Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Հալէպ Դարձեալ Մութի Մէջ

Կիրակի, 8 Նոյեմբերի դրութեամբ՝ Հալէպ հերթականօրէն սկսաւ վառելանիւթ եւ պարեն հասնիլ։ Ջուրը հերթաբար հասանելի սկսաւ դառնալ քաղաքի համարեա՛ բոլոր թաղամասերուն, մինչ ելեկտրականութիւնը աւելի քան 16 օրէ ի վեր անհասանելի է՝ բախումներու հետեւանքով ելեկտրակայաններու վնասուած ըլլալուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ՝ նորոգող խմբակներու տուեալ կայաններ մուտքը արգիլելուն պատճառով, կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը։ Ապահովական առումով Կիրակի օր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պէնի Զէյտ շրջանէն աւելի քան 70 հրթիռներ արձակեցին Հալէպի Սեպիլ, Նիլ եւ Սըրիէն ալ Ճատիտէ պողոտաներու խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, փուլ եկան բնակարաններ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին