհետեւ քծնանքով պաշտօնի հասնիլը միայն պաշտօնը ստացողին գրապաններուն ուրախութիւն կը պատճառէ, իսկ անդին գործը եւ հաւաքականութիւնը կը դիմեն տեղքայլի ու ապա յետքայլի:

Առ այդ թող բոլոր ազգային հաստատութիւնները, սկսեալ եկեղեցիէն մինչեւ ամենահամեստ կազմակերպութիւնը, անձը թող դատեն ու գնահատեն լոկ իր գործերով, որովհետեւ մենք գործողի կարիք ունինք: Եւ կը կարծեմ այդ է պատճառը, որ ներկայիս «Ազգային Գործիչ»ի երեւոյթը մահացած է, որովհետեւ անոնք մեծ մասամբ «Ազգային Անձեր» դարձած են, առանց գործելու:

Բացառութիւնները մի՛շտ յարգելի են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին