Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Հիմնադրման 60ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն

5 Նոյեմբերին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ,  ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 60ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը եւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 35-րդ հատորի շնորհանդէսը, այս մասին կը տեղեկացնէ Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ կապի վարչութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:  Ան մասնաւորաբար նշեց. «Մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է փաստել, որ այսօր մենք նշում ենք 60ամեակը մի հաստատութեան, որը գործելով Հայրենիքից դուրս, դարձել է հայագիտութեան ամենահեղինակաւոր եւ բարձրակարգ կեդրոններից մէկը ամբողջ աշխարհում: Որքան ուժ, եռանդ ու սէր ունէին կրթութեան ու գիտութեան հանդէպ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ մեր հայրենակիցները, որ 1955թ. Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերութեան (ԱՀԱԸ) եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանչական եկեղեցիների միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) աջակցութեամբ հիմնեցին Հայկազեան քոլեճը, որը տարէցտարի ընդլայնեց իր գործունէութիւնը եւ 1996թ. Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմից ստացաւ համալսարանի կարգավիճակ»:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ իր գործունէութեան 60 տարիներու ընթացքին, հանդիպելով բազմաթիւ խոչընդոտներու Հայկազեանը ոչ միայն չընկրկեցաւ դժուարութիւններու առջեւ, այլ աւելի զարգացաւ ու հզօրացաւ: «Եւ այսօր Համալսարանը ոչ միայն իր ուսանողներին ապահովում է անհրաժեշտ գիտելիքներով, այլեւ հայրենագիտութեան եւ հայրենասիրութեան դարբնոց է, հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի, հայ հաւատքի պահպանման եւ զարգացման կեդրոն», աւելցուց ան:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկազեան համալսարանի միջեւ ծաւալած սերտ գործակցութեան մասին` ի նպաստ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման եւ համահայկական նշանակութեան գաղափարներու շուրջ համախմբուելու: «2011թ. Սեպտեմբերին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ, Պէյրութում անցկացուել է «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր, վաղը» խորագրով գիտաժողովը, որի ընթացքում քննարկուած հարցերը ընդգրկուել են Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի եւ Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի առաջիկայ աշխատանքային ծրագրերում: Որպէս օրինակ առանձնացուեց այն, որ 2014թ. ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմից տրամադրուող գիտական թեմատիկ պատուէրների շրջանակներում, Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութիւնների կեդրոնի հետ պայմանագիր է կնքուել՝ «Լիբանանահայ համայնքի պատմութիւնը» թեմայով գիտական հետազօտութիւն պատրաստելու վերաբերեալ, որը շուտով կը դրուի ընթերցողի սեղանին: Կարծում եմ նման հետազօտութիւնը մեծ ներդրում կը լինի՝ Սփիւռքի ամենահայաշունչ համայնքի պատմութեան ամբողջացման առումով»:

Համալսարանի 60ամեայ փայլուն գործունէութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, Հայրենիքին եւ Սփիւռքին մատուցած ծառայութիւններուն, Սփիւռքի համայնքներու միջեւ եւ Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի ներդրում ունենալու համար, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին պարգեւատրեց նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով եւ զայն յանձնեց համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան անդամ, հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան` նշելով, որ անհրաժեշտ է ա՛լ աւելի սերտացնել համագործակցութիւնը հայաստանեան հայագիտական կեդրոններու, մասնաւորաբար ՀՀ ԳԱԱ ինսթիթութներուն հետ: Ե.Սուվարեան հաւաստիացուց, որ Ակադեմիոյ ինսթիթութները ունին մասնագիտական ներուժ` Հայկազեան համալսարանին մէջ անհրաժեշտ փորձի փոխանակում եւ վերապատրաստումներ իրականացնելու համար:

Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) փոխ-տնօրէն Արարատ Մալխասեան, հանդիսութեան մասնակիցներուն փոխանցեց տնօրէն Արամ Սիմոնեանի ողջոյնի խօսքը եւ Փոլ Հայտոսթեանին յանձնեց ԵՊՀ Ոսկէ յուշամետալ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատանքի եւ պարգեւներու համար` Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեան նախ շեշտեց, որ յանձինս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար  Հրանոյշ Յակոբեանին, Հայրենիքի մէջ ունին հարազատ ներկայութիւն:  «Տարիներ շարունակ նախարարութեան հետ սերտ կը գործակցինք, որուն արդիւնքով համալսարանը աւելի ներկայացուած եւ ճանաչելի  դարձած է Հայաստանի մէջ», նշեց ան: Փոլ Հայտոսթեան ներկաներուն փոխանցեց, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալը կը նուիրէ Հայկազեան համալսարանի հիմնադիր Արմենակ Հայկազեանին: Վերապատուելի դոկտորը ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի անցած ճանապարհը` նշելով, որ համալսարանը տասնամեակներ շարունակ լաւագոյնս կը ներկայացնէ հայութիւնը ողջ արաբական աշխարհի մէջ:

Փ. Հայտոսթեան Համալսարանի 60ամեակին նուիրուած յուշամետալը շնորհեց ՀՀ Սփիւռքի նախարար  Հրանոյշ Յակոբեանին եւ վստահեցուց, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի Պէյրութ եւ մասնաւորաբար Հայկազեան համալսարան պարբերական այցելութիւնները՝ մեծ լիցքեր կը հաղորդեն համալսարանականներուն:

Փոլ Հայտոսթեան յուշամետալներ յանձնեց նաեւ ՀՀ ԳԱԱին եւ ԵՊՀին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի յոբելեանական` 35րդ համարի շնորհանդէսը:

Զեկոյցով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան: Խօսելով 1970 թուականէն հրատարակուող  Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի մասին` Ա. Տագէսեան նշեց. «Հանդէսի նպատակն է քաջալերել Սփիւռքի` մասնաւորաբար լիբանանահայ մտաւորականներու գործունէութիւնը հայագիտութեան բնագաւառին մէջ, աջակցելու անոնց եւ Հայաստանի գիտնականներու համագործակցութեան: Հանդէսին մէջ լոյս կը տեսնեն հայոց պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած գիտական յօդուածներ, անտիպ փաստագրական նիւթեր ու գրախօսականներ` հայերէն, նաեւ արաբերէն ու արեւմտաեւրոպական լեզուներով: Անոր աշխատակցած են Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ օտարազգի հայագէտներ», նշեց ան:

Զեկոյցներով հանդէս եկան Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան ինսթիթութի տնօրէնի տեղակալ Կարէն Խաչատրեան:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 35րդ հատորի շնորհանդէսին նուիրուած ելոյթներով հանդէս եկան՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ինսթիթութի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեան, ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինսթիթութի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեան, պատմաբան, կինոգէտ Արծուի Բախչինեան եւ բանասէր Միհրան Մինասեան:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին